Դոկտ Հրաչ Չիլինկիրեանի գրչին պատկանող սոյն յօդուածը անգլերէնով լոյս տեսած է EVN Report կայքէջին մէջ: Զայն կու տանք թարգմանաբար:
Հրաչ Չիլինկիրեան
Ազրպէյճանի պետութիւնը համակարգուած ջանքեր ի գործ կը դնէ բարելաւելու իր միջազգային դիմագիծը 2020-ին տեղի ունեցած Արցախի երկրորդ պատերազմէն, եւ մասնաւորաբար՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին կողմէ հետագային կազմակերպուած հայերու էթնիք զտումէն ետք: Պաքու հարիւրաւոր միլիոններ կը ծախսէ եւ հսկայական միջոցներ կը սպառէ ինքզինք ներկայացնելու իբրեւ արդիական, կենսուանակ եւ ազդեցիկ պետութիւն մը, ինչպէս կ’արտացոլայ նախագահ Ալիեւի «Ազրպէյճան 2030. Ազգային առաջնահերթութիւններ ի խնդիր ընկերային-տնտեսական զարգացման»:
Ինչպէս Եորտի Սուքլա կը գրէ իր վերջերս հրատարակած յօդուածին մէջ.
«Կանաչ տնտեսութիւնը, վերանորոգուող ուժանիւթը, տարածաշրջանին մէջ մնացած հակահետեւակային ականներու մաքրագործումի միջազգային համագործակցութիւնը եւ գերարդիական գիւղերու կառուցումը կը հանդիսանան այն տարրերը, որոնց միջոցով կառավարութիւնը կը միտի Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային դիմագիծը ներկայացնելու: Ենթակառոյցներու շինութիւնը եւ հակահետեւակային ականներու մաքրագործումը հիմքը կը հանդիսանան հակամարտութեան հետեւանքով [ազրպէյճանցի] տեղահանուածներու «մեծ վերադարձի» իրականացման…Ազրպէյճան որոշուած էր իբրեւ 2024 թուականի Նոյեմբերին COP29-ի կազմակերպիչ երկիրը: Անիկա կը հետեւի Նորվեկիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կամ Սէուտական Արաբիոյ նման երկիրներու, որոնք իրենց դերը որպէս հանածոյ վառելանիւթի հիմնական արտադրողներ կը հաւասարակշռեն վերանորոգուող ուժանիւթի արտադրութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան նախաձեռնութիւններու մէջ առաջնորդելու ջանքերով»:
Միջազգային դիմագիծ կերտելու Պաքուի ջանքերը, որոնք մեծապէս հիմնուած են Հայաստանի եւ հայերու հետեւողական սատանայականացման վրայ, կ’ընդգրկեն մշակութային դիւանագիտութիւնը, տնտեսական վաճառանիշի ստեղծումը (branding), մարզական նախաձեռնութիւններ եւ ռազմավարական բնոյթի հասարակական յարաբերութիւններ: Այս նախաձեռնութիւնները կը միտին ձեւաւորելու ընկալումներ եւ հաստատելու Ազրպէյճանի դերը թէ՛ շրջանին մէջ եւ թէ՛ համաշխարհային գետնի վրայ: Թէեւ Ազրպէյճանի բազմաբեւեռ եւ բազմակողմանի քաղաքականութիւնը զգալի արդիւնքներ տուած է, սակայն անոնց արդիւնաւէտութիւնը հիմնական խոչընդոտներ եւ յամեցող մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն:
Մշակութային դիւանագիտութիւն
Ազրպէյճան իր մշակութային ժառանգութիւնը կ’օգտագործէ որպէս հիմնաքար իր փափուկ ուժին՝ ինքզինք ներկայացնելով որպէս քաղաքակրթութիւններու կամուրջ մը՝ Եւրոպայի եւ Ասիոյ խաչմերուկին վրայ: Այս ջանքերուն մէջ առանցքային տեղ կը գրաւեն մշակութային փառատօները եւ ձեռնարկները, որոնք կը նշեն «ազրպէյճանական աւանդոյթներ»: Ուշագրաւ օրինակներ են Պաքուի Ճազի եւ Մուղամի երաժշտութեան փառատօները, որոնք կը շեշտեն երկրին երաժշտական ժառանգութիւնը: Բաց աստի, գորգագործութեան նման աւանդական արհեստները եւ մուղամի երաժշտութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի կողմէ ճանչցուած են համաշխարհային աննիւթեղէն մշակութային ժառանգութեան մէկ մասը:
Ազրպէյճանի մշակութային դիւանագիտութեան կեդրոնական թեման հիմնուած է «բազմամշակութայնութեան» շեշտադրումին վրայ։ Ան ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ կրօնական եւ մշակութային հանդուրժողականութեան երկիր մը՝ ընդգծելով իսլամութեան, քրիստոնէութեան եւ մովսիսականութեան ենթադրեալ ներդաշնակ համակեցութիւնը։ Այս մօտեցումը կը միտի ներգրաւելու համաշխարհային շահագրգիռ կողմերը, որոնք ներդաշնակութեան օրինակներ կը փնտռեն բաժնուած այս աշխարհին մէջ։
Ազրպէյճանի մասին տեղեկագրի մը մէջ, «Forum 18»-ը՝ մտքի, խղճի եւ կրօնի ազատութեան նորվեկիական-դանիական-շուէտական հասարակական կազմակերպութիւնը, կ’ընդգծէ կրօնի շարունակուող շահագործումը պետական գործերուն մէջ.
«[Ազրպէյճանի] իշխանութիւնները, իրենց կողմէ ազդուած կամ կաշառուած օտար կողմնակիցներու եւ կրօնական առաջնորդներու միջոցով, «հանդուրժողութեան», «երկխօսութեան», «բազմամշակութայնութեան» եւ նմանատիպ հասկացողութիւններու պնդումներով կը փորձեն հերքել վարչակարգին կողմէ մարդկային իրաւունքներու լուրջ խախտումներու իրողութիւնը։ Օրինակ՝ կրօնական առաջնորդներու պատուիրակութիւնները կը գործածուին քարոզչական նպատակներով, երբ վարչակարգը միջազգային առեւտրական համաձայնագիրներու կը ձգտի»։
«Ղարաբաղի յաղթանակէն» ետք, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը աշխուժացուց իր ջանքերը՝ երկիրը ներկայացնելու իբրեւ բազմամշակութայնութեան եւ կրօնական հանդուրժողութեան կեդրոն մը։ 25 Նոյեմբեր 2020-ին, ժողովրդին ուղղուած իր ճառին մէջ, նախագահ Ալիեւ հպարտութեամբ յայտարարեց. «Ազրպէյճանի բազմամշակութայնութեան եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու քաղաքականութիւնը կը գովաբանեն ամբողջ աշխարհը եւ աշխարհի ղեկավարները»։ Սակայն, այս երկարատեւ եւ լայնածաւալ արշաւը զգալի վնաս կը հասցնէ նոյնիքն ազգային եւ կրօնական այն համայնքներուն, զորս կը յաւակնի աջակցիլ եւ պաշտպանել: Ազրպէյճանի Կրօնական կազմակերպութիւններու հետ աշխատանքի պետական յանձնաժողովը այժմ կը վերահսկէ իսլամական կրթական բոլոր հաստատութիւնները, կը գրաքննէ բոլոր դաւանանքներու կրօնական գիրքերը եւ կ՛որոշէ թույլատրել թէ ոչ պաշտամունքի վայրերու կառուցումը կամ վերանորոգութիւնը»։
Մարզական դիւանագիտութիւն
Ազրպէյճան զգալի ներդրումներ կատարած է սփորի մարզին մէջ՝ իր համաշխարհային ներկայութիւնը խթանելու համար։ Որպէս կեդրոնական ռազմավարութիւն, երկիրը որդեգրած է սփորի միջազգային մեծածաւալ իրադարձութիւներու հիւրընկալութիւնը։ 2015 թուականին՝ Եւրոպական խաղերը, 2016 էն ի վեր կազմակերպելով Պաքուի Formula 1-ի Ազրպէյճանի «կրան-փրի»ն եւ ըմբշամարտի ու ձիարշաւի աշխարհի ախոյեաննութիւններ կազմակերպդլով, Ազրպէյճան ապացուցած է, որ կրնայ բարձր մակարդակի մրցումներ կազմակերպել:
Բացի ատկէ, Ազրպէյճանցի մարզիկները մասնակցած են ըմբշամարտի, բռնցքամարտի եւ ձիարշաւի՝ մարզաձեւեր, որոնք վերածուած են ազգային հպարտութեան խորհրդանիշերու։ Մարզական արդիական հաստատութիւններու կառուցումը, ներառեալ՝ Պաքուի Օղիմպիական մարզադաշտը, որ ծանօթ է որպէս «ճարտարապետութեան խորհրդանիշ» մը, կը փաստէ Ազրպէյճանի յանձնառութիւնը՝ ինքզինք ներկայացնելու իբրեւ արդի եւ մրցունակ երկիր մը։
Տնտեսական վաճառանիշի ստեղծումը (branding)
Ազրպէյճանի տնտեսական ինքնութեան ստեղծումը (branding) կեդրոնացած է իբրեւ ուժանիւթի գլխաւոր արտադրող երկիր մը իր դերին եւ տնտեսական այլազանութիւն յառաջացնելու ջանքերուն վրայ։ Երկիրը առնցքային դեր ունի Եւրոպայի ուժանիւթի ապահովութեան մէջ՝ ենթակառոյցներու մեծ ու կարեւոր ծրագիրներու, ինչպէս՝ Հարաւային կազատար միջանցքը եւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճեյհան (BTC) խողովակը, որոնք բնական կազ եւ նաւթ կը մատակարարեն համաշխարհային շուկաներու։
Ուժանիւթի մարզէն զատ, Ազրպէյճան կը ձգտի ինքզինք հաստատելու իբրեւ առեւտուրի, փոխադրութեան, պահեստավորում եւ զբօսաշրջութեան կեդրոն մը։ Իր «ռազմավարական դիրքը» պատմական Մետաքսի ճամբուն վրայ կը ներկայացուի որպէս առեւտուրի դարպաս մը Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ։ «Ազրպէյճան. անգամ մըն ալ տե՛ս» քարոզարշաւներուն միջոցով երկիրը լուսարձակի տակ կ’առնէ իր բնական գեղեցկութիւնը, պատմական վայրերը եւ ժամանակակից ճարտարապետութիւնը՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով իբրեւ զբօսաշրջային ներուժին վրայ։
Դիւանագիտական յանձնառութիւն
Ազրպէյճանի դիւանագիտական ջանքերը ուղղուած են միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ երկրին ազդեցութեան ամրապնդման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման։ Որպէս անդամ Ոչ-յանձնառու երկիրներու շարժումին, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան (OIC) եւ Ժողովրդավարութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման GUAM կազմակերպութեան (որուն նախագահութիւնը Պաքու ստանձնած է 2024-ին), Ազրպէյճան կը միտի հիմնական դեր խաղալու տարածաշրջանային եւ համաշխարհային քաղաքականութիւններուն մէջ՝ հետեւողականօրէն օգտագործելով հակահայ հռետորաբանութիւն եւ լոպիինկ կատարելով Հայաստանի դէմ։ 2023 Դեկտեմբերին, Ազրպէյճան ծաւալեց իր միջազգային ներկայութիւնը՝ միանալով Զարգացող ութնեակ (D-8) կազմակերպութեան որպէս իններորդ անդամը, Գահիրէի մէջ կայացած ժողովին ընթացքին։
Պաքու ինքզինք կը ներկայացնէ որպես «կայունացնող ուժ» մը Հարաւային Կովկասի մէջ, յատկապէս 2020 թուականի Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմէն յետոյ: Մինչ հակամարտութեան արդիւնքը ամրապնդեց ազգային հպարտութեան զգացումը Ազրպէյճանի մէջ, միջազգային հանրային կարծիքը կը մնայ կիսուած երկրին շրջանային դերակատարութեան նկատմամբ:
Ազգային վաճառանիշի ձեւաւորում խորհրդանշական կառոյցներով
Ազրպէյճան իր մայրաքաղաքը վերածած է «յառաջադիմութեան եւ արդիականութեան խորհրդանիշի»։ Պաքուի քաղաքային վերակառուցման մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն խորհրդանշական կառոյցներ, ինչպէս՝ Հայտար Ալիեւի անուան կեդրոնը, զոր նախագծած է համաշխարհային համբաւ վայելող իրաքաբրիտանացի ճարտարապետ Զահա Հատիտ, եւ «Բոցի աշտարակները», որոնք կը խորհրդանշեն Ազրպէյճանի ձգտումները։
Ճարտարապետական այս գերկառոյցները ռազմավարականօրէն կ’օգտագործուին համաշխարհային զբօսաշրջիկներ ներգրաւելու։ Դիւանագիտական յարաբերութիւններու մէջ իր իսլամական յատկանիշերը ընդգծելով հանդերձ, Ազրպէյճան «Հուրի երկիր» կարգախօսով կը կարեւորէ իր պատմական կապը զրադաշտականութեան հետ եւ իր բնութեան հրաշալիքները, ներառեալ՝ ցեխի հրաբուխները եւ Եանար Տաղի այրող լեռը։ Պետութեան պատկանող կայքէջ մը երկիրը կը նկարագրէ որպէս «հրաշագործ երկիր Ազրպէյճանը՝ իր բնական անսահման հարստութեամբ, դարաւոր մշակոյթով, պատմութեամբ եւ հին ժողովուրդով, որուն ապրելակերպը բացառիկ եւ ներդաշնակ համադրութիւն մըն է տարբեր մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու աւանդոյթներուն եւ ծէսերուն»:
Հանրային կապեր եւ մամլոյ արշաւ
Վերջապէս, Ազրպէյճան գործնապէս կը համագործակցի միջազգային լրատուամիջոցներու եւ ազրպէյճանական ու թրքական սփիւռքի համայնքներուն հետ՝ նպաստաւոր լուրեր տարածելու նպատակով։ Միջազգային լրատուամիջոցներու ճամբով, ան կը ներկայացնէ երկիրին մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական նուաճումները՝ միաժամանակ զօրաշարժի ենթարկելով սփիւռքեան համայնքները՝ արտաքին աշխարհին մէջ ազգային շահերը պաշտպանելու միտումով։ Ինչպէս Պաքուի Պետական Համալսարանի շրջանաւարտներէն՝ Սերկէյ Ռումեանցեւ կը գրէ. «Ազրպէյճանի իշխող Ալիեւեան վարչակարգին համար, սփիւռքը հոմանիշ է արտերկրի քաղաքական լոպպիին»։
Վերջին տարիներուն, միջազգային լրատուամիջոցները լայնօրէն անդրադարձած են մարդկային իրաւանց խախտումներուն, մամուլի սահմանափակումներուն, լրագրողներու ձերբակալութիւններուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կաշառակերութեան։ Օրինակ, The Guardian-ը խիստ յօդուած մը հրապարակեց 20 Դեկտեմբեր 2024-ին՝ անդրադառնալով Բրիտանական Լորտերու Պալատի անդամներուն։ Յօդուածը կը նշէ.
«Լորտերու կողմէ Ազրպէյճանի ուղղուած հանրային աջակցութեան դրսեւորումները այս տարի աւելի մեծ թափ ստացան՝ երկրին մէջ Cop29 գագաթաժողովին նախորդող ամիսներուն։ Քանի մը լորտեր վերջերս ընդունած են վճարովի ճամբորդութիւններ կատարել՝ ընտրութիւններուն ժամանակ դիտորդի դեր ստանձնելու վիճայարոյց Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի մէջ՝ այն տարածքը, որուն կառավարութիւնը նախորդ տարի տապալեցաւ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակման ընթացքին»։ Լորտերէն մէկուն որդին՝ «իր հօրը համար Լորտերու Պալատին մէջ հետազօտողի դեր ստանձնելով, երեք ամիսով վճարովի աշխատանք ստանձնած է Socar-ի առեւտրական բաժնին մէջ, որպէս յարատեւականութեան փորձնակ, Ժընեւի մէջ՝ Յունուար-Մարտ 2023-ի միջեւ»:
Մարտահրաւէրներ՝ Ազրպէյճանի միջազգային դիմագիծին
Ի հեճուկս ծաւալուն եւ ծախսալից ջանքերուն, Ազրպէյճան դէմ յանդիման կը գտնուի յատկանշական մարտահրաւէրներու իր դիմագիծի ձեւաւորման արշաւին մէջ, յատկապէս մարդկային իրաւունքներու, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ երկրին մենատիրական դրութեան նկատմամբ:
Միջազգային կազմակերպութիւններ մտահոգութիւն կը յայտնեն Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական այլախոհութեան, մամլոյ ազատութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան գործունէութեան ճնշումներուն շուրջ։ Այս խնդիրները կը վնասեն երկրին հեղինակութեան, յատկապէս Արեւմուտքի ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 11 Դեկտեմբերին (2024) հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ կը նշէ. «Մենք Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը հրաւիրենք ազատ արձակելու բոլոր անոնք, որոնք անարդարօրէն ձերբակալուած են՝ ի պաշտպանութիւն մարդկային իրաւունքներու, դադրեցնելու քաղաքացիական հասարակութեան դէմ ճնշումները, յարգելու մարդկային բոլոր իրաւունքներն ու հիմնական ազատութիւնները եւ կատարելու բոլոր պարտաւորութիւնները, զորս ստանձնեց երբ անդամակցեցաւ Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ)»:
Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին մէջ զինուորական յաղթանակը ամրապնդեց Ազրպէյճանի գերիշխանութեան պահանջները։ Սակայն տարածքային ոտնձգութիւնները եւ Հայաստանի հետ շարունակուող լարուածութիւնները՝ ռազմական հաւանական թշնամանքի զուգահեռ, կը շարունակեն բացասաբար ազդել անոր միջազգային հեղինակութեան վրայ:
Ալիեւի վարչակարգին խիստ վերահսկողութիւնը քաղաքականութեան վրայ եւ սահմանափակ ժողովրդավարական գործելաոճը քննադատութեան առարկան դարձած են միջազգային դիտորդներու՝ խզում մը ստեղծելով դիմագիծ բարելաւելու անոր նախաձեռնութիւններուն եւ երկրին նկատմամբ համաշխարհային ընկալումներուն միջեւ:
Վերջապէս, Ազրպէյճանի դիմագիծ եւ ինքնութիւն ստեղծելու ջանքերուն մէջ առկայ հայատեաց տարրերը կ’ընդգրկեն Ազրպէյճանի «ազգային» քրիստոնէական եկեղեցի մը ստեղծելու՝ այսպէս կոչուած «Աղուանական Առաքելական Եկեղեցի»ի ձեւաւորումը՝ Արցախի եւ շրջանին մէջ հայերու դարաւոր ներկայութիւնը մերժելու եւ ապօրինականացնելու նպատակով։ Իսլամական մեծամասնութիւն ունեցող պետութեան մը կողմէ, պետական մակարդակով քրիստոնէական եկեղեցի ստեղծելը աննախադէպ երեւոյթ է 21-րդ դարուն մէջ։ Սակայն, ինչպէս նախագահ Ալիեւ ինք կը նշէ, «քարոզչական դիտանկիւնէ» Ազրպէյճան անհրաժեշտ չի նկատեր պաշտպանելու կամ արդարացնելու իր նպատակները։
Ազրպէյճանի կողմէ հայերու դէմ կատարուած սատանայականացման արշաւը կը ներառէ փաստերու մերժում, պատմական եւ նիւթեղէն ապացոյցներու ջնջում եւ պատմութեան վերաշարադրում։ Այս մօտեցումը, որ մաս կը կազմէ աւելի լայն «քաղաքական յարձակման» ռազմավարութեան, նպատակ ունի ամրապնդելու ազրպէյճանական ազգային ինքնութիւնը եւ աջակցելու պետութեան ազգակերտման ջանքերուն։ Ինչպէս այլ տեղ նշած եմ, այս ռազմավարութիւնը կը գործադրուի երկու հիմնական ուղղութիւններով. նախ՝ յառաջ մղելով այն վարկածը, թէ Ազրպէյճանի հանրապետութիւնը եւ անոր ժողովուրդը դարաւոր արմատներ ունին Կովկասի մէջ՝ պետական հովանաւորութեամբ «գիտական հետազօտութիւններու» եւ «մշակոյթի», «բազմամշակութայնութեան» ու «կրօնական հանդուրժողականութեան» նուիրուած հիմնարկներու ստեղծման միջոցով, երկրորդ՝ հայերը «թշնամի» ներկայացնելով՝ զանոնք պիտակելով որպէս «ֆաշիսթ», «ատելավառ» եւ «զզուելի» մարդիկ, որոնք դարեր շարունակ իբրեւ թէ գողցած են Ազրպէյճանի «ազգային ժառանգութիւնը»։
(Թարգմանեց՝ Վարուժ Թէնպէլեան)
Բնագիրը կարելի է կարդալ սոյն յղումով https://evnreport.com/opinion/azerbaijans-international-image-making/