Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան | Darperag 21, Հոկտեմբեր 15, 2025
Արեւմտահայերէնի պահպանման եւ կենսունակութեան շուրջ յառաջացած մարտահրաւէրները աւելի ու աւելի հրատապ դարձած են վերջին տասնամեակին։ Յատկապէս երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 2010-ին արեւմտահայերէնը դասեց «վտանգուած» լեզուներու կարգին, սփիւռքի մէջ անոր ապագան դարձաւ գլխաւոր քննարկման նիւթ: Համայնքային առաջնորդներ, դաստիարակներ, մասնագէտներ եւ ակադեմականներ սկսան միջոցներ եւ ծրագիրներ որոնել դիմագրաւելու լեզուի անկումը:




