Yerevan State University News

Wars, military conflicts and Christians in the Middle East

Hratch Tchilingirian's lecture at YSU, 30 May 2017.

YSU HratchTchilingirian

2017-06-08

read more

Armenians in Turkey

CivilNet HratchTchilingirian

CivilNet, 10 March 2017 10:19

The 'Other' Citizens of Turkey: Hratch Tchilingirian discusses discrimination against Armenians

Oxford University scholar Hratch Tchilingirian has published an article entitled "The 'Other' Citizens: Armenians in Turkey Between Isolation and (Dis)integration."

Since the establishment of the Turkish Republic, state discrimination against the Armenian community—and generally the non-Muslim minorities—has been institutionalized and systematically

2017-03-11

read more

European Identity in the Times of Post-Truth Politics

LSE 23FEB2017_Hratch_Tchilingirian

LSESU European Society, 3 March 2017

On Thursday February 23rd, the Youth Association for a Greater Europe and the LSESU European Society invited students and public for a panel discussion on 'European Identity in the Times of Post-Truth Politics' at the LSE. Our speakers – Roger Casale, founder of New Europeans and former MP for Wimbledon, and Dr Hratch Tchilingirian, member of the Faculty of Oriental Studies

2017-03-29

read more

Ճանաչված հայ գիտնական

Arevelk Aurora_lecture_Hratch_Tchilingirian

Arevelk.am 18 Մայիս 2017

«Ավրորա» մարդասիրական մրցանակի գրասենյակից տեղեկանում ենք, որ «Ավրորա երկխոսություններ-2017» նախագծի շրջանակներում Երեւանում բաց դասախոսություն է ունենալու ճանաչված գիտնական, Օքսֆորդի համալսարանի դասախոս Հրաչ Չիլինգիրյանը:

2017-05-22

read more

Հ. Չիլինկիրյանի դասախոսությունները

AAIwebiste

 

ANI Research Centre, 7 November 2016

Հրաչ Չիլինկիրյանի դասախոսությունները Արցախում և Հայաստանում

 

2016-12-22

read more

Armenian Identity in the 21st Century

Haireniklogo Hairenik, 15 October 2017

Conference on "Armenian Identity in the 21st Century", Hrant Dink Foundation, Istanbul

«Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ի ու «Համազգային»ի Գործակցութեամբ Գիտաժողով

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 7-8 թուականներուն կայացաւ «Հայկական ինքնութեան քննական մօտերցումներ 21-րդ դարուն՝ խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը... Հրաչ Չիլինկիրեան (Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս)- «Պէտք է ըսել, որ բացառիկ յաջողութեամբ անցաւ այս երկու օրը։ Ինծի համար յատկապէս իւրայատուկ երեւոյթ մըն է, որ «Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ն ու Համազգայինը այս նախաձեռնութիւնը կազմակերպած էին։ Հայ ինքնութեան մասին Պոլսոյ մէջ հաւաքուիլ ու խօսիլ՝ կարծես առաւել

2017-06-30

read more

Հայկական Ինքնութիւնը 21րդ դարուն

 Agos                  Aztag

   Ակօս 12 Հոկտեմբեր 2016                   Ազդակ 12 Հոկտեմբեր 2016

«Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ի ու «Համազգային»ի գործակցութեամբ գիտաժողով

...«Յղա­ցական քննար­կում» խո­րագ­րեալ առա­ջին նիս­տը վա­րեց Մկրտիչ Մկրտի­չեան։ Հրաչ Չի­լին­կի­րեանի («Ի՞նչ է «հայ­կա­կանը»՝ հայ­կա­կան ինքնու­թեան մէ­ջե) ու Ռազ­միկ Փա­նոսեանի («Հայ­րե­նիք­ներ ու սփիւռքներ:բազ­մա­վայր-ազ­գա­յին ինքնու­թեան կա­ռու­ցումը») զե­կու­ցումնե­րէն ետք, անոնք պա­տաս­խա­նեցին ունկնդիր­նե­րու հար­ցումնե­րուն։...

2016-10-17

read more

Սուրիահայերու խնդիրը

«Սուրիահայերու խնդրով սփիւռքի կառոյցները անկարող դուրս եկան». Հրաչ Չիլինկիրեան

Աերւելք, 7 Հոկտեմբեր 2016         

Arevelknews

 

Panorama, 8 հոկտեմբեր 2016

PanArmenianDOTam

2016-10-17

read more

Հայագիտութեան Ներկայ Խնդիրները

Aztag

«Ազդակ»-ի Մամլոյ 118-րդ Լսարան Զրոյց-Քննարկում` Հայագիտութեան Ներկայ Խնդիրներուն Մասին

Aztag Daily June 11, 2016

ԱզդակԼսարան

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, երէկ` ուրբաթ, 10 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ մամլոյ 118-րդ լսարանը, որ զրոյց-քննարկում էր` հայագիտութեան ներկայ խնդիրներուն մասին: Օրուան զեկուցաբերներն էին Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան եւ Միչիկըն համալսարանի դասախօս դոկտ. Արա Սանճեան: Զրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

 

http://www.aztagdaily.com/archives/298888

 

«Ազդակ»-ի Մամլոյ 118-րդ Լսարան Զրոյց-Քննարկում` Հայագիտութեան Ներկայ Խնդիրներուն Մասին

 

Aztag Daily June 11, 2016

 

IMG_0888

 

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, երէկ` ուրբաթ, 10 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ մամլոյ 118-րդ լսարանը, որ զրոյց-քննարկում էր` հայագիտութեան ներկայ խնդիրներուն մասին: Օրուան զեկուցաբերներն էին Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան եւ Միչիկըն համալսարանի դասախօս դոկտ. Արա Սանճեան: Զրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

 

Առաջին զեկուցաբերը` դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան կեդրոնացաւ սփիւռքի հայագիտական կեդրոններուն եւ արեւմտահայերէնի կենսունակութեան ապահովման աշխատանքներուն վրայ: Ան զրոյցին սկիզբը նշեց գլխաւոր հարց մը, որ հայագիտութեան սահմանումի խնդիրն է: Դոկտ. Չիլինկիրեան ըսաւ, որ որոշ մօտեցում մը կայ, որ հայագիտութիւն կը նշանակէ ամբողջ հայոց պատմութեան` չորս հազար տարուան պատմութեան եւ մշակոյթի ուսումնասիրութիւն, իսկ այլ մօտեցում մը կայ, որ կը հարցադրէ, թէ միայն Հայաստանի մասի՞ն է հայագիտութիւնը: Եզրափակելով այս միտքը` զեկուցաբերը հաստատեց, որ  հայագիտութեան հասկացողութիւնը որոշակի կամ վերջնական սահմանում չունի: Ան աւելցուց, որ հայագիտութեան մէջ կայ բանասիրութիւն, պատմագիտութիւն, գրականութիւն եւ լեզուի ուսումնասիրութիւն ու դասաւանդութիւն, իսկ ասոնց կողքին կան նաեւ որոշ այժմէական նիւթեր, ինչպէս` ընկերաբանական, մարդաբանական, կենսաբանական ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ սփիւռքագիտութիւն:

 

Ան անդրադարձաւ Եւրոպայի մէջ հայագիտութեան գծով ծաւալած հետաքրքրութեան, որ սկսած է աւելի քան երեք հարիւր տարի առաջ: Դոկտ. Չիլինկիրեան աւելցուց, որ առաջին հայերէն գիրքը Օքսֆորտ համալսարանին նուիրուած է 150 տարի առաջ: Ան ըսաւ, թէ  Օքսֆորտի մէջ գոյութիւն ունի Միջին Արեւելքի մէջ տպուած առաջին գիրքը, որ հրատարակուած է Նոր Ջուղայի մէջ: Հայագիտութեան աւանդութիւնը բաւական հին արմատներ ունի, սակայն Ամերիկայի մէջ քիչ մը աւելի նոր է, մանաւանդ հոն հետաքրքրութիւնները սկսած են, երբ հայագիտական ամպիոններ սկսած են ստեղծուիլ հանրածանօթ համալսարաններու,  ինչպէս` Հարվըրտի եւ «Եու. Սի. Էլ. Էյ.»-ի մէջ: Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան նշեց, որ միայն Ցեղասպանութեան նիւթը չէ որ  կ՛ուսումնասիրուի այդ երկիրներու հայագիտական ուսումնասիրական կեդրոններուն մէջ, այլեւ կայ պատմութիւն,  բանասիրութիւն եւ այլն.  այսօր Միացեալ Նահանգներուն մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչումի հոլովոյթը վերափոխում ապրած է դէպի ցեղասպանագիտութեան ասպարէզը եւ վերջերս լաւ արդիւնք տուած է:

 

Դոկտ. Չիլինկիրեան աւելցուց, որ բոլորս այսօր գիտենք, թէ արեւմտահայերէնը կը գտնուի խնդիրներու առջեւ, սակայն, ըստ անոր,  բացասական արտայայտութիւններ օգտագործելը` ներկայացնելու համար լեզուին վիճակը, ճիշդ երեւոյթ մը չէ, այլ պէտք է օգտագործուին դրական եզրեր, եւ պէտք է աշխատիլ լեզուն առջեւ տանելու: Ան ակնարկ մը նետեց այն երեւոյթին վրայ, որ ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, արեւմտահայերէնը վտանգուած նկատուող լեզուներէն մէկն է, սակայն նաեւ ըսաւ, որ եթէ նայինք չափանիշները, որոնց հիման վրայ անոնք լեզուն կը նկատեն վտանգուած, թերեւս ընդունելի չնկատենք զանոնք: Դոկտ. Չիլինկիրեան իր բաժինին աւարտին ըսաւ, որ լեզուն գործիք կամ առարկայ չէ, լեզուն չի կրնար նահանջել, լեզուն կը մնայ ինչպէս որ եղած է մեզի, խօսողներն են, որոնք կը նահանջեն:

 

Երկրորդ զեկուցաբերն էր դոկտ. Արա Սանճեան, որ կեդրոնացաւ պատմագիտութեան վրայ: Ան ակնարկ մը նետեց պատմութիւն գրելու աւանդութիւններուն վրայ եւ ըսաւ, թէ կայ այնպիսի մօտեցում մը, որ պատմութիւն գրելը կը վերածէ ազգային պատմութիւն գրելու, ուր ամէն ինչ գեղեցիկ եւ հարուստ կը ներկայացուի: Այլ մօտեցում մը կ՛ըսէ, թէ պատմաբանը կրնայ անպայման վերստեղծել պատմութիւնը, իսկ ուրիշ մը կայ, որ կ՛ըսէ, թէ կարելի չէ ներկայացնել եղածը ինչպէս որ տեղի ունեցած է` նկատի ունենալով,  որ պատմաբանը ազդուած կրնայ ըլլալ իր շրջապատէն եւ անոր մտածելակերպէն:

 

Ապա զեկուցաբերը անդրադարձաւ քանակի իմաստով պատմութիւն ուսանողներու թիւին նուազումին, եւ այս գծով օրինակ տուաւ Ամերիկայի մէջ տարածուած երեւոյթը, ուր ամերիկացին չի քաջալերեր հայ երիտասարդը, որ մասնագիտանայ պատմաբանական մարզին մէջ, եւ այս խնդիրին պատճառն ալ, ըստ զեկուցաբերին, շատ մեծ հաւանականութեամբ այն է, որ ամերիկացին ձանձրացած է Ցեղասպանութեան նիւթէն եւ կ՛ուզէ, որ հայը այլեւս չկեդրոնանայ անցեալին վրայ, այլ նայի դէպի առջեւ եւ ապագայ: Ապա դոկտ. Սանճեան շեշտեց, որ ինք կը հաւատայ, որ պատմագիտութեան գետնի վրայ բոլոր աշխատանքները պէտք է ըլլան Հայաստանի օժանդակութեամբ: Դոկտ. Սանճեան նաեւ ակնարկ մը նետեց պատրաստուած

դասագիրքերուն վրայ: Ան կարեւոր նկատեց քննական միտքը եւ գիտական ուսումնասիրութեան մեթոտաբանութիւնը, եւ պատրաստուած դասագիրքերուն մէջ պակաս նկատեց այդ տիպի դասաւանդութեան ձեւերը, ընդհակառակն` ըստ անոր, այդ դասագիրքերը կը բովանդակեն միայն տեղեկութիւններ: Ուսանողը պէտք է ընկալէ զանոնք ինչպէս որ են` առանց մտածելու եւ քննելու իր կարդացածները: Ան նաեւ անդրադարձաւ հայկական հասարակութեան մէջ գտնուող այլ խնդիրի մը, եւ ըսաւ, թէ հայկական հասարակութիւնը չի կրնար ընդունիլ երկու  տարբեր կարծիքներ, ան անպայման մէկը կը նկատէ ճիշդ, իսկ միւսը` սխալ: Այս գծով ան օրինակներ տուաւ պատմութենէն, ինչպէս` Պաւղիկեան եւ Թոնդրակեան շարժումներուն մասին ոչ բաւարար նկատուող տեղեկութիւններու պարագան մեր պատմագիտութեան դասագիրքերուն մէջ:

Զեկուցաբերները իրենց զեկուցումները աւարտելէ ետք պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն եւ մտահոգութիւններուն:

 

2016-07-02

read more

e-mail: info@hrach.info
Copyright © 2024 Hratch Tchilingirian. All rights reserved.