Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմը, ղեկավարութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, նախաձեռնած է երկարաժամկէտ նորարարական ծրագիրներու եզակի աշխատանք մը, որուն նպատակն է արագ զարգացող աշխարհին մէջ վերակազմաւորել, կենսունակ պահել ու ժամանակակից դարձնել Թեմը: Այս յանդուգն ծրագիրը իրականացնելու առաքելութիւնը վստահուեցաւ յայտնի գիտաշխատող եւ համալսարանի դասախօս Դոկտոր Հրաչ Չիլինկիրեանին, որ ընթացիկ տարուայ Յուլիս 1-ին նշանակուեցաւ նորարարական ծրագիրներու տնօրէն:
Դոկտ. Չիլինկիրեան ակադմեկան լայն փորձառութիւն ձեռք ձգած եւ դասախօսած է Մեծն Բրիտանիոյ Օքսֆորտի (2012–2024) եւ Քեմպրիճի համալսարաններէն ներս (2002–2012): 2021 թուականէն սկսեալ հայագիտական նիւթեր կը դասաւանդէ Փարիզի Ինալքօ համալսարանէն ներս: Անոր մասնագիտութիւնը կ՛ընդգրկէ հասարակագիտութիւն, սփիւռքագիտութիւն, եկեղեցաբանութիւն, ինքնութեան եւ մշակոյթի հարցեր եւ հիմնախնդիրներ: Ան իր դոկտորական աստիճանը ստացած է Լոնտոնի տնտեսագիտութեան եւ քաղաքագիտութեան հեղինակաւոր համալսարանէն (London School of Economics), միաժամանակ ունենալով քաղաքական գիտութիւններու, կառավարչութեան եւ աստուածաբանութեան համալսարանական բարձրագոյն վկայականներ:
Հեղինակ եւ գիտաշխատող Դոկտ. Չիլինկիրեան լայն հրապարակումներ կատարած է ինքնութեան, մշակոյթի եւ կրօնի, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու եւ փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն մասին: Անոր աշխատանքը արժանացած է ճանաչման թէ՛ ակադեմական, թէ՛ քաղաքականութիւն ճշդող շրջանակներու մէջ: Ան դասախօսած է միջազգային մակարդակով, իսկ իր մասնագիտական մեկնաբանութիւնները լոյս տեսած են BBC News, The New York Times, Financial Times, Al Jazeera եւ Fox News-ի մէջ: Դոկտ. Չիլինկիրեան եղած է նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հովանաւորած «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» գիտահետազօտական ծրագրի տնօրէնը (2019-2024), որուն մասնակցած են 10 երկիրներու 50 համայնքներու մէջ ապրող աւելի քան 12 հազար սփիւռքահայեր:
Դոկտ. Չիլինկիրեան նախապէս վարած է բարեգործական կազմակերպութիւններու գործադիր պաշտօններ եւ ղեկավարած բազմաթիւ քաղաքացիական եւ մասնագիտական նախագիծեր՝ թէ՛ ԱՄՆ-ի եւ թէ՛ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ:
Առաջնորդ Յովնան Սրբազան ըսաւ,– «Դոկտ. Չիլինկիրեան, իր ակադեմական լայն փորձառութեամբ, համայնքային կեանքի մէջ տարիներու իր ղեկավար դերակատարութեամբ եւ հասարակական կեանքի մէջ գերգրգռուածութեամբ ճիշդ անձն է մասնագիտօրէն մեր թեմը առաջնորդելու վերանորոգումի եւ վերափոխումի այս կարեւոր ժամանակաշրջանին։»
Անդրադառնալով նորարարական ծրագրին, Սրբազանը շեշտեց, թէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եկեղեցական եւ համայնքային կազմակերպութիւններուն մէջ առկայ են արդիականացման եւ վերակազմակերպումի հրատապ անհրաժեշտութիւնը: «Այս նորարար նախագիծը նոր հանգրուան մըն է Արեւմտեան Թեմի յանձնառութեան մէջ` խորացնելու հաւատքը, մշակութային ժառանգութիւնը եւ առաւել արդիւնաւէտ ծառայելու մեր համայնքներուն:» Յովնան Սրբազանի պատգամը յստակ է. «Սա ընտրանքային ձեռնարկ մը չէ, այլ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն անհրաժեշտ պատասխան մը», ըսաւ ան` շեշտելով, որ ասիկա կը պահանջէ հաւաքական եւ անհատական լայն շրջանակներու համագործակցութիւնը: Մարդկային, մտաւորական կամ նիւթական միջոցներ ստեղծելը եւ համապարփակ համագործակցութիւնը անհրաժեշտ են, արագ փոփոխուող աշխարհի մը մէջ մեր հաստատութիւններուն արդիականութիւնն ու կայունութիւնը ապահովելու համար:»
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը անցնող 100 տարիներու ընթացքին եղած է յենարան սիւնը Թեմի տասնեակ ծուխերուն. Առաջնորդարանը ծառայած է որպէս կարեւոր հոգեւոր, մշակութային եւ ընկերային կենտրոնավայր եւ իր ծառայական առաքելութիւնը ծաւալած է հասնելով այս մեծ համայնքի բազմազան կարիքներուն: Վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին Թեմակալ Առաջնորդի՝ Յովնան Արքեպիսկոպոսի իմաստուն եւ հեռատես առաջնորդութեան ներքոյ, Արեւմտեան Թեմը առաւելագոյնս իր ծառայութիւնը ծաւալած ու ընդարձակած է վերածուելով սփիւռքեան մեծագոյն հայկական օճախներէն մին, իր բազմաթիւ հաստատուած եւ նորահաստատ ծուխերով, պատմական եւ նոր եկեղեցիներով:
Այս հարուստ ժառանգութեան աւելցնելով, Արեւմտեան թեմը դէպի ապագան նայող հաստատութենական նորարարութիւններու երկու ուղղութիւններով ռազմավարութիւն որդեգրած է։ Այս նախաձեռնութիւնը կը միտի ամրապնդել իր առաքելութիւնը, միաժամանակ յարմարելով արագ զարգացող ամերիկեան եւ համաշխարհային իրադարձութիւններուն:
Յուլիս ամսուն Դոկտ. Չիլինկիրեանի նշանակումէն ի վեր, Թեմը արդէն իսկ ձեռնարկած է հաստատութենական ինքնագնահատումի գործընթաց մը, որ ռազմավարութեան առաջին մասն է, թէ՛ թեմական եւ թէ ծխական մակարդակներու վրայ։ Իբրեւ առաջին քայլ՝ Յունիսի վերջաւորութեան ձեւակերպուեցաւ Արեւմտեան թեմի առաքելութեան, տեսլականին, ռազմավարութեան եւ արժէքներուն մասին նախագիծը, որ վերատեսութեան համար բաշխուեցաւ Յուլիսի սկիզբը:
«Տեսլականի (Mission Statement) նախագիծը ուղարկուած էր Արեւմտեան թեմի աւելի քան 400 ծխական եւ թեմական վարչայիններու, հոգեւորականներու, յանձնախումբերու ղեկավարներու եւ այլոց».- բացատրեց Դոկտ. Չիլինկիրեան: «Երեք ամսուան վերատեսութեան ընթացքին հարուստ քննադատական եւ օգտակար արձագանգներ, տեսակէտներ եւ առաջարկներ ստացանք,» ըսաւ Չիլինկիրեան` աւելցնելով, թէ «մինչեւ տարեվերջ առաքելութեան յայտարարութիւնը վերջնական տեսք պիտի ստանայ եւ պիտի ծառայէ որպէս «ճանապարհային քարտէզ» Թեմի յառաջիկայ տարիներու ծրագիրներուն»:
Այս բոլորին առընթեր, Սեպտեմբերին ընթացք առաւ թեմական անձնակազմի ինքնագնահատումը`շաբաթական դրութեամբ հանդիպումներու կազմակերպումը Առաջնորդարանի անձնակազմին հետ, վերանայելով թեմական գործունէութիւնը եւ Առաջնորդարանի առաքելութիւնը աշխուժացնելու եւ ուժեղացնելու նպատակով: Կ՛ակնկալուի, որ այս փուլը իր աւարտին հասնի Նոյեմբերի վերջ եւ յաջորդ քայլը կ՛իրականանայ Թեմի տեղական կամ ծխական մակարդակի հանդիպումներով:
Ինքնաքննութեան յաջորդ փուլը պիտի կատարուի թեմի տեղական ծուխերու մակարդակներու վրայ։ Հաստատութենական նորարարութեան երկրորդ բաղադրիչը կը ներառէ նոր բաժնի մը ստեղծումը, որ պիտի կեդրոնանայ նորարարական ծրագիրներու եւ աշխատանքներու մշակման վրայ, որպէսզի քրիստոնէական հաւատքը եւ հայ մշակոյթը կենսունակ, աւելի համապատասխան եւ մատչելի դարձնեն յառաջիկայ սերունդներուն համար:
«Այս նախաձեռնութիւնը կը միտի հայկական հաւատքն ու մշակոյթը առօրեայ կեանքի փորձառութիւն դարձնել, որ համահունչ է արդի կեանքին, բայց միաժամանակ արմատացած կը մնայ հայկական հիմնական արժէքներուն մէջ,» ընդգծեց նորանշանակ տնօրէնը:
Արեւմտեան թեմը կը պատրաստուի իր հիմնադրութեան 100-ամեակին, որ տեղի պիտի ունենայ 2027 թուականին։ «Մեր տեսլականը այն է, որ Արեւմտեան թեմը շարունակէ մնալ յոյսի, սիրոյ եւ ծառայութեան կայան եւ յենարան, գոնէ յառաջիկայ սերունդներուն համար», - ըսաւ Առաջնորդ Յովնան Արքեպիսկոպոսը։