Վերջերջս հրապարակային քննարկման նիւթ կը դառնայ «փափուկ ուժ» (soft power) եզրը եւ անոր դերակատարութիւնը հայ իրականութեան մէջ: Փափուկ ուժի յղացքը հասկնալու համար բնականօրէն պէտք է դարձնել մետալը, ուր իշխող է «կարծր ուժ»ը (hard power). առանց մէկուն կարելի չէ հասկնալ միւսը:
«Փափուկ ուժ» եւ «կարծր ուժ» հասկացութիւններուն հեղինակը կը հանդիսանայ Հարվըրտ համալսարանի դասախօսներէն քաղաքագէտ Ժոզֆ Նայ (Joseph Nye): Իր 1980-ական թուականներէն սկսեալ առաջադրած գաղափարները բիւրեղացած են, արդէն դասական դարձած «Փափուկ ուժ. համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ յաջողութիւն» (2004) գիրքին մէջ: Նայի այս աշխատութիւնը լայնօրէն և յաճախակի օգտագործուող աղբիւր եւ յղում է, քաղաքական առաջնորդներու եւ դերակատարներու, մամուլի գործիչներու, գիտաշխատողներու եւ բազմաթիւ շահագրգիռ կողմերու համար: Երբեմն նոյնիսկ իր հիմնական պարունակէն դուրս կամ սխալ ձեւով օգտագործուած են Նայի գաղափարները:
Ըստ Նայի սահմանումին, «փափուկ ուժը» կը վերաբերի պետութիւններու կամ երկիրներու ուրիշներու վրայ ազդելու կարողութեան՝ գրաւչութեան եւ համոզումի մեթոտներու, որոնք կը ծագին երկրի մը մշակոյթէն (լայն իմաստով), քաղաքական իտէալներէն եւ քաղաքականութենէն: Մինչդեռ «կարծր ուժը» կ’ընդգրկէ պարտադրանքի, ռազմական ուժի եւ տնտեսական լծակներու օգտգործումը յատուկ նպատակներու հասնելու կամ երկրի մը նպաստաւոր արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար: Նայ կը պնդէ, որ ուժի կիրարութեան երկու ձեւերն ալ վճռորոշ են պետութեան մը արտաքին քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ «փափուկ ուժը» կը խթանէ կայուն յարաբերութիւններն ու ազդեցութիւնը, մինչդեռ «կարծր ուժը» լուծում կը բերէ կարճաժամկէտ նպատակներու բիրտ ուժի գործածութեան միջոցով:
Փափուկ ու կարծր ուժերու կիրարկման աշխարհահայեացքի այս լայն շրջագիծէն անդին՝ եթէ աւելի նեղ դիտանկիւնէ նայինք հայկական կեանքի ներքին դրսեւորումներուն, մանաւանդ իքնութեան վերաբերող մօտեցումներուն, կը տեսնենք որ «հայկական կարծր ուժ» կ’օգտագործուի յատկապէս «դասական» կառոյցներու կողմէ: Հայկական ինքնութիւնը եւ մշակոյթը կը դիտարկուին խիստ ազգայնական կամ պարտադրական (essentialist) մօտեցումով:
Տասնամեակներով, սփիւռքի «աւանդական» կառոյցները իրենց կանոնական մօտեցումները ունեցած են հայկական ինքնութեան մասին եւ ունին իրենց ձեւակերպումները եւ արդարացումները «հայու» սահմանումներուն նկատմամբ: Մէկ կողմէ կայ «կարծր ուժ»ի կիրարութիւն՝ ինքնութեան մասին ենթադրութիւններ եւ «քաղաքականապէս ճիշդ» սահմանումներ, ակնկալութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ թէ «ո՞վ է հայը»: Այս «կարծր» մօտեցումը ունի վճռորոշ չափանիշներ. օրինակ՝ հայերէն խօսիլ, հայ «արիւն» ունենալ, ազգին ու հայրենիքին հանդէպ պարտաւորութիւններ ունենալ, եւալյն:
Միւս կողմէ, 21-րդ դարուն, ինքնութեան «փափուկ ուժ»ը տարբեր դրսեւորում ունի: Նոր ինքնորոշուած եւ հաստատուած «հայկական ինքնութիւնները» կը գերակշռեն աշխարհով մէկ սփռուած յետցեղասպանութեան երրորդ եւ չորրորդ սերունդի հայկական շրջանակները: Անոնց շարքին են, օրինակ, ոչ միայն գծիկներով բաժնուած հայերը (ամերիկա-հայ, լիբանանա-հայ, ռուսա-հայ եւ այլն), այլեւ տոկոսային հայերը (կէս, քառորդ, 1/8 հայ եւ այլն) եւ վերջին տարիներուն քննարկուող «իսլամացած հայ» ինքնութեան իրականութիւնը:
Ասոր առընթեր կայ հայկական ինքնութեան պետականակեդրոն սահմանումը հայկական սփիւռքին: Օրինակ՝ Խորհրդային շրջանին, 1976-ին հրատարակուած արմատական արդի բառարանը սփիւռքը կը սահմանէ իբրեւ՝ «Սովետական Հայաստանէն դուրս գտնուող հայաբնակ վայրերու ամբողջութիւնը»: Սփիւռքի ինքնութեան սահմանումին մէջ մեծ դեր կը խաղայ հայկական պետութեան «քաղաքականութիւնը»: Խորհրդային ժամանակներէն սկսեալ եւ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, պետականակեդրոն հասկացութիւնն ու վերաբերումը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու առանցքը եղած են: Թերեւս կան արդարացի պատճառներ նման քաղաքականութեան համար, սակայն անոր մէջ առկայ է «կարծր ուժի» մօտեցումը:
Իր կարգին, Սփիւռքը ունի իր սեփական ինքնաըմբռնումը կամ ընկալումը, ուր հայկական պետականութիւնը պարտադիր իր ինքնութեան առանցքը չի կազմեր: Հոս է որ հայկական ինքնութեան տարբեր տեսակէտներու բանաձեւումը պետութեան եւ սփիւռքի միջեւ վէճերու դուռ կը բանայ:
Սփիւռքի դերը իբրեւ «փափուկ ուժ»
Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց մէջ, «կարծր ուժը» կրնայ խնդրայարոյց ըլլայ, սակայն ի՞նչ է «հայկական փափուկ ուժը» ընդհանուր առմամբ: Աշխարհը այսօր հայութիւնը ընդհանրապէս կը ճանչնայ իր մշակոյթով, գիտական միտքով եւ ստեղծագործութեամբ, առեւտուրի մարզի յաջողութիւններով եւ դրական այլ յատկանիշներով: Միջազգային մակարդակի վրայ հայերը ծանօթ են, օրինակ՝ երաժշտութեան մէջ իրենց ներդրումով, Կոմիտասով, Արամ Խաչատուրեանով, Ազնաւուրով, Սերժ Թանքեանով: Նոյնքան ճանչցուած են արուեստի եւ մշակոյթի բազմաթիւ բնագաւառներուն մէջ ստեղծագործող տասնեակ հազարաւոր հայերով: Այս մեր փափուկ ուժի կարեւոր մէկ մասն է: Գիտութեան մէջ ունեցած ենք գիտնականներ, որոնք բազմաթիւ յայտնաբերումներ կատարած են տարբեր երկիրներու մէջ: Վերջին այս քանի մը տարիներուն, օրինակ Covid-ի շրջանին, Նուպար Աֆէեանի Moderna-ն պատուաստ տրամադրեց մարդկութեան: Այս նաեւ հայկական փափուկ ուժ է: Նոյնն է business-ի աշխարհին մէջ. Ալեքս Մանուկեան, Գըրգ Գրիգորեան եւ բազմահազար ուրիշներ: Կարճ. սփիւռքի հայերը ընդհանրապէս ճանչցուած ենք իրենց փափուկ ուժով:
Սփիւռքի փափուկ ուժը սակայն, այսօր կը գտնուի աւելի անհատներու, քան աւանդական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ձեռքը: 21-րդ դարուն, որեւէ տեղ կամ երկիր ապրող հայ անհատներ կրնան իրենց փափուկ ուժը օգտագործել կամ ուղղակի կապեր հաստատել Հայաստանի հետ ցանցային միջոցներով: Անցնող տասնամեակներու ընթացքին աւանդական հաստատութիւններու միջնորդական դերը հետզհետէ նուազած է սփիւռքեան հաւաքական կեանքին մէջ: Բնականաբար, տակաւին կան լոպիիսթական խումբեր կամ կազմակերպութիւններ, սակայն ազդեցութեան աւելի մեծ ներուժը կը գտնուի անհատ հայերու մօտ: Այսուհանդերձ, այսօր առկայ է այս փափուկ ուժը համախմբելու անհրաժեշտութիւնը՝ զայն վերածելով մնայուն եւ համակարգուած կառոյցի, որ կրնայ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ եւ բովանդակալից փոփոխութիւններ ստեղծել, որովհետեւ առանց փոփոխութեան ներուժի՝ հաւաքական ուժը բաւարար չէ: Ներկայիս, հակառակ իր ունեցած միջոցներուն եւ կարողականութեան, սփիւռքը ամբողջովին չէ օգտագործած այս հաւաքական ուժը՝ մնայուն եւ հաստատութենական ազդու կառոյց մը ստեղծելու համար:
Թէեւ սփիւռքի հայկական փափուկ ուժը, այսօր կրնայ ուղղակի նպաստել Հայաստանին, սակայն, ինքնաբուխ ջանքերը կրնան երկարատեւ ազդեցութիւն չունենալ եւ յարատեւելու դժուարութիւն կրնան ունենալ առանց պատշաճ համակարգումի: Փաստօրէն, աւանդական կառոյցներները վերանայումի կը կարօտին: Ըստ մեր տասը երկիրներու մէջ կատարած Հայակական Սփիւռքի Հետազօտութեան (ADS), սփիւռքահայերուն երեք քարրորդը այսօր կապ չունի աւանդական հաստատութիւններու հետ: Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է նաեւ ստեղծումը նոր հաստատութիւններու, որոնք կրնան կենսաւորել եւ երկարատեւ նախաձեռնութիւններ կեանքի կոչել: Թէեւ անհատները կրնան գալ, աշխատիլ ու երթալ, սակայն անհատները քով-քովի բերող համակարգուած եւ կայուն կառոյց մը կրնայ երաշխաւորել հայկական փափուկ ուժի յարատեւող ազդեցութիւնը:
Անշուշտ պէտք չէ թերագնահատել աւանդական կառոյցներու կարեւորութիւնը: Յետեղեռնեան շրջանին, սփիւռքի կառոյցները վճռորոշ դեր խաղցան հայկական ինքնութեան պահապանման մէջ՝ մշակոյթի, լեզուի եւ այլ միջոցներով: Սակայն, ապագայի հեռանկարով՝ տասնամեակներ առաջ ստեղծուած այս կառոյցները չեն համապատասխաներ 21-րդ դարու պահանջներուն: Այս պատճառով է որ ձեւով մը անոնք կամաց-կամաց կը կորսնցնեն իրենց գոյութեան իմաստը, կամ՝ մարդիկ կը հեռանան անոնցմէ: Այսօր իբրեւ կարեւոր նիւթ, սփիւռքեան օրակարգի վրայ կը գտնուի նոր կառոյցներու ստեղծումը կամ եղածներուն էական վերափոխումը՝ նոր շունչով եւ ծրագրային նոր մօտեցումներով: Սփիւռքի մէջ սկսած են ի յայտ գալ նոր կառոյցներ ու կազմակերպութիւններ, ուր անհատներ ցանցեր (networks) կը կազմեն ու կ’աշխատին միասին: Սակայն, կարեւոր է անցումային կապի մը ստեղծումը արդէն գոյութիւն ունեցող եւ նոր ստեղծուող կառոյցներուն միջեւ:
