«Հաւասարում Նորոգ Սերունդներու Զրոյց Մը»
«Հայ ազգը կա՛մ պիտի կառուցանի, կա՛մ պիտի անհետանայ վերջնական մահով», Կոստան Զարեան
ՄՈՒՏՔ
Կը կարդայի Կոստան Զարեանի «Լեզուն Եւ Արիւնը» հատորի առաջինը, եւ նոր էի աւարտած «Քարը» գրութիւնը, եւ Երկուշաբթի, 15 Ապրիլ 2024-ին, Կիւլպէնկեան Հիմնարկութենէն հրաւէր եմակ մը ստացայ։ Կը հրաւիրուէի «իւրայատուկ ձեռնարկ»ի մը, որ երեքօրեայ «միջ- եւ ներ-սերնդային խօսակցութիւն» մը պիտի ըլլար։ Խօսակցութիւնը անուանուած էր «Հաւասարում Նորոգ/Սերունդներու Զրոյց Մը», եւ էր «ներշնչուած» Յարութիւն Քիւրքճեանի 1968-ի գրափորձէն։ Հրաւէրին կցուած էր «փաստաթուղթ» մը․ կը բացատրուէր ձեռնարկին նպատակը, եւ կը տրուէր բոլոր հրաւիրեալներուն անուանացանկը։ Ձեռնարկը նախատեսուած էր ըլլալ առիթ մը «քով-քով»ի բերելու մօտաւորապէս 30-էն 35 անհատներ (ամէն մէկ սերունդէն 8-12 ներկայացուցիչներ)։
«Հաւասարում Նորոգ»ը՝ նախատեսուած էր ըլլալու հանդիպում մը Սփիւռքի սեփական ձայնը վերահաստատելու, նաեւ՝ մտածելու Սփիւռքեան գոյավիճակը, վերլուծելու անոր հարցերը եւ համահայկական նիւթերուն մօտենալու՝ Սփիւռքեան տեսանկիւնէ:
«Քով քովի գալ»
Երկուշաբթի, 15 Յուլիսի առաւօտ կանուխ հազիւ հասած Լիզպոն եւ պանդոկ իջեւանած, աճապարեցի Հիմնարկութեան թիւ 1 սրահը, ուր երեք օրերու (9.30-18.00) վրայ տեղի պիտի ունենար «քով-քով»ի գալը, երեք սերունդներէ մշակութային, գրական եւ կրթական «ներկայացուցիչ»ներու։ Սրահին կից կար այլ սրահ մը՝ ուր «Լուսարձակ»ները տեղի պիտի ունենային։
Հանդիպման յայտագիրը ունէր չորս «Քննարկում»ներ, եօթ «Լուսարձակ»ներ, երկու «Կլոր սեղան» եւ մէկ ներկայացում։ Նախօրօք «Քննարկում»ներուն եւ «Կլոր սեղան»ի պահերուն (երկուքին տարբերութիւնը չհասկցայ) համար եմակով ղրկուած էին նիւթերու/հարցումներու առաջարկներ։
Բացման խօսքը կատարեց Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին տնօրէնը՝ Ռազմիկ Փանոսեանը։ Իր խօսքին մէջ նշեց «մի քանի ընդհանուր կէտեր», որոնք էին․
1) Ակնարկութիւն Քիւրքճեանի «Ահեկան»եան գրափորձին՝ իբրեւ ներշնչիչը սոյն ձեռնարկին։
2) Պարզում հանդիպման նպատակին, որ է ըլլալ վայր մը՝ ուր Սփիւռքը, յատկապէս անոր «արեւմտահայ սերունդը» ինքզինք կը մտածէ։
3) Յիշատակում Զօրեան հիմնարկի 1994-ին կազմակերպած «What is to be asked» թեմայով համախմբումին, եւ շեշտադրում թեմային շարունակման անհրաժեշտութեան։
4) Հաստատում, թէ 1988-ի Ղարաբաղեան շարժումէն ասդին՝ Սփիւռքը դադրեցաւ ինքզինք մտածելէ, եւ իր նայուածքը ամբողջապէս ուղղեց դէպի Հայաստան։ «Հաւասարում Նորոգ»ը համարեց առիթ՝ մասնակից ըլլալու դէպի Սփիւռք նայուածքի դարձին։
5) Նկատողութիւն՝ թէ 1968-1988 մշակուած հարուստ աւանդութիւն մը տակաւին չէ ժառանգուած, եւ Սփիւռքեան միտքը «անպտուղ» մնացած է։
6) Ստիպողութիւն սոյն կացութիւնը քննարկելու։ Եւ
7) Հիմնարկութիւնը քաղաքականութեամբ չի զբաղիր։
Յետ բացման խօսքին, մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը երկու-երեք նախադասութեամբ ինքզինք ներկայացուց։ Ապա երեքօրեայ ծրագիրը սկսաւ։
Առաջինը՝ քննարկում էր, եւ թեման՝ «Մշակոյթ-Գրականութիւն»։ Բոլոր քննարկումները (ներառեալ «Կլոր սեղան»ները) ունէին երեք զրուցատուներ, եւ անոնցմէ մին՝ վարիչն էր պահերուն։ Հնչեցին հարցադրումներ եւ կարծիքներ․ անոնցմէ՝ Առանց հայրենիքի կարելի՞ է մշակոյթ ստեղծել։ Ոչ-հայագիր գրականութիւնը կարելի՞ է հայ մշակոյթին մաս համարել։ Մշակոյթ մը չստեղծուիր նիւթական շատ սահմանափակ կարողութիւններով։ Մշակութային ինքնութիւն մը ստեղծելու համար՝ պէտք է գտնել բան մը, որ տարբերը կ’ընէ, գտնել սեփական տարբերութիւնը․ օրինակ բազմալեզու Սփիւռքին մէջ, հայերէնի գալը՝ տարբերութիւն մը գտնել է։ Գրականութիւնը հաստատութենական գործունէութիւն չէ, այլ՝ անհատական։ Նկատողութիւն՝ թէ խօսակցութիւնները կը թափառին «մշակոյթ» կոչուածի անորոշութեան մէջ, եւ խօսքերը կը դառնան միայն գրականութեան շուրջ, մինչդեռ մշակոյթը շատ աւելի մեծ է քան միայն գրականութիւնը։ Եւայլք։
Հետեւեցաւ Յարութիւն Քիւրքճեանի նուիրուած «Լուսարձակ»ը։ (Բոլոր «Լուսարձակ»ները նուիրուած էին երէց սերունդէ վաստակաւորներու, եւ վարուեցան երկուքական անձերէ։ Պահերը ընդհանրապէս կեդրոնացան անոնց ուղիին կամ ճանապարհին եւ արդիւնքներուն վրայ։ Հարցումներու առիթ չընծայուեցաւ ներկաներուն): Քիւրքճեան խօսեցաւ «Ահեկան»եան իր փորձառութեան եւ իր գործերուն մասին, առաւելաբար՝ հայ լեզուի իր հատորներուն կապակցաբար։ Գուցէ հարցազրոյցը վարողներուն թերացման պատճառով՝ ոչինչ ըսուեցաւ ՀՅԴ-ի պատմութեան եւ գաղափարաբանութեան խմբագրումի անոր աշխատանքին առնչութեամբ։ (Ասիկա կը նշեմ, որովհետեւ կայ փիլիսոփայական խնդրականացում մը, չըսելու համար մերժում մը հանդէպ բոլոր գաղափարաբանութիւններուն։ Անձնապէս պիտի ուզէի լսել, թէ Քիւրքճեան իր այն յիշեալ կարեւոր աշխատանքը ինչպէ՞ս հասկցած էր։ Արդար է ըսել, թէ ետքը՝ քննարկումի մը պահուն, ոմն տարբերութիւն դրաւ «գաղափարաբանութիւն» եւ «գաղափարախօսութիւն» եզրերուն միջեւ, ի նպաստ երկորդին): Նաեւ՝ քաղաքական յօդուածներուն։
Վեհանոյշ Թէքեանն էր «Լուսարձակ»եալը։ Քերթողուհին խօսեցաւ բանաստեղծութիւն իր մուտքէն։ Պարզեց բանաստեղծութեան իր ըմբռնումը, որ կարելի է խտացնել սահմանումին մէջ, թէ բանաստեղծութեան տողերը պէտք է որ «պսպղան» լեզուականօրէն, այլ խօսքով՝ արտայայտութիւնները փայլունութեան մը պէտք է հասնին, նոյնիսկ եթէ այն փայլունութիւնը՝ մութ ապրումներու կը վերաբերի։ Իրեն համար բանաստեղծութիւնը միջոց է ազատագրումի եւ փրկութեան։ Թէքեան անդրադարձաւ նաեւ իր արձակին, եւ բանաստեղծական ու արձակագրական տարբերութեան։ Արձակը բանաստեղծութենէն աւելի տարածուն ըլլալուն՝ առաւել կազմակերպումի, հակակշռումի կը կարօտի։ Ան նաեւ ցաւով աւելցուց դիտողութիւնը՝ հայ գիրին շուրջ տիրող համատարած անտարբերութեան հասցէին։ Փափաք յայտնեց, որ գրողներուն աւանդը պահպանուի տուն-թանգարաններու մէջ։
Հետեւեցաւ առաջին «Կլոր սեղան»ը (թէեւ մասնակիցները հաւաքուած էին քառանկիւն սեղանաշարի): Թեման՝ «Սփիւռք՝ Ժառանգութիւն Եւ Փոխանցում»։ Յետ երեք սերունդներէ զրոյցներու՝ կարծիքներ հնչեցին։ Անոնցմէ՝ Սփիւռքեան մշակոյթին մէջ՝ մոռացումը արեւմտահայ աւանդի ծննդավայրին, որ Կ․ Պոլիսն էր, թէ՛ իբրեւ հայ մտքի զարթօնքին միջավայր, թէ իբրեւ քաղաքական իրականութիւն, ուր կարելի եղած էր հայ ինքնութեան մը կերտումը։ Սփիւռքի մէջ ժառանգութեան փոխանցումի «բացակայութիւն»․ ձաղկուեցաւ «միջին սերունդ»ին «թերացում»ը։ Ակնարկուեցաւ Լիբանանի մէջ մշակութային զարթօնքին, որ կասեցաւ քաղաքացիական պատերազմին եւ մշակութային գործիչներու ու մտաւորականներու ցրւումին՝ իբրեւ պատճառ «թերացում»ին։ Եւ հարց տրուեցաւ՝ թէ իրապէ՞ս փոխանցում չէր կատարուած, մանաւանդ որ շատ շատեր, ներառեալ ձեռնարկին մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը տեղեակ չէր փոխանցուածէն։ Կասեցումը բացատրուեցաւ ազգայնական քաղաքականութեան սեւեռումով։ «Կլոր սեղան»ը չկլորցաւ, քառանկին ալ չեղաւ։
«Լուսարձակ»ն էր Խաչիկ Թէօլէօլեանի։ Հարցումներուն պատասխանելով՝ ան ամփոփեց Սփիւռքագիտութեան կրթանքին ստեղծման մէջ իր դերը։ Սփիւռքագիտական յօդուածներ կանխած էին իր մտքին կեդրոնացումը սոյն տարածքին վրայ։ Ինք որ գրականագիտութեան մասնագէտ մըն էր՝ կ’անցնէր հոն։ Թէօլէօլեան տեղեկացուց, թէ ինչպէս պատահած էր անցումը, յիշեց Զօրեան հիմնարկին ներկայացուցած իր առաջարկը, եւ հիմնարկին ընդառաջումը առաջարկին, եւ հրատարակութիւնն ու իր կողմէ խմբագրումը «Diaspora: a journal for transnational studies»ի, որ վերջին տարիներուն այլ խմբագիրներով կը շարունակուի։ Հայ Սփիւռքին համար անհրաժեշտ համարեց ընտրանիի մը ստեղծումը, որ պիտի կարենայ իր կացութիւնը եւ ինքզինք մտածել։
Չորքեշաբթի, 16 Յուլիս 2024։
Օրը սկսաւ Հրաչ Չիլինկիրեանի «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ»ով։ Չիլինկիրեան մանրամասնօրէն բացատրեց իր աշխատանքին արդիւնքը։ Անշուշտ իրմէ առաջ մտաւորական շրջանակներու մէջ յստակ էր ինքնութեան տարբաղադրումին համատարածութիւնը, գաղափարական տրամադրութիւններուն նուաղումը եւ ընդհանուր վիճակը, կազմակերպութիւններուն վայելած վարկին տկարացումը եւ նսեմացումը։ Իրը թիւերով ցոյց տալ էր վիճակը։ Մեթոտաբանական տարակարծութիւններէ անդին՝ հարցախոյզը օգտագործելի է կազմակերպութիւններուն կողմէ վերամտածելու եւ վերածրագրելու իրենց այլազան առաքելութիւնները։
Յաջորդը քննարկում էր կրթութեան։ Տիրող միտքը այն էր, թէ Սփիւռքի կրթական համակարգը կը կարօտի անցքի մը, մանկավարժութեան մը՝ որ հայապահպանման, հայեցի դաստիարակութեան սեւեռումէն անդին կ’անցնի, եւ ըստ իր բարդ կացութիւններուն՝ հայակերտումը կը մտածէ որպէս մարդակերտում մը, մարդակերտումի ձեւ մը։
Եւ կու գար Ժիրայր Լիպարիտեանի «Լուսարձակ»ը։ Լիպարիտեան ֆիզիքապէս ներկայ չէր հանդիպումին։ Պիտի խօսէր առցանց։ Թեքնիք խանգարում մը, որ պիտի յամառէր, կը տանէր մասնակիցները նախատեսուած «Կլոր սեղան»ին, որուն թեման էր՝ «Սփիւռքը՝ Երիտասարդներուն Աչքով»։ Ուշագրաւը երիտասարդներուն հակադիր համոզումներն էին։ Յայտնապէս կար առանցք մը, ըստ որուն՝ անհրաժեշտ էր անցնիլ զգացական ինքնութենէն գիտակցական ինքնութեան, քանի որ զգացական ինքնութիւնը ալ սպառած էր, ու ձանձրացուցիչ, եւ անգամ՝ զզուելի դարձած էր։
Ապա կարելի պիտի ըլլար Լիպարիտեանի ելոյթը, որուն բովանդակութիւնը, ինչպէս Ռազմիկ Փանոսեան պիտի ըսէր եզրափակիչ իր խօսքին մէջ, ժխտումն էր հանդիպման գլխաւոր առաջադրութեան, որ է ներդրում ունենալ Սփիւռքի կազմակերպման եւ ինքնուրոյն մշակութային եւ քաղաքական գործունէութեան մէջ։ Կարելի է ըսել՝ ոչ միայն հանդիպման առաջադրութեան, այլեւ բոլոր ճիգերուն, որոնք կը միտին անոր կազմակերպումին եւ ինքնուրոյն մշակութային եւ քաղաքական գործունէութեան։ Ըստ Լիպարիտեանի, Սփիւռքը երեւակայական Հայաստանով կ’ապրի, ուստի պէտք չէ իրական Հայաստանի քաղաքականութեան վրայ ազդելու նայի, եւ միայն զբաղի ինքնութիւն, մշակոյթ եւ լեզու պահելով։ Արձանագրելի է, որ Լիպարիտեանի ելոյթին ատեն կշռաւորներէ ոմանք, եւ այլք ընդվզելով՝ սրահը ձգեցին ու դուրս ելան։
Ժամն էր Գրիգոր Պըլտեանի «Լուսարձակ»ին։ Հարցազրոյցը վարողները կեդրոնացան անոր քերթողութեան վրայ։ Ուստի, հակաքերթողը (ըստ իր մէկ գրքի տիտղոսին կ’ընտրեմ այս անուանումը) պարզեց իր քերթողականը։ Ըստ իրեն, բանաստեղծութիւնը բացակայութեան «վէպ»ն է, ինչպէս գրած է տեղ մը․ իմաստին բացակայութեան «վէպ»ը։ Բանաստեղծութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ բանաստեղծութիւն կոչուածն իսկ, նաեւ՝ լեզուն։ Բացատրեց լեզուի եւ կշռոյթի իր տեսութիւնը։ Լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլեւ՝ յօրինելու, ստեղծելու, ճանչնալու, սփռելու զայն՝ որպէսզի սփռումի փորձառութիւնը խօսի։ Կշռոյթին կապակցաբար՝ զայն էական համարեց բանաստեղծութեան համար։ Դիտել տուաւ, թէ ցարդ մեր մօտ կշռոյթի ուսումնասիրութիւնները անբաւարար են, անոնք չեն անցած տաղաչափական կանոններու ցուցարկումը։ Բայց կշռոյթը շատ աւելին է քան լոկ տաղաչափական կանոնները։ Իր միտքը պարզող օրինակներ տուաւ։ Հետաքրքրութեամբ կը սպասեմ այն օրը, երբ Պըլտեան պիտի հրատարակէ կշռոյթի իր տեսութիւնը։
Եւ քանի քերթողական իր ծաւալուն վաստակը «Մանտրա» անունին տակն է, ապա ի պատասխան հարցումի մը՝ յստակացուց, թէ իր կատարածը՝ վանկի, բառի եւ խօսքի արտաբերութիւն հնդկական սրբազան մանտրայէն տարբեր է։ Խօսեցաւ կառուցուածքի կարեւորութեան մասին։ Իր մօտ քերթողական լեզուի տարրերը կը բանին նման համանուագային սկզբունքներու։ Իր քերթողութիւնը բազմաձայնական է։ Պըլտեանի համար՝ անիկա է վայր մը, զոր կը ստեղծէ՝ ըլլալու համար։ Սփիւռքեան փորձառութիւն մը՝ քերթողականօրէն։
Սահմանափակ ժամանակին մէջ կարելի չէր Պըլտեանի ծաւալուն եւ ամբողջական վաստակին շուրջ դառնալը, ուստի՝ «Լուսարձակ»ը մնաց անոր մշակած գրական սեռերէն միայն մէկուն վրայ։
Չորեքշաբթի, 17 Յուլիս 2024։
«Լուսարձակ» Սիլվա Գույումճեանի վրայ։ Գույումճեան տնօրէնուհին է Կ․ Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանին։ Ան խօսեցաւ իր կրթական կեանքի ճանապարհէն։ Տեղեկութիւններ տուաւ Կ․ Պոլսոյ միւս հայ վարժարաններուն մասին, բոլորին կրթական մակարդակին վրայ, դժուարութիւններուն՝ որ յաղթահարած է, եւ դժուարութիւններուն՝ որ կան։ Միշտ պահպանեց դրականութիւն մը, որ համակրելի էր։
«Սփիւռքի Քաղաքականութիւն» թեման եկաւ։ Խօսուեցաւ Սփիւռքը «ծայրէ ծայր վերամտածել»ու հարկաւորութեան մասին։ Ցեղասպանութիւնը՝ ստանձնելու ոչ իբրեւ բեռ, այլ իբրեւ պատասխանատուութիւն։ Ցեղասպանութենէն ծնած Սփիւռքը պէտք է համարել «նուէր» մը, եւ օգտուիլ անոր ընծայած կարելիութիւններէն։ Ցարդ Սփիւռքեան մտածելակերպը մնացած է հինցած կաղապարներու մէջ, չէ կրցած անոնցմէ դուրս ելլել։ Այն կաղապարներուն վրայ աւելցած է Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան ժխտական ազդեցութիւնը անոր վրայ։ Սփիւռքը պէտք է ինքնուրոյն մտածէ, եւ կարեւոր է ընդունիլ, որ անիկա վայրն է անհամաձայնութիւններու։
Եւ վերջին «Լուսարձակ»ը նուիրուած էր Մարկ Նշանեանի։ Նշանեան խօսեցաւ իր մանկութեան օրերուն հայ գիրին հետ հանդիպման մասին․ հանդիպում՝ որ պատահած էր «Յառաջ»ի շնորհիւ։ Պարբերականը իրենց տունէն ներս կը մտնէր կանոնաւորաբար։ Յիշեց իր ծանօթութեան հաստատումը Յարութիւն Քիւրքճեանի եւ Գրիգոր Պըլտեանի հետ։ Անոնց միջոցով եւ անոնց հետ հանդիպումները Զարեհ Որբունիի եւ Նիկողոս Սարաֆեանի հետ, ապա Վահէ Օշականի։ Ակնարկեց իր մտաւորական կեանքի անկիւնադարձներուն։ «Կամ» պարբերականէն խօսեցաւ։ Յայտնեց, թէ Նիւ Եորքի Գոլոմպիա Համալսարանին մէջ իր պաշտօնավարութեան ժամանակը՝ պիտի ըլլար սկզբնաւորութիւնը իր բեղուն շրջանին։
Հուսկ՝ «Սփիւռքի Գոյավիճակ» քննարկումն էր։ Յայտնուած միտքերէն․ Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալը՝ անհատին ընտրութիւնն է․ ընտրութիւն մը՝ որոշ տեսակի, ըստ սեփական ցանկութեան հայը ըլլալու․ ան բազմաթիւ խօսոյթներէն մէկը կ’ընտրէ, եւ կը մասնակցի անոր։ Հայ ըլլալը՝ միայն ինքզինք հայ զգալ չէ․ ինքզինք հայ զգալը շատ լաւ սկիզբ մըն է, որուն պէտք է հետեւի բան մը ընելու փափաքը․ բան մը ընել՝ ո՛չ իբրեւ բեռ, այլ ըստ սեփական նախընտրութեան եւ վարուելակերպի։ Դիտել տրուեցաւ, թէ Սփիւռքի անունը կրօնական ծագում ունի․ թէ անիկա աքսորի փորձառութիւն մը կը թելադրէ։ Այս մտքին առնչաբար, ուշադրութեան յանձնուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ բացթողումը Աքսորի աստուածաբանութեան։ Ընտրանիի ստեղծումը կարեւոր է։ Սփիւռքի մշակութային կեանքին համար՝ հարկ է խօսիլ ոչ թէ վերէն վար փոխանցումի մասին, այլ միջ-սերնդային փոխանակման։ Սփիւռքի արխիւներու հաւաքումը կարեւորուեցաւ։ Սփիւռքը մեծաւ մասամբ ցրօնքային գոյավիճակ եւ լինելակերպ ունէր, ունի․ փոքրամասնութիւն մը՝ անդրազգային․ ինքզինք կազմակերպող, իր վայրը ստեղծող Սփիւռք մը՝ ցարդ մտաւորականներու եւ գեղագէտներու անհատական հայեացք եւ փորձառութիւն է։
Երեքօրեայ մէկտեղման եզրափակիչ խօսքը տնօրէնինն էր։ Ան արձանագրած էր հետեւեալները․ 1) Հանդիպումը անհամաձայնութիւններ պարզեց, նոյնիսկ նոյն սերունդի միջեւ որեւէ համաձայնութիւն չկար․ 2) Կործանած են բոլոր կուռքերը, բայց կայ վախ՝ նոր կուռքերէ․ հրաժարիլ է պէտք կուռքերէն․ 3) Քիւրքճեանի 1968-ի գրափորձէն ասդին բան չէ փոխուած․ ընդհանրապէս «կաղապարէն դուրս չենք ելած»․ 4) Սփիւռքեան վայրը բազմակեդրոն է․ 5) Սփիւռքը չի կրնար Հայաստանի քաղաքականութենէն չազդուիլ, եւ չի կրնար զերծ մնալ անոր վրայ ազդելէ․ Հայաստանի քաղաքականութեան չխառնուելու յորդորները ժխտումն են Սփիւռքի անհատական եւ կառուցային ինքնութեան եւ գործունէութեան․ 6) Ստիպողական է Սփիւռքի մէջ փոփոխութիւն բերել՝ ընտրանիին հետ աշխատելով․ 7) Կարեւոր է Սփիւռքի մտածողութիւն մը կերտել՝ ինքնութեան տեւական վերանայմամբ։
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Երբ ուշադրութեամբ կարդացած ենք, կը կարդանք Յ․ Քիւրքճեանի գրափորձը («Երկրորդ Հաւասