Սուրիահայերու խնդիրը

«Սուրիահայերու խնդրով սփիւռքի կառոյցները անկարող դուրս եկան» Հրաչ Չիլինկիրեան

Աերւելք, 7 Հոկտեմբեր 2016

Arevelknews

«Քաոսային վիճակ կը տիրէ ոչ միայն սուրիահայութեան մօտ, այլ նոյնիսկ` սուրիահայ ղեկավար մարմիններուն մօտ»,-«Արեւելք»ին ըսաւ սփիւռքահայ մտաւորական Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ իրավիճակին մասին կարեւոր շեշտադրում մը կատարեց Դամասկոսի Թեմի առաջնորդ՝ Տ. Արմաշ Սրբազանը, որ շատ յստակ ձեւով յայտնեց, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը բան մը կ′ընէ, տեղական մարմինները՝ ուրիշ բան: Համադրուած աշխատանք չկայ: «Մանաւանդ այս կացութեան մէջ, ալ շատ բան չեն կրնար ընել, որովհետեւ ամէն վայրկեան ռումբեր կը տեղան: Այժմ, ամէնէն կարեւոր խնդիրը անցք մը ապահովելն է, որպէսզի հոնկէ դուրս գալ ուզող ժողովուրդը աւելի ապահով տեղեր փոխադրեն»,-ըսաւ Հ. Չիլինկիրեան: 

Սուրիոյ եւ մանաւանդ՝ Հալէպի, ճգնաժամային այս օրերուն, Սփիւռքի մէջ, հիմնական երկու նիւթեր կ′արծարծուին. Հալէպը՝ իբր մայր գաղութ պահե՞լ, թէ՞ հայերը տարհանել հոնկէ, թէկուզ՝ ժամանակաւորապէս: Այս մասին իր կարծիքը նեկայացնելով Չիլինկիրեան, ըսաւ. «Մեր խնդիրը այլեւս մայր գաղութը պահելը կամ չպահելը չէ: Այս մօտեցումը այլեւս անցեալին կը պատկանի: Հիմա կենաց մահու խնդիր կայ. ինչպէ՞ս կարելի է ժողովուրդին կեանքը փրկել: Ամբողջ ջանքերը այս ուղղութեամբ պէտք է տարուին: Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ՝ Յարութիւն Սելիմեան, Հալէպի մէջ, կը դիմադրէ ժողովուրդին հետ: Ան ահազանգ հնչեցուցած է սփիւռքի, պետութիւններու եւ համայնքներու մէջ, բայց ո՞վ կը լսէ զինք»:

Նշենք, որ սուրիական արհաւիրքի 5 տարիներու ընթացքին, սփիւռքի զանազան կառոյցներ դրամահաւաք կազմակերպեցին՝ օժանդակելու սուրիահայութեան: Այս օժանդակութիւնները մարդոց յատկացուեցան որպէս մարդասիրական եւ նիւթական օժանդակութիւններ: Չիլինկիրեան կը նախընտրէր, որ այլ ձեւ որդեգրուի օգնելու համար խուճապահար հայորդիներուն: Ան ըսաւ. «Ըստ իմ տեղեկութիւններուս, գործնական գետնի վրայ մեծ խնդիրներէն մէկը Հայաստան հասնողներուն վիճակն է: Եթէ մարդիկ հասնին Հայաստան, ո՞վ պիտի դիմաւորէ զանոնք, ո՞ւր պիտի երթան: Այս մէկը եւս մեծ խնդիր է: Հալէպ մնացողներուն մեծամասնութեան մտահոգութիւնը այս է: Նոյնն է  նաեւ Լիբանանի հայահոծ շրջաններ տեղափոխուիլ ուզողներու պարագան: Նախընտրելի է, որ այդ մարդիկ իմանան, որ երբ Պէյրութ կամ Երեւան հասնին, կուսակցութիւն մը կամ միութիւն մը կը սպասէ զիրենք, եւ կեցութեան վայր կ′ապահովէ, գոնէ ամսուան մը համար: Շատ մտածել պէտք չէ՝ լուծումներ գտնելու համար: Օրինակ, դպրոցի մը սրահը անոնց տրամադրելով, կամ նոյնիսկ կաթողիկոսարանին բակը վրաններ տեղադրելով, որպէսզի այս մարդիկ ժամանակաւորապէս ապահով զգան:

Այս վերջին 2 տարուան ընթացքին բացայայտ դարձաւ, որ մեր կազմակերպութիւններն ու կուսակցութիւնները տակաւին պատրաստ չեն միասին աշխատելու: Ամէն մարդ, իր սահմանները ճշդած, միւսին նախաձեռնութիւնը կը սպասէ, որպէսզի գործակցին միասին: Ոչ մէկ մարմին միւսին զիջելու տրամադրութիւն ունի: Սփիւռքի մէջ այսօր, գործող հիմնական  7 մարմիններ կան՝  3 կուսակցութիւնները, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը,  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը,  Հայ  Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը  եւ Հայ Աւետարանական համայնքը իսկ մնացեալը բոլորը ենթակայ են իրենց: Արդեօ՞ք այս 5 տարուան ընթացքին, լսեցինք որ բոլորը հաւաքուած են մէկ տեղ եւ որոշում կայացուցած են, թէ ի՞նչ պէտք է ընել սուրիահայութեան համար: Սփիւռք եւ Հայաստանի պետութիւն գործը իրար վրայ կը նետեն: Միւս կողմէ, ակնյայտ է, որ սփիւռքը կարողութիւն ալ չունի սուրիահայերու հարցերուն համար մշտական լուծումներ գտնելու: Իմ կարծիքով,  սփիւռքի անկարողութիւնը կարեւոր բացայայտում է, որովհետեւ սփիւռքի կառոյցները խօսքի կառոյցներ են, քան կարողութեան: Օրինակ եթէ 1000 սուրիահայ պիտի ընդունիս, ըսենք Լիբանանի մէջ, կարողութիւն պէտք է ունենաս միջոցներ հայթայթելու, ինչ որ այս մարդիկը չունին: Դրամահաւաք ընողները կրնային ըսել, որ մենք այս գումարները կը յատկացնենք այս նպատակին համար, այս մարդիկ թող գան 1 ամիս պահենք իրենց, յետոյ իւրաքանչիւրը իր գլխուն ճարին կը նայի, ինչպէս Գանատան կ′ընէ: Անոնք երաշխաւոր կը գտնեն, 1 տարի այդ մարդուն հոգ տանին, մինչեւ ոտքի ելլէ: Մարդուն սկիզբը պիտի օգնես, որպէսզի կարողանայ իր կեանքի նոր պայմաններուն յարմարիր ու ոտքի կանգնիլ»,- աւելցուց ան:

Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանի՝ վերջերս կատարած դիտարկումներուն անդրադառնալով սփիւռքահայ ընկերաբանը նշեց. «Զաքարեան խուսափեցաւ այն հարցին պատասխանել, թէ ինչո՞ւ սուրիահայերը չեն ուզէր գալ Հայաստան: Շատ յստակ է ինչո՞ւ: Ենթադրենք, որ Հալէպէն 10 ընտանիքներ Հայաստան տեղափոխուեցան եւ մեր նախարարութեան ցուցաբերած աջակցութեամբ անոնց տան վարձքերու որոշակի ապահովումը կատարուեցաւ, բայց այս բոլորը բաւարար չեն: Այս մարդիկը քանի մը տարիէ անգործ են եւ չեն գիտէր սկզբնական շրջանին ո՞ւր պիտի մնան: Նախ պէտք է գետինը պատրաստել, որպէսզի մարդոց ընդունիս: Մենք միայն կ′ըսենք Գանատա մի երթաք, այլ եկէք ՝Հայաստան»:

Վերջերս Հալէպէն աղերսանքներ կը լսենք, հալէպահայեր կը խնդրեն միջոցներ գտնել զիրենք հրթիռներու կրակէն փրկելու: Չիլինկիրեան մատնանշեց. «Հայաստան գտնուողները պէտք է յստակացնեն սուրիահայերու ընդունման համար ի՞նչ միջոցներ կան, եւ հալէպահայուն յայտարարուի, որ Հայաստանի մէջ ի՞նչ պայմաններ կը գործեն եւ ինչ օժանդակութիւնները կրնան ստանալ, այն ատեն մարդիկ կը համոզուին, որ մեծ խնդիրներու առջեւ պիտի չ′ըլլան: Այս մարդիկ ամէն տեսակի նեղութիւններէ անցած են, ըլլան ատոնք նիւթական, ֆիզիքական կամ հոգեկան: Ուրեմն, հիմա, բոլորը պէտք է աշխատին, որպէսզի այդ ընտանիքներուն հոս գալու հարթակ ստեղծուի»:

Խօսելով Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի գաղութին սպասող մօտիկ ապագային մասին Չիլինկիրեան եզրակացուց. «Իրականութիւն մըն է, որ շատ դժուար է վերականգնել, ինչ որ կար 5 տարի առաջ: Պէտք է սպասենք պատերազմի աւարտին եւ անկէ ինչ կրնանք փրկել: Գաղութի թիւը վստահ պիտի նուազի, որուն հետեւանքով միջոցներն ալ կը նուազին: Այս առումով հիմնական օրինակը Լիբանանն է, որ 30 տարուան պատերազմէն ետք, տակաւին կայուն է, իբր գաղութ: Սուրիան ալ շատ չի տարբերիր Լիբանանէն, նոյն միջավայրն է: 20-30 տարի ժամանակ պէտք է, որ մարդիկ իրենց աշխատանքները վերակարգաւորեն եւ յետոյ այդ եկամուտները օգտագործեն գաղութը վերականգնելու համար: Մեր հաստատութիւնները պահողը մեր ժողովուրդն է, ոչ թէ՝ պետութիւնը: Ուրեմն համայնքը տնտեսական ուժ պէտք է ունենայ, որպէսզի կառոյցներն ալ ուժ ունենան: Հալէպը իբր գաղութ պիտի վերականգնուի, բայց նոյն մակարդակով պիտի չըլլայ: Իմ կարծիքով նոյնիսկ, եթէ աւերուած կառոյցները վերաշինելու կամեցողութիւնը ըլլայ, նիւթական կարողութիւնները պիտի պակսին»,- եզրակացուց լոնտոնաբնակ մտաւորականը: 

2016-10-17
e-mail: info@hrach.info
Copyright © 2024 Hratch Tchilingirian. All rights reserved.