Սփիւռքը դէմ յանդիման կը գտնուի նաեւ ղեկավարութեան տագնապի: Վերը նշուած ուսումնասիրութիւններուն մէջ ի յայտ կու գայ, որ տեսիլք ունեցող ղեկավարներու պակաս կայ սփիւռքեան կեանքին մէջ: Իր կարգին,փափուկ ուժը, իր անհատական հունաւորումով հանդերձ, կը դիմագրաւէ գործնական դժուարութիւններ, ինչպէս հեռաւորութիւնները եւ ժամանակը, նաեւ՝ հասարակական յարափոփոխ կեանքը: Ժամանակի սղութիւնը եւ հսկայ տարածքներով սփռուած ըլլալու իրականութիւնը նկատի առնելով, մարդիկ առաջնահերթութիւն կու տան որակաւոր եւ ազդեցիկ աշխատանքներու, միջոցառումներու կամ ձեռնարկութիւններու, որ բնականաբար կ’ազդէ աւանդական կառոյցներու հետ անոնց ներգրաւուածութեան վրայ: Տակաւին, համաշխարհային փոփոխութիւնները, ինչպէս արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը եւ զուգահեռ զարգացող եսակեդրոնութիւնը, մեծ ազդեցութիւն ունին սփիւռքեան կեանքին վրայ: Այս բոլորը ազդեցութիւն ունին եւ պէտք է հաշուի առնուին նոր կառոյցներ ձեւաւորելու կամ գոյութիւն ունեցողները բարեփոխելու գործընթացին մէջ:
Կրնայ հարց տրուիլ, թէ այս փափուկ ուժը որքանո՞վ արդիւնաւէտ ու ազդու կրնայ ըլլալ, երբ օրինակ Հայաստան զինուորական յարձակումի մը կամ պատերազմի վտանգին տակ գտնուի: Ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքի փափուկ ուժը արագօրէն զօրաշարժի ենթարկել: Պէտք է ի մտի ունենալ, որ փափուկ ուժը վիճակ մը չէ, որ կարելի է անմիջապէս զօրաշարժի ենթարկել ճգնաժամի մը ժամանակ: Փափուկ ուժը կը պայմնաւորէ նախօրոք ծրագրում եւ հետեւողականութիւն, որովհետեւ կ’ընդգրկէ մշակութային, գիտական, առեւտրական եւ համոզիչ այլ լծակներու օգտագործումը ազդեցութիւն բանեցնելու եւ հանրային կարծիք ձեւաւորելու համար: Փափուկ ուժը արդիւնաւէտ կերպով զօրաշարժի ենթարկելու համար պետութիւնն ու սփիւռքեան կառոյցները պէտք է ժամանակ եւ ջանք ի գործ դնեն մշակութային մեր ժառանգութիւնը, գիտական նուաճումները եւ առեւտրական ներդրումը միջազգային հանրութեան ցոյց տալու եւ անոր սեփականութիւնը դարձնելու համար: Փափուկ ուժի ամուր հիմերը կառուցելով՝ պետութիւն ու հաստատութիւններ դրական դիմագիծ մը կրնան ստեղծել, որ կ’արձագանգէ եւ կ’արդիւնաւորուի ճգնաժամի մը ստեղծումէն առաջ` ներգործելով հանրային կարծիքին վրայ եւ աջակցութիւն ակնկալելով: Արդիւնաւէտ գործի գետինը պէտք է պատրաստ ըլլայ ճգնաժամէն շատ առաջ: Մտածուած, լուրջ եւ ծրագրուած ջանքերը էական են փափուկ ուժի արդիւնաւէտ օգտագործման եւ անհատական կապերէն դուրս, աւելի լայն ծաւալով ազդեցութիւն ունենալու համար:
Փափուկ ուժի կիրարութեան գործընթացը պէտք է ունենայ յստակ պատասխանատուութիւն, նպատակ ու գործունէութեան ծրագիր: Օրինակ` Խորհրդային Հայաստանի մշակութային կապերը սփիւռքի հետ: Խորհրդային Հայաստանէն Լիբանան, Սուրիա եւ սփիւռքեան այլ համայնքներ կ’այցելէին բազմաթիւ երգիչներ, պարախումբեր, թատերախումբեր, բանաստեղծներ, գրողներ ու մշակոյթային գործիչներ: Մեծ ոգեւորութիւն կը յառաջացնէին համայնքայքներու կեանքին մէջ: Նաեւ, Խորհրդային Հայաստանը կը հրատարակէր արեւմտահայերէն գիրքեր եւ զանոնք կ’ուղարկէր սփիւռքի դպրոցներ: Ուստի, երբ ունիս ծրագիր եւ քու արտաքին քաղաքականութեան կամ որեւէ քաղաքականութեան մէջ կը կարեւորես տուեալ գործօնը, ապա զայն պէտք է ընդգրկես քու քաղաքական կամ պետական օրակարգին վրայ: Երկրորդ կարեւոր խնդիրը զայն իրականացնելու միջոցներն ու յարմար մարդուժը գտնելն է, եւ փորձը ցոյց կու տայ, որ նման մօտեցումներն արդիւնք կու տան:
Այսօր, երբ կը քննարկենք հայկական փափուկ ուժի իրավիճակը կամ Հայաստանի յարաբերութիւնները սփիւռքի հետ, սկսելով մշակոյթէն, ակնյայտ կը դառնայ, որ վերջին երեսուն տարիներուն որեւէ լուրջ աշխատանք չէ կատարուած: Իրականութիւնը այն է, որ Հայաստանի պետութիւնը չէ կրցած իր «փափուկ ուժ»ը դրսեւորել եւ կիրարել սփիւռքի մէջ: Սփիւռքն ալ իր հերթին չէ կրցած լրիւ իմաստով իր «փափուկ ուժ»ը օգտագործել իր իսկ հաւաքական կամ համայնքային կարիքներուն համար:
Նիւթական սահմանափակ միջոցներու իրողութիւնը եւ մեր «փոքր ազգ» ըլլալու հանգամանքը մատնանշողներու թիւը շատ է: Բիւր մարտահրաւէրներ վստահաբար կան, հարցը առաջնահերթութիւններու մասին է: Հայաստանի պետութեան համար, սփիւռքի փափուկ ուժի օգտագործումը որքանո՞վ կարեւոր է կամ ռազմավարական ի՞նչ արժէք ունի: Եթէ ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է, ուրեմն պէտք է առաջնահերթութիւն տալ համապարփակ ծրագիրի մը մշակումին եւ ըստ այնմ անդրադառնալ միջոցներու ստեղծման հարցին: Ծրագրումէն առաջ նիւթականի մասին խօսիլը կը խափանէ փոփոխութեան որեւէ նախաձեռնութիւն: Հետեւաբար, կարեւոր է կեդրոնանալ հայեցակարգումին եւ ծրագրումին վրայ՝ իբրեւ նախպայման:
_______
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան, ընկերաբան, սփիւռքագետ, Օքսֆորտ համալսարանի Ասիական եւ Մերձաւոր արեւելիքի ուսմանց ամպիոնի դասախօս եւ «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» ծրագրի ղեկավար: Համալսարանական ուսումը Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս եւ Լոնտոն ստացած է, իսկ Ընկերաբանական Գիտութիւններու (sociology) դոկտորական կոչումը Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան ու Քաղաքագիտութեան համալսարանէն (London School of Economics): Տասը տարի պաշտօնավարած է Գեմպրիճ համալսարանի մէջ եւ 2012-էն ի վեր Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս է: Ունի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ (www.hratch.info): Իր վերջին հրատարակութիւններէն են՝ «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ»ի 2019, 2021 եւ 2022 թուականներու տասը երկիրներու մէջ կատարուած դաշտային աշխատանքներու արդիւնքները, եւ վերջերս լոյս տեսած` “Reverse Engineering: A State-Created “Albanian Apostolic Church” in Caucasian Albania. An International Handbook (eds., Jost Gippert and Jasmine Dum-Tragut), De Gruyter Mouton, 2023, եւ “Armenian Communities in the Middle East: Losing the Past in the Future?” in From Pluralism to Extinction?: Perspectives and Challenges for Christians in the Middle East (ed. Sotiris Roussos), London: Transnational Press, 2023 (Տես` «Գիրքերու հետ»):