«Պայքար», 29 Յունուար 2023
«Մինչեւ հիմա Սփիւռքի իրական ներուժը դուրս չէ բերուած եւ այդ առումով ահռելի աշխատանք կայ տանելիք». Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան
Սագօ Արեան
Դէպի ո՞ւր կ՚ընթանայ հայկական սփիւռքը, Ի՞նչ ունէինք երէկ եւ այսօր ինչքա՞ն իրական է մեր մտապատկերին մէջ գոյացած եւ մարմին առած սփիւռքը։ Ի վերջոյ՝ այսօրուայ բարդ կացութեան մէջ, ի՞նչ է սփիւռքի ըսելիքը եւ առաւելաբար՝ անոր գործը: