Տիկին Արեւ Մուտեանի Վիճակը

Darperag21 logo       Hairenik weekly        Massis   

Տիկին Արեւ Մուտեանի Վիճակը․ կը ճանչնա՞ք զինք

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան  | Darperag 21, Հոկտեմբեր 15, 2025

Արեւմտահայերէնի պահպանման եւ կենսունակութեան շուրջ յառաջացած մարտահրաւէրները աւելի ու աւելի հրատապ դարձած են վերջին տասնամեակին։ Յատկապէս երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 2010-ին արեւմտահայերէնը դասեց «վտանգուած» լեզուներու կարգին, սփիւռքի մէջ անոր ապագան դարձաւ գլխաւոր քննարկման նիւթ: Համայնքային առաջնորդներ, դաստիարակներ, մասնագէտներ եւ ակադեմականներ սկսան միջոցներ եւ ծրագիրներ որոնել  դիմագրաւելու լեզուի անկումը:

Անշուշտ, այս խնդիրը միայն լեզուի կորուստի մասին չէ․ ան մաս կը կազմէ աւելի խորքային առաջադրանքի մը՝ կապուած ինքնութեան պահպանման հրամայականին՝ համաշխարհայնացման, գաղթի եւ ձուլման ճնշումներուն տակ, որոնք շարունակ կը ձեւաւորեն Սփիւռքի հայ իրականութիւնը։

Արեւմտահայերէն խօսողներու նուազող թիւէն բացի, քանի մը այլ գործօններ եւս կը նպաստեն անոր աստիճանական անկման։ Օրինակ՝ հայերէնը սկսած է դադրիլ վարչական գործունէութեան լեզուն ըլլալէ սփիւռքեան բազմաթիւ կազմակերպութիւններու համար:  Նոյնիսկ՝ Լիբանանի մէջ, շատ անգամ ձեռնարկներու յայտարարութիւնը անգլերէն լեզուով կը սփռուի հանրութեան: Շատ տեղեր արեւմտահայերէնը խորհրդանշական դարձած է, որովհետեւ սփիւռքեան բազմաթիւ կազմակերպութիւններ կը գործեն երկլեզու ձեւով։ Միեւնոյն ատեն, Արեւմտահայերէն թերթերն ու մամուլը՝ որոնք երկար ատեն սփիւռքի մէջ լեզուական կենսունակութեան հիմնասիւններէն եղած են, օրէ օր կը տկարանան։ Օրաթերթերը ընթերցողներ կը կորսնցնեն, կը տառապին ֆինանսական սահմանափակումներէ եւ բովանդակութիւն արտադրելու հսկայական մարտահրաւէրներէ։ Այսօր, ամբողջ Սփիւռքի մէջ միայն փոքր թիւով Արեւմտահայերէն օրաթերթ եւ շաբաթաթերթ կը շարունակեն հրատարակուիլ, մեծ մասամբ թուային եւ հազուագիւտ տպուած տարբերակով։

Արեւմտահայերէնի այժմու վիճակը եւ «լուծումներու» մօտեցումները պատկերացնելու համար, փորձենք երեւակայել Տիկին Արեւ Մուտեան մը՝ ժամանակին շողուն ու վառ կին մը, որուն զաւակները անվերջ կը վիճին, թէ ինչպէս կրնան խնամել զինք։ Կան տարբեր խումբեր, որոնք կը հոգան կամ մտահոգ են անոր ճակատագրով։

  1. Մաքրակրօնները («Purist-ները»)

Առաջին խումբը կը կազմեն մաքրակրօնները՝ արեւմտահայերէնի ինքնակոչ պաշտպանները, մարտիկներն ու ոստիկանները: Այս մտաւորականները մեծ մասամբ Միջին Արեւելքի սփիւռքեան միջավայրին մէջ թրծուած են։ Անոնք կը տեսնեն իրենց առաքելութիւնը որպէս «սուրբ պարտաւորութիւն» մը՝ պաշտպանելու եւ պահպանելու լեզուն «արեան մինչեւ վերջին կաթիլը»։

Այս խումբին համար Տիկին Արեւին վիճակը չափազանց ծանր է։ Ան կը գտնուի հիւանդանոցի յատուկ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, շնչառական խողովակի մը միացուած, գրեթէ հոգեվարքի մէջ։ Purist-ները կը գանգատին սփիւռքեան հաստատութիւններու անտարբերութենէն, որոնք, ըստ իրենց, ձախողած են զայն «փրկելու»։ Անոնցմէ շատեր կը հաւատան, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ ըլլալ վերջին յոյսը։

Բայց, գնահատելով հանդերձ անոնց մեծ նուիրումը, շատ գործնական լուծումներ չունին։ Դպրոցներու եւ ուսուցիչներու ֆինանսաւորումը — այսինքն՝ «հիւանդանոցն ու բուժքոյրերը» — անբաւարար է։ Անոնց պատասխանը հիմնականին մէջ պաշտպանողական է՝ պահել արեւմտահայերէնը այնպէս ինչպէս որ էր անցեալին, ըստ իրենց պատկերացումին։ Անոնց համար իսկական հայը ան է, որ ամբողջովին կը նմանի Տիկին Արեւին՝ այնպէս ինչպէս եղած էր ան անցեալին՝ անփոփոխ եւ զերծ օտար ազդեցութիւններէ։

  1. «Մտաւորական խմբակը»

Ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ կը գտնուի աւելի ազատ եւ լայնախոհ մտաւորական խումբ մը՝ յառաջադէմ, աշխարհիկ, խորապէս կրթուած արեւմտահայերէնի գրական եւ փիլիսոփայական աւանդութեանց մէջ։ Անոնց մտածողութիւնը եւ ուշադրութիւնը յաճախ կը կեդրոնանայ մեր ժամանակներու երկու-երեք մեծ գրական եւ մտաւորական նշանաւոր դէմքերու շուրջ։

Այս խումբին համար Տիկին Արեւը մահամերձ չէ․ ան ուղղակի կը ծերանայ՝ ժամանակի եւ հանգամանքներու ազդեցութեամբ։ Ան հիւանդանոցի կարիք չունի, բայց պէտք ունի նուրբ, սիրառատ խնամքի՝ իր հասուն զաւակներուն ուշադրութեան, որոնք տակաւին տան մէջ կը խօսին իր հետ։

Այս խումբին հեռանկարը վերկենսաւորում է. մշակութային է, ոչ բժշկական։ Անոնք շեշտը կը դնեն գրականութեան, ինքնաքննութեան եւ փիլիսոփայական նորոգութեան վրայ։ Բայց անոնց ազդեցութիւնը կը մնայ նեղ շրջանակներու մէջ՝ հազուադէպօրէն շփուելով մաքրակրօններու կամ այլ յարակից մասնագէտներու հետ։

Նշուած երկու խումբերն ալ, ի վերջոյ, հակադիր խրամատներու մէջ կը գտնուին՝ իւրաքանչիւրը համոզուած թէ ինք միայն գիտէ Տիկին Արեւը փրկելու ձեւը։

  1. Նոր Սերունդը

Այս երկու խումբերուն միջեւ կանգնած է նոր սերունդ մը՝ տարիքով քսանէն երեսուններու միջեւ հայ երիտասարդներ, որոնք կը փորձարկեն նոր ձեւեր՝ կենսունակ պահելու արեւմտահայերէնը։ Անոնք ոչ մաքրակրօն են, ոչ ալ աւանդապաշտ մտաւորականներ։ Անոնց նուիրումը Տիկին Արեւին անկեղծ է, բայց անոնց գործելակերպը՝ ստեղծագործական, երբեմն խաղով ու արդի։

Այս սերունդը իր սէրը լեզուին հանդէպ կը ցուցաբերէ թուային մշակոյթով՝ փոտքասթեր, YouTube ալիքներ, memes, առցանց հարթակներ եւ ընկերային ցանցեր։ Հաստատութենական իշխանութիւն չունին, բայց ունին տեսանելիութիւն, աշխուժութիւն եւ բնազդային գիտակցութիւն, թէ արեւմտահայերէնը պէտք է ապրի այնպէս ինչպէս որ ան է այսօր, ոչ թէ ինչպէս որ եղած էր։

Անոնց համար Տիկին Արեւը մեծ մայր է՝ գուցէ թոյլ, բայց սիրելի։ Ան կարօտ է մտերմութեան աւելի քան պաշտպանութեան, աւելի զրոյցի քան սուգի։ Թէ արդեօք այս սերունդը պիտի կարողանա՞յ երկարաժամկէտ ազդեցութիւն ունենալ կրթական կամ համայնքային կեանքի մէջ՝ տակաւին յստակ չէ։ Բայց անոնց ներկայութիւնը անշուշտ նոր շունչ բերած է արեւմտահայերէնի ոդիսականին։

  1. Ուսուցիչները

Եւ կան ուսուցիչները՝ լեզուի ամենօրեայ պահապանները սփիւռքեան դպրոցներուն մէջ։ Անոնք կը տարբերին բնաւորութեամբ՝ ոմանք խիստ պահպանողներ են, ուրիշներ՝ բաց նորարարութեան։ Շատեր յաճախ կը գտնուին երկմտանքի մէջ՝ մաքրակրօններու պաշտպանողական դիրքին եւ մտաւորականներու մշակութային մօտեցումին միջեւ, եւ միաժամանակ կը փորձեն կապ հաստատել նոր թուային սերունդին հետ։

Վերակենդանացման Քաղաքականութիւնը

Նկատի ունենալով Սփիւռքի աւանդական հաստատութիւններու կողմէ լուրջ ծրագիրներու եւ ֆինանսաւորման պակասը, վերջին տարիներուն Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութիւնը՝ արեւմտահայերէնի ծրագիրներու ամենէն կարեւոր հովանաւորներէն մէկն է եւ մեծ ազդեցութիւն ունի հիմնական հարցերու քննարկումներուն մէջ։ Կիւլպենկեանի տարբեր ծրագիրներու օժանդակութիւնը՝ գրական, թուային կամ մանկավարժական, ձեւաւորած է արեւմտահայերէնի գործնական ուղղութիւն մը։ Բայց եւ այնպէս, ինչպէս որեւէ միջամտութիւն՝ ոչ բոլորը համակարծիք են Կիւլպենկեանի տեսիլքին:  Երբ լեզու մը ճգնաժամի մէջ է, նոյնիսկ բարի մտադրութիւն ունեցող օգնութիւնը կրնայ դառնալ վէճի աղբիւր։

Արեւմտահայերէնի պայքարը միայն քերականութեան կամ բառապաշարի հարց չէ․ ան ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ գոյատեւման խնդիր է։ Տիկին Արեւը տարեց է, բայց ան կենդանի է։ Ան կը շարունակէ ապրիլ՝ թէ ICU-ի մէջ, թէ տունը խնամուող, թէ առցանց ընկերացած։ Ան կը շնչէ դասարաններու, գրականութեան եւ աւելի ու աւելի՝ նոր սերունդի թուային աշխարհին մէջ։

Անոր ապագան կախեալ է ոչ մէկ խումբի «յաղթանակէն», այլ բոլոր ժառանգորդներուն՝ մարտիկներու, մտածողներու եւ երազողներու միասնական ձայնէն, որոնք պէտք է վերագտնեն Տիկին Արեւ Մուտեանին միջոցով «խօսելու» եւ ստեղծագործելու կարողութիւնը։

2025-10-19
e-mail: info@hrach.info
Copyright © 2025 Hratch Tchilingirian. All rights reserved.