Արցախահայութեան օժանդակութիւնը կրկին օրակարգի վրայ կը դնէ «Սփիւռքի կառոյցներու» խնդիրը
Հրաչ Չիլինկիրեան
Darperag21.net, Նոյեմբեր 30, 2023
Արցախի աղէտը, ինչպէս Եղեռնի աղէտը, տասնամեակներ շարունակ սփիւռքահայութեան վրայ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ: 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Սփիւռքը «հոգեկան կաթուած»ի մատնուեցաւ, ու այդ ողբերգութեան ծանրութեան տակ` վրայ հասաւ արցախահայութեան էթնիք զտումը եւ Արցախի հայաթափումը:
Բայց այսօր հոգեբանութեամբ զբաղելու ժամանակը չէ, այլ անհրաժեշտ է կեդրոնանալ սփիւռքի երկարժամկէտ աջակցութեան ռազմավարութեան վրայ: Ինչպէ՞ս եւ ինչպիսի՞ անմիջական եւ հետեւողական օժանդակութիւն տրամադրել արցախցիներուն, որոնք Հայաստան ապաստանած են:
Այս հարցումները գործնականի վերածելու համար նախ պէտք է հասկնանք թէ ի՞նչ նկատի ունինք երբ «սփիւռք» կ’ըսենք:
Յաճախ կ’ըսուի որ սփիւռքը «հարստութիւն» կամ «ուժ» մըն է Հայաստանի համար, սակայն այս հաստատումը ընդհանուր գաղափար մըն է, որ պէտք է գործնական տարազի մը մէջ դնել ու յստակացնել: Անշուշտ գործնական չէ կառուցային բնորոշում տալ սփիւռքին, որովհետեւ ոչ աշխարհագրական, ոչ քաղաքական, ոչ ընկերային եւ ոչ ալ տնտեսական մէկ ու ամբողջական միաւոր է ան: Իսկ սփիւռքահայութիւնը իր կարգին բազմաշերտ, բազմազան եւ ոչ այնպայման ներդաշնակ վիճակ է:
Այս ըսել չէ որ սփիւռքի կառոյցները կարեւոր չեն: Ընդհակառակն, կառոյցները անհրաժեշտ են համայնք ստեղծելու եւ կենսունակ պահելու առաքելութեան մէջ: Յետցեղասպանութեան շրջանին, հայկական եղեկեցիները (առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական), կուսակցութիւններն ու իրենց ուղեկից կառոյցները, ինչպէս նաեւ՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, տասնեակ տարիներով իրնեց հսկայական դերը եւ ներդրումը ունեցած են գաղթական ու սփռուած հայութեան կեանքը վերականգնելու գործընթացին մէջ: Կառուցած են եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային, մարզական, ընկերային ծրագիրներ, կեդրոններ եւ հաստատութիւններ: Այսօրուան սփիւռքի երկար կենսագրութիւն ունեցող համայքներու արմատներն ու հիմքերը այս «դասական» կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները դրած են: Անոնք դարէ մը աւելի սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւնը կենսունակ պահելու ազդակ եւ վաստակ ունին: Բայց եւ այնպէս, ժամանակին բազմապտուղ այս կազմակերպութիւնները՝ ներկայ կեանքի, տեղական, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հսկայական վերափոխումներու պարունակին մէջ կարծէք կորսնցուցած են իրենց ստեղծագործական ատաղձը եւ հիմնարար նպատակներու իրագործումը:
Սփիւռքի կառոյցները պետութիւն, երկիր պահելու համար չեն ստեղծուած, այդ կարողականութիւնը չունին եւ ոչ ալ կրնան յաւակնիլ: Կրնան էական եւ ազդու ներդրում ունենալ «հայրենաշինութեան» գործընթացին մէջ, որոշ ճեղքեր, բացեր գոցել այդ մեծ ծրագիրներուն մէջ:
Այսօր երբ սփիւռքի կառոյցներու մասին կը խօսինք, պէտք է յստակեցնենք, թէ ո՞ր կառոյցներուն մասին է խօսքը եւ ի՞նչ կարողականութիւն ունին անոնք: Կառոյցը կը նմանի շէնքին. շէնքը կայ, բայց պիտի նայինք թէ ո՞վ կ’ապրի այդ շէնքին մէջ եւ ի՞նչ կարողութիւն ունի: Հետեւաբար նպատակը եւ բովանդակութիւնը շատ կարեւոր են: Բաւարար չէ ըսել աշխատինք կառոյցներու հետ, պէտք է մանրամասնել, հասկնալ ո՞ր կառոյցին մասին է խօսքը եւ ո՞ր կառոյցը ի՞նչ խնդիր կրնայ լուծել, կամ ի՞նչ հարցի լուծման կրնայ նպաստել: Հայաստանէն դիտուած, ընդհանրապէս սփիւռքը կը պատկերացնեն իբրեւ հսկայ զանգուած մը խմբուած այդ կառոյցներուն շուրջ: Նման հասկացութիւն կամ դիտարկում իրականութեան արտացոլում չէ, ոչ ալ իրապաշտ է:
Ըստ մեր «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» ուսումնասիրութեան (*), տասը երկիրներու մէջ ապրող սփիւռքահայերու 80 տոկոսը ուղղակի կամ անուղղակի առնչութիւն չունի սփիւռքի կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն հետ: Դժբախտաբար, գոյութիւն ունեցող կառոյցներու գործունէութիւնը սահմանափակ է այսօր եւ ներկայ պահանջներու համահունչ չէ: Հետեւաբար, կա՛մ պէտք է վերանայուին անոնց գործունէութիւնը եւ հետապնդած նպատակները, կա՛մ նոր կառոյցներ պէտք է ստեղծել սփիւռքի մէջ: Արդէն իսկ առկայ են նոր կառոյցներ, բայց անոնք իւրայատուկ նպատակներ կ’իրագործեն Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ:
Այսօր, բազմաթիւ անհատներ (թէ՛ վերը նշուած 80 տոկոսէն եւ թէ՛ կազմակերպութիւններու առնչուած 20 տոկոսէն) ընդհանրապէս երիտասարդներ արդէն առանց այդ «դասական» կառոյցներու միջնորդութեան, Հայաստանի հետ ուղղակի կապի մէջ են, կ’օգնեն տարբեր ծրագիրներով:
Այս իրականութեան շրջագիծին մէջ, կարելի է հաստատել որ այսօր սփիւռքի հսկայ կարողականութիւնը անհատներու մօտ է թէ՛ անհատ բարերարներու, թէ՛ մասնագէտներու, գիտնականներու, արուեստագէտներու, մտաւորականներու եւ բազմաթիւ մարզերու մէջ ներգրուած արհեստավարժ հայերու միջոցով: Ուրեմն, ինչպէ՞ս օգտագործել այս անհատական ուժը եւ զայն դէպի Հայաստան եւ, իբրեւ այժմէկան խնդիր, օգտագործել Արցախի ժողովուրդին վերականգման հարցերը լուծելու համար: Անտարակոյս, սփիւռքի կարողութիւնները կազմակերպելու եւ այդ նպատակով գործուն կառոյց մը կամ կառոյցներ յառաջացնելու հրամայականը կը յամենայ իբրեւ առանցքային օրակարգ մը տագնապող բոլոր անհատներուն մօտ:
Առաջին հերթին՝ հրամայական է անցեալի սխալներէն խուսափիլ: Ինչպէս նշեցինք, պետութիւն կամ երկիր պահելը սփիւռքի կարողականոթենէն շատ վեր է: Այնսուհանդերձ, սփիւռքահայերը կրնան նպաստել Հայաստանի զարգացման տարբեր մարզերու օժանդակութեան եւ մասնաւորաբար՝ մարդասիրական ջանքերուն: Անցեալի սխալներու կրկնութիւնը կանխելու միտումով —, այսինք մտածել որ սփիւռքը լիարժէք իմաստով կրնայ իր ուժերով Հայաստանին կամ Արցախին նպաստել —, սփիւռքահայերը պէտք է գործակցին իրենց ապրած երկիրներու համապատասխան իշխանութիւններուն եւ քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն հետ՝ յորդորելով, որ կառավարութիւնները եւ հասարակական կազմակերպութիւնները առաջնահերթութիւն տան արցախահութեան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու առաջադրանքին: Բացի մարդասիրական օժանդակութենէն, սփիւռքահայերը, իրենց երկրի համապատասխան կառավարութիւնները պէտք է խրախուսեն եւ իրենց ճիգերը ուղղեն նաեւ Արցախի ժողովուրդին երկարժամկէտ բարեկեցութեան եւ վերականգնումին, ինչ որ հսկայական միջոցներ կը պահանջէ: Պետութիւններ շատ աւելի մեծ նիւթական եւ այլ միջոցներ ունին քան սփիւռքեան համայնքները: Օրինակ՝ վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ, Համահայկական Հիմնադրամի թէլէթոնին ամերիկահայութիւնը հազիւ 8.5 միլիոն տոլար կրցաւ հանգանակել: Իսկ պետութիւն մը, ինչպէս Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա կամ Գերմանիա, կրնայ պետական մակարդակով տասնեակ միլիոններ տրամադրել: Արցախահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրուն լուծումները թէ՛ ժամանակի եւ թէ՛ միլիոններու կը կարօտին: Խօսքը կը վերաբերի աւելի քան հարիւր հազար հոգիի:
Այս բոլորը կ’ընդգծեն ծրագրումի կարեւորութիւնը: Իսկ ծրագրումի հրամայականը սեղանի վրայ կը դնէ սփիւռքի հնարաւորութիւններու («փափուկ ուժի») օգտագործման անհրաժեշտութիւնը: Այդ ուժերէն մէկը այն է, որ սփիւռքահայերը, որպէս տուեալ երկրի քաղաքացիներ (յատկապէս արեւմտեան երկիրներու մէջ) ունին իրաւունքներ եւ կրնան իրենց պահանջները ներկայացնել իշխանութիւններուն, կառավարութեան կամ խորհրդարանին: Այսինքն, քաղաքացիութեան իրաւունքի լծակները օգտագործել ամենալայն իմաստով:
Անշուշտ պէտք չէ բաւարարուիլ պետական կամ քաղաքական մակարդակով: Նոյնքան կարեւոր է համապատասխան երկիրներու հասարակական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւնը: Օրինակ, եկեղեցին, որ սփիւռքի հիմնական կառոյցներէն մէկն է, իր դերը ունի: Քրիստոնէական աւելի լայն աշխարհին մէջ, բազմաթիւ կաթողիկէ, ուղղափառ եւ աւետարանական եկեղեցիներ մարդասիրական բազմատեսակ ծրագիրներ ունին: Կարելի է համագործակցիլ նաեւ այդ կազմակերպութիւններուն հետ եւ խթանել Հայաստանի տրամադրուած օժանդակութիւնը: Թէեւ Սփիւռքի համայնքներուն մէջ հանգանակութիւնները կենսական են եւ կը կատարուին արդէն, անհրաժեշտ է որդեգրել նոր մօտեցումներ, որ գործօն կերպով կը ներառնեն միջոցներու աւելի լայն շրջանակի օգտագործումը, յատկապէս՝ ոչ հայկական աղբիւրներու եւ կառոյցներու: Նման ներգրաւուածութիւնը էական է ոչ միայն օժանդակելու Արցախի ժողովուրդի վերականգնումին, այլեւ՝ աջակցելու Հայաստանի բարգաւաճաման յառաջիկայ տասնամեակներուն:
Հասած է ժամանակը որ Հայաստանի բարգաւաճման գծով սփիւռքի դերակատարութիւնը տարբեր եւ արդիւնաւէտ հունի մէջ դրուի: Եթէ միայն կոչերով, միայն նպատակներու սահմանումով եւ հեռանկարներու ճշդումով պիտի խօսինք, արդէն ըրեր ենք 30 տարի եւ շատ տեղ չենք հասած: Ժամանակն է, որ այլեւս մոռնանք սեղաններու շուրջ կենացներով Հայաստանի բարգաւաճումը աւետել, եւ իսկական քաղաքական ուղեգիծ մը ճշդել (policy), որ ինչպէ՞ս Հայաստանը կրնայ զարգանալ թէ՛ իբրեւ երկիր եւ թէ՛ իբրեւ պետականութիւն: Այդ կենացներն ու մաղթանքները, նոյնիսկ եթէ հայրենասիրութիւն կ’արտայայտեն, կը մնան զգացական հարթակի վրայ եւ տեղ չեն հասցներ: Ինչպէս նշուեցաւ, պէտք չէ կրկնել անցեալի սխալները: Անհրաժեշտ է բոլոր հարցերը, հայութեան կարողականութիւնը եւ հեռանկարները դնել սեղանի վրայ, վերլուծել, քննարկել միասնաբար (ընդգծելով միասնաբարը) եւ քաղաքականութիւն ու ուղեգիծ ճշդել՝ միշտ ի մտի ունենալով, որ աշխարհը շատ արագ եւ խորքային փոփոխութիւններու կ’ենթարկուի: Կարեւոր է ունենալ եթէ ոչ ճշգրիտ, առնուազն առարկայական պատկերացում մը, թէ յարափոփոխ այս աշխարհին մէջ, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ինչպէ՞ս պիտի կարենան գոյատեւել եւ իրականացնել իրենց բարգաւաճումի ծրագիրները:
Անշուշտ խօսքի սահմաններէն անցնելով, պէտք է գործնականացնել այս առաջադրանքները: Նախաձեռնութիւնը պէտք է գայ Հայաստանէն, որովհետեւ ինչպէս ըսինք, սփիւռքը միահամուռ «կառոյց» մը չէ, եւ ոչ միայն Հայաստանի պետութենէն, այլեւ՝ քաղաքացիական, մտաւորական, գիտական եւ տարբեր այլ շրջանակներէ: Աշխատանք պէտք է տարուի ներգրաւելու սփիւռքի արհեստավարժ եւ աքթիվիսթ մարդուժը եւ հնարաւորութիւնները, որոնք մասնագիտութիւններ ու փորձառութիւն ունին: Համագործակցութիւնը պէտք է սկսիլ հայեցակարգէն կամ հիմնական նպատակէն եւ ոչ թէ հարցերը որոշել, ծրագիրներ մշակել եւ յետոյ ըսել՝ ահաւասիկ ասոնք են ծրագիրները, եկէ՛ք աշխատեցէ՛ք: Այսինքն՝ միասնաբար կատարել այդ ամբողջ աշխատանքը՝ ներգրաւելով սփիւռքի ուժը: Եւ հոս դարձեալ պէտք է շեշտել, որ այսօր գործնականօրէն սփիւռքի ուժը անհատներու մէջ է, ոչ թէ կառոյցներու:
Ըստ մեր հաշուարկներուն, սփիւռքահայութեան շուրջ ութսուն տոկոսը այսօր կը գտնուի չորս երկիրներու մէջ: Թէեւ հարիւր երկիրներու մէջ հայեր կ’ապրին, բայց ջախջախիչ մեծամասութիւնը՝ Ռուսական Դաշնութիւն, Միացեալ Նահագներ, Ֆրանսա եւ Վրաստան, եթէ Վրաստանը սփիւռք նկատենք: Այսօր Ռուսիոյ հայութիւնը ընդհանրապէս լուռ է եւ ազդու դերակատարութիւն չունի Հայաստանի կամ Արցախի նկատմամբ, թերեւս հասկնալի պատճառներով…: Կը մնան Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան որպէս կայացած մեծ համայնքներ, ուր հնարաւորութիւններ կան այս հեռանկարներն ու աշխատանքները իրագործելու, այսինքն՝ տեղական պետական եւ հասարակական կառոյցներու հետ համագործակցելով Հայաստանի ի նպաստ ներդրումներ ապահովելու:
Եւ վերջապէս, որքան որ Հայաստանը եւ արցախահայութիւնը պատմական դառն փորձառութեան խաչմերուկին վրայ են, նոյնքան հայկական Սփիւռքը իր անցեալի եւ ապագայի խաչմերուկին վրայ է:
* https://www.armeniandiasporasurvey.com/
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան, ընկերաբան, սփիւռքագետ, Օքսֆորտ համալսարանի Ասիական եւ Մերձաւոր արեւելիքի ուսմանց ամպիոնի դասախօս եւ «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» ծրագրի ղեկավար: Համալսարանական ուսումը Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս եւ Լոնտոն ստացած է, իսկ Ընկերաբանական Գիտութիւններու (sociology) դոկտորական կոչումը Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան ու Քաղաքագիտութեան համալսարանէն (London School of Economics): Տասը տարի պաշտօնավարած է Գեմպրիճ համալսարանի մէջ եւ 2012-էն ի վեր Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս է: Ունի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ (www.hratch.info): Իր վերջին հրատարակութիւններէն են՝ «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ»ի 2019, 2021 եւ 2022 թուականներու տասը երկիրներու մէջ կատարուած դաշտային աշխատանքներու արդիւնքները, եւ վերջերս լոյս տեսած` “Reverse Engineering: A State-Created “Albanian Apostolic Church” in Caucasian Albania. An International Handbook (eds., Jost Gippert and Jasmine Dum-Tragut), De Gruyter Mouton, 2023, եւ “Armenian Communities in the Middle East: Losing the Past in the Future?” in From Pluralism to Extinction?: Perspectives and Challenges for Christians in the Middle East (ed. Sotiris Roussos), London: Transnational Press, 2023 (Տես` (Տես` Տարբերակ21-ի «Գիրքերու հետ» բաժինը):):