Հայկական Ինքնութիւնը 21րդ դարուն

 Agos                  Aztag

   Ակօս 12 Հոկտեմբեր 2016                   Ազդակ 12 Հոկտեմբեր 2016

 «Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ի ու «Համազգային»ի գործակցութեամբ գիտաժողով

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

7-8 Հոկ­տեմբեր թուական­նե­րուն կա­յացաւ «Հայ­կա­կան ինքնու­թեան քննա­կան մօ­տերցումներ 21-րդ դա­րուն՝ խո­ցելիու­թիւն, առաձ­գա­կանու­թիւն եւ փո­խակեր­պութիւն» խո­րագ­րեալ գի­տաժո­ղովը, որու կազ­մա­կեր­պիչներն էին «Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ»ն ու «Հա­մազ­գա­յին»ը՝ հո­վանա­ւորու­թեամբ Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան Հիմ­նարկու­թեան» ու Պոլ­սոյ Շուէտի Գլխա­ւոր Հիւ­պա­տոսու­թեան։ Գի­տաժո­ղովը կա­յացաւ «Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ»ի «Անա­րատ Յղու­թիւն» շէն­քի «Հա­ւաք» սրա­հին մէջ։

                        HrantDinkFoundation IdentityConference

«Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ»ը ամե­նամեայ գի­տաժո­ղով­նե­րով կը ջա­նայ ար­ծարծել հար­ցեր, որոնց քննար­կումը ան­ցեալի լու­սա­բան­ման ու յատ­կա­պէս ներ­կան վեր­լուծե­լու տե­սակէ­տէ կ՚ու­նե­նան խիստ կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն։ Այդպէս էր, օրի­նակ, 2013-ին կազ­մա­կեր­պուած իս­լա­մաց(ու)ած հա­յերու խորհրդա­ժողո­վը, 2012-ին Մար­տի­նին ու 2011-ին Տի­յար­պէ­քիրին նուիրուած գի­տաժո­ղով­նե­րը եւլն.։ Այդպէս եղաւ նաեւ այս վեր­ջի­նը, ուր օրա­կար­գի բե­րուած նիւ­թե­րը, ինչպէս կը յու­շէ ձեռ­նարկին խո­րագի­րը, կա­րեւոր էին, հե­տաքրքրա­կան ու ար­դիական։

Մի­ջազ­գա­յին այս գի­տաժո­ղովին մաս­նակցե­ցան Թուրքիայէն, Լի­բանա­նէն, Հա­յաս­տա­նէն եւ աշ­խարհի տար­բեր վայ­րե­րէն ժա­մանած հայ, թուրք եւ օտար մաս­նա­գէտ­ներ, հան­րա­յին գոր­ծիչներ, որոնց կար­գին նշե­լի են ԱՄՆ-էն Խա­չիկ Թէօլէօլեանի, Ռու­բի­նա Փի­րու­մեանի, Լոն­տո­նէն Հրաչ Չի­լին­կի­րեանի, Լիզ­պո­նէն Ռազ­միկ Փա­նոսեանի, Պէյ­րութէն Մկրտիչ Մկրտի­չեանի, Վա­չէ Փա­փազեանի, Անի­թա Թու­թի­կեանի, Հա­յաս­տա­նէն Յա­րու­թիւն Մա­րու­թեանի, Սու­րէն Դա­նիէլեանի, Թուրքիայէն Մու­րատ Ճան­քա­րայի, Փը­նար Քա­րաքըլ­չը­քի, Արա­րատ Շե­քերեանի անուննե­րը։ Անգլե­րէն, թրքե­րէն կամ հա­յերէն ներ­կա­յացուած զե­կու­ցումնե­րը կը թարգմա­նուէին հա­մաժա­մանա­կեայ թարգմա­նու­թեամբ։

Գի­տաժո­ղովը սկսաւ «Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ»ի վար­չութեան նա­խագահ Ռա­քէլ Տին­քի ու «Հա­մազ­գա­յին»ի վար­չութեան ատե­նապետ Մկրտիչ Մկրտի­չեանի բաց­ման խօս­քե­րով։ Տինք նշեց, թէ հայ­կա­կան ինքնու­թեան քննար­կումը թրքա­կան ինքնու­թեան տե­սակէ­տէ առիթ մըն է՝ ազա­տագ­րուելու հա­մար հայ­կա­կան մտախ­տէն։ Հայ­կա­կան ինքնու­թեան վե­րաբե­րեալ իր դի­տար­կումնե­րը բա­ցատ­րե­լով՝ Մկրտի­չեան նշեց, թէ հայն ան է, որ ինքզինք կը բնո­րոշէ որ­պէս հայ։ Ապա բաց­ման զե­կոյ­ցը ներ­կա­յացուց ԱՄՆ-էն փրոֆ: Խա­չիկ Թէօլէօլեան՝ «Ինքնու­թիւննե­րու տա­րակու­սանքը՝ ժա­մանա­կակից հռե­տորա­բանու­թեան մէջ» խո­րագի­րով՝ ընդհա­նուր գծե­րով սահ­մա­նելով գի­տաժո­ղովին առանցքը։

«Յղա­ցական քննար­կում» խո­րագ­րեալ առա­ջին նիս­տը վա­րեց Մկրտիչ Մկրտի­չեան։ Հրաչ Չի­լին­կի­րեանի («Ի՞նչ է «հայ­կա­կանը»՝ հայ­կա­կան ինքնու­թեան մէ­ջե) ու Ռազ­միկ Փա­նոսեանի («Հայ­րե­նիք­ներ ու սփիւռքներ:բազ­մա­վայր-ազ­գա­յին ինքնու­թեան կա­ռու­ցումը») զե­կու­ցումնե­րէն ետք, անոնք պա­տաս­խա­նեցին ունկնդիր­նե­րու հար­ցումնե­րուն։

«Յետ-եղե­ռնեան ար­տա­յայ­տումներ», «Սփիւռքեան ինքնու­թիւններ եւ ժա­մանա­կատա­րածա­յին ծա­ւալ­նե­րը», «Հա­յը որ­պէս ազ­գա­յին ինքնու­թիւն», «Հայ­կա­կան ինքնու­թեան կրօ­նական սահ­մաննե­րը», «Հա­յերը Թուրքիոյ մէջ», «Ինքնու­թեան ներ­կա­յացու­մը գրա­կանու­թեան մէջ» անուննե­րով կնքուած նիս­տե­րուն քննար­կուեցան 1915-ի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 4-րդ սե­րունդին կող­մէ ըն­կա­լու­մը, արուես­տի ու հա­ւաքա­կան ինքնու­թեան առնչու­թիւննե­րը, անդրազ­գա­յին ֆե­մինիստ եր­կխօ­սու­թիւնը, հա­լէպա­հայե­րու, թիֆ­լի­սահա­յերու, ֆրան­սա­հայե­րու, ամե­րիկա­հայե­րու, ռու­մա­նահա­յերու, յոր­դա­նանա­հայե­րու, թրքա­հայե­րու, Պուրճ Հա­մու­տի հա­յերու բազ­մա­զան փոր­ձա­ռու­թիւննե­րը, նիւ­թին՝ ազ­գա­յին-կրօ­նական, լե­զուամ­տա­ծողա­կան, ըն­կե­րա-լե­զուա­բանա­կան ու գրա­կան ոլորտնե­րու մէջ ու­նե­ցած ար­տա­յայ­տումը։

Գի­տաժո­ղովի փակ­ման կա­յացաւ ասու­լիս մը, որ վեր­նագրուած էր «Ար­դի կի­րառում- ապա­գայ ուղղու­թիւններ»։ Ասու­լի­սը վա­րեց իս­թանպու­լա­հայ մտա­ւորա­կան Քա­րին Քա­րաքաշ­լը։ Մաս­նա­կից­ներն էին «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան» հիմ­նարկու­թեան հայ­կա­կան հա­մայնքնե­րու բաժ­նի վա­րիչ Ռազ­միկ Փա­նոսեան, «Հա­մազ­գա­յին»ի գոր­ծա­դիր մարմնի ան­դամ Վա­չէ Փա­փազեան, ըն­կե­րաբան փրոֆ. Արուս Եու­մուլ եւ Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանի տնօ­րէնու­հի Սիլ­վա Քո­յումճեան-Մար­կո­սեան։ Ինչպէս բո­լոր նիս­տե­րու աւար­տին, այս ասու­լի­սի աւար­տին ալ մաս­նա­կից­նե­րը պա­տաս­խա­նեցին ներ­կա­ներու հար­ցումնե­րուն։

Հոկ­տեմբեր 14-էն սկսեալ գի­տաժո­ղովին տե­սագ­րութիւ­նը պի­տի տե­ղադ­րուի https://www.youtube.com/user/HrantDinkVakfi եւ http://hrantdink.org/ կայ­քէ­ջերուն վրայ։ Ներ­կա­յացուած զե­կոյցներն ալ կը ծրագ­րուի տպագ­րել առանձին հատորով մը։

Մասնակիցներու կարծիքներ

Մկրտիչ Մկրտիչեան («Համազգային»)- Նախ ըսեմ, որ տպա­ւորիչ է ներ­կա­ներուն բազ­մա­տեսա­կու­թիւնը։ Զա­նազան գա­ղութնե­րէն ներ­կա­յացու­ցիչներ, զե­կու­ցա­բեր­ներ կան, ինչ որ փաս­տօ­րէն հա­մահայ­կա­կան գի­տական հան­դի­պու­մի կը վե­րածէ այս ձեռ­նարկը։ Հա­մազ­գա­յինի ու «Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ»ի մի­ջեւ գոր­ծակցու­թեան առա­ջին օրի­նակն է, որ ըստ իս շատ յա­ջող է։ Եթէ կան թե­րու­թիւններ տես­նողներ՝ ապա թե­րու­թիւններ ամէն տեղ կրնան ըլ­լալ։ Բայց ինչքան որ խօ­սեցայ ներ­կա­ներուն հետ՝ բո­լորն ալ շատ լաւ տպա­ւորու­թիւններ ու­նէին եւ կ՚ըսէին, որ նման մի­ջոցա­ռումներ պէտք է ըլ­լան, նոյ­նիսկ՝ նոյն այս նիւ­թով, քա­նի որ եր­կու օրուան մէջ ներ­կա­յացուեցաւ կա­ցու­թիւնը միայն, ընե­լիք­նե­րու, որոշ նպա­տակ­նե­րու ճշդման մա­սին որե­ւէ խօսք չե­ղաւ։ Ինչպէս կը տես­նէք, այսքան խճո­ղուած յայ­տա­գիրով դժուարու­թիւններ կան նոյ­նիսկ հի­մա գո­յու­թիւն ու­նե­ցող նիւ­թե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու։

Ռազ­միկ Փա­նոսեան («Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան Հիմ­նարկու­թիւն»)- Շատ հե­տաքրքրա­կան գի­տաժո­ղով մըն էր քա­նի մը պատ­ճառնե­րով։ Առա­ջին՝ ցոյց տուաւ հայ­կա­կան ինքնու­թեան տար­բեր ան­կիւննե­րը։ Խօ­սեցանք նիւ­թե­րու մա­սին, որոնց մա­սին այս ձե­ւով ան­կա­րելի էր խօ­սիլ 20 տա­րի մը առաջ։ Երկրորդ՝ Պոլ­սոյ մէջ, որ հայ­կա­կան ինքնու­թիւնը կեր­տած կեդ­րոննե­րէն մէկն է, նման գի­տաժո­ղով մը ընե­լը, 1915-էն 100 տա­րի ետք, կար­ծեմ շատ կա­րեւոր ու խորհրդան­շա­կան է։ Հոս կրնանք խօ­սիլ ինքնու­թեան եւ ապա­գային մա­սին։ Եւ ան­շուշտ կազ­մա­կերպչա­կան առու­մով ալ շատ հե­տաքրքրա­կան էր։ Սփիւռքի մէջ հիմ­նուած կա­րեւոր մէկ հաս­տա­տու­թիւն մը՝ «Հա­մազ­գա­յին»ը, «Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ»ին հետ միաս­նա­բար կազ­մա­կեր­պեց այս գի­տաժո­ղովը։ Այ­սինքն երեք առումնե­րով՝ նիւ­թը, կազ­մա­կեր­պումը եւ թէ վայ­րը շատ հե­տաքրքրա­կան էին։

Հրաչ Չի­լին­կի­րեան (Օքսֆորտ հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս)- Պէտք է ըսել, որ բա­ցառիկ յա­ջողու­թեամբ ան­ցաւ այս եր­կու օրը։ Ին­ծի հա­մար յատ­կա­պէս իւ­րա­յատուկ երե­ւոյթ մըն է, որ «Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ»ն ու Հա­մազ­գա­յինը այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը կազ­մա­կեր­պած էին։ Հայ ինքնու­թեան մա­սին Պոլ­սոյ մէջ հա­ւաքուիլ ու խօ­սիլ՝ կար­ծես առա­ւել իմաստ ու ար­ժէք ու­նի մեր սփիւռքեան կեան­քին մէջ, որով­հե­տեւ յատ­կա­պէս մեր արեւմտեան ինքնու­թիւնը ծնած է այս վայ­րին մէջ եւ ո՛չ թէ միայն յա­գեցուած կը զգանք ակա­դէմա­կան իմաս­տով, այլ հո­գեպէս։ Ասի­կա կա­րեւոր հան­գա­մանք մըն է, ըստ իս։ Թէ՛ մէկ­տե­ղեց տար­բեր եր­կիրնե­րէ եւ հա­մալ­սա­րան­նե­րէ մաս­նա­գէտ­ներ եւ թէ մեզ կա­պեց այս կա­րեւոր հայ օճա­խին։ Երկրորդ ար­ժէ­քը՝ յատ­կա­պէս կ՚ու­զեմ այստեղ շեշ­տել «Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ»ին դե­րը սփիւռքին մէջ։ Ես հիմ­նարկին դե­րը կը նկա­տեմ որ­պէս նոր լոյս մը սփիւռքեան կեան­քէն ներս, որ շատ կարճ ժա­մանա­կի մը ըն­թացքին կրցաւ իր յա­ռաջա­դէմ, ծրագ­րա­յին իմաս­տով աշ­խոյժ գոր­ծունէու­թիւն մը ծա­ւալել եւ ես ասի­կա կը նկա­տեմ հսկա­յական յա­ջողու­թիւն մը բո­լոր մեր սփիւռքեան կեան­քին մէջ։ Ին­չո՞ւ։ Սփիւռքի մեր կա­ռոյցնե­րը, կար­ծես, անցնող 100 տա­րուան ըն­թացքին սկսած են այ­լեւս յոգ­նիլ, տկա­րանալ, ինչ ինչ պատ­ճառնե­րով։ Բայց ահա­ւասիկ նո­րէն մեր արեւմտեան մշա­կոյ­թին սիր­տին մէջ վե­րականգնած, նոր ըն­ձիւղում մը կայ՝ «Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ»ի մի­ջոցով, եւ կա­րեւոր լոյս մըն է որ, ես կը հա­ւատամ, աւե­լի պի­տի ու­ժեղ ձե­ւով մեր սփիւռքի կեան­քին մէջ, յատ­կա­պէս Մի­ջին Արե­ւել­քի ու Եւ­րո­պայի մէջ, նո­րու­թիւն մը բե­րէ։

Փը­նար Քա­րաքըլ­չըք (ԻՆԱԼ­ՔՕ)- Շատ յա­ջող, մաս­նա­գիտօ­րէն յա­գեցած գի­տաժո­ղով մըն է։ Թուրքիոյ մէջ ցարդ կազ­մա­կեր­պուած չէր գի­տաժո­ղով մը, որ ի մի բե­րէ այս նիւ­թե­րով զբա­ղող մաս­նա­գէտ­նե­րը։ Այդ պատ­ճա­ռով ապա­գային կա­տարե­լի հա­յագի­տական աշ­խա­տանքնե­րու տե­սակէ­տէ ալ օգ­տա­կար ձեռ­նարկ մըն էր։ Թէ՛ մեզ յա­րաբե­րու­թեան մէջ կը դնէ իրա­րու հետ, թէ՛ տե­ղեակ կը դառ­նանք այն աշ­խա­տաք­նե­րուն, զորս հա­յագէտ­ներ կամ այլ ոլորտնե­րէ մաս­նա­գէտ­ներ կ՚իրա­կանաց­նեն Թուրքիոյ մէջ կամ այ­լուր։ Շատ լաւ է ու յու­սադրող։

Ռու­բի­նա Փի­րու­մեան (UCLA)- Առա­ջին ան­գամ էր որ ոտք էի դնում Պո­լիս։ Պի­տի ասեմ, որ որոշ չա­փով վա­խով ու զգու­շութեամբ ոտք դրե­ցի, հէնց առա­ջին օրն էլ փա­րատուեց վախս եւ ինձ զգա­ցի շատ հա­րազատ մթնո­լոր­տի մէջ։ Կազ­մա­կեր­պուած էր շատ լաւ։ Նիւ­թը շատ կա­րեւոր էր եւ այս նիւ­թը Պոլ­սում ար­ծարծե­լով կար­ծես աւե­լի մեծ իմաստ էր ու­նե­նում։ Եւ ես հպարտ եմ որ մաս կազ­մե­ցի այս կա­րեւոր քննարկման։ Այս գի­տաժո­ղովը մա­նաւանդ ինձ առիթ տուեց մօ­տից ծա­նօթա­նալու այն փոք­րա­թիւ թուրք եւ քուրդ մտա­ւորա­կան­նե­րի հետ, մեծ մա­սամբ երի­տասարդ, ով­քեր հա­մար­ձա­կու­թիւնն են ու­նե­ցել դէմ յան­դի­ման գա­լու ան­ցեալի հետ, մօ­տենա­լու հայ­կա­կան կո­տորած­նե­րի, ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին, շատ տար­բեր տե­սան­կիւննե­րից։ Կա­րեւոր էր տես­նել հայ ազ­գա­յին ինքնու­թեան թե­մայի քննար­կումն ու ըն­կա­լու­մը նախ հէնց հայ մտա­ւորա­կանի կող­մից՝ Մի­ջին Արե­ւել­քից, Արեւ­մուտքից եւ Արե­ւել­քից -Եւ­րո­պա եւ Ամե­րիկա-, տար­բեր մօ­տեցումնե­րով, տար­բեր տե­սան­կիւնից, բայց նաեւ նոյն թե­մայի քննար­կումը օտար­նե­րի կող­մից։ Տա­րիներ է խօ­սում ու գրում ենք կարծրա­տիպե­րը քան­դե­լու, այս պա­րագա­յում՝ ինքնու­թեան յղաց­քը ներ­կայ պայ­մաննե­րին եւ աշ­խարհա­քաղա­քական դրուած­քի պայ­մաննե­րի իրա­կանու­թեան մէջ ձե­ւաւո­րելու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։ Այստեղ, այս գի­տաժո­ղուում տե­սայ են­թա­հողը՝ հայ մար­դու դէմքն ու տի­պարը քննար­կե­լու հա­մար։

Արաս Էր­կիւնեշ («Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ»)- Թե­րեւս նոր սկիզ­բի մը առա­ջին քայ­լը եղաւ այս հա­մաժո­ղովը, զոր կազ­մա­կեր­պած էինք «Հա­մազ­գա­յին»ի ու «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան»ի նման սփիւռքի եր­կու կա­րեւոր հաս­տա­տու­թիւնե­րու հա­մագոր­ծակցու­թեամբ եւ հե­ղինա­կաւոր ակա­դէմա­կան­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ։ Ինքնին նշա­նակա­լից է նաեւ 100, թե­րեւս աւե­լի քան 100 տա­րիներ անց նման հա­մաժո­ղովի մը կազ­մա­կեր­պումը Պոլ­սոյ մէջ, որ հա­յագի­տու­թեան կեդ­րոննե­րէն մէկն էր ու այ­սօր ալ ատակ է դառ­նա­լու։ Այս տե­սակէ­տէ եր­ջա­նիկ ենք։

Յա­րու­թիւն Մա­րու­թեան (ՀՀԳԱԱ Հնա­գիտու­թեան եւ Ազ­գագրու­թեան Ինստի­տուտ)- Շատ մեծ հե­տաքրքրու­թեամբ եմ ունկնդրում զե­կու­ցումնե­րը, հե­տաքրքիր ու բազ­մա­ժան­րա­յին է, տար­բեր ոլորտնե­րից։ Շատ ու­րախ եմ որ երի­տասարդներ կան, երի­տասարդներ նաեւ՝ Թուրքիայից։ Այ­սինքն հա­յագի­տու­թիւնը Թուրքիայում ու­նի ապա­գայ։ Դա նոյնպէս շատ ող­ջունե­լի է։ Միակ բա­նը որ ինձ հա­մար սկզբունքա­յին է՝ գտնում եմ որ հա­յագի­տական գի­տաժո­ղով­նե­րը պէտք է լի­նեն հա­յերէն։ Եւ գտնում եմ որ լե­զուամ­տա­ծողու­թիւնը ստեղծւում է եթէ այդ լե­զուով զե­կու­ցողնե­րը կա­րողա­նում են նաեւ գի­տական բնոյ­թի մտքեր շա­րադ­րել եւ մա­տու­ցել հան­րութեան։

Հիւ­լիա Ատաք («Սա­պան­ճը Հա­մալ­սա­րան»)- «Հայ­կա­կան ինքնու­թեան քննա­կան մօ­տեցումներ» գի­տաժո­ղովը գրա­կանու­թեան, լե­զուա­բանու­թեան, ըն­կե­րա-լե­զուա­բանու­թեան, մար­դա­բանու­թեան, պատ­մութեան ոլորտնե­րէ զե­կու­ցումնե­րով բա­ւական նո­րու­թիւններ մա­տու­ցեց մե­զի։ Յու­սամ «Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ»ը հրա­պարա­կէ այս զե­կու­ցումնե­րը ան­ջատ հա­տորով մը։ Մա­նաւանդ կա­յին նիւ­թեր, որոնց մա­սին չէինք գի­տեր, ինչպէս՝ Պուրճ Հա­մու­տի մէջ խօ­սուող թրքե­րէնի բար­բառնե­րուն, վկա­յաբա­նու­թիւննե­րու եւ անոնց թարգմա­նու­թեանց հի­ման վրայ լե­զուա­կան հար­ցի քննու­թեան վե­րաբե­րող զե­կոյցնե­րը մտա­ծելու մղե­ցին մեզ, թէ ար­դեօք ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը լե­զու մը ու­նէ՞ր։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ոճ­րա­գործնե­րը ար­դեօք ու­նէի՞ն յա­տուկ լե­զու մը եւ ար­դեօք ատի­կա ընտրեա՞լ մի­ջոց մըն էր։ Ին­չո՞ւ, օրի­նակ, հա­յատառ թրքե­րէնով գրի առ­նուած էին շարք մը վկա­յագ­րութիւններ… Հար­ցեր, որոնք առա­ջին ան­գամ դրուեցան մեր առ­ջեւ։

2016-10-17
e-mail: info@hrach.info
Copyright © 2024 Hratch Tchilingirian. All rights reserved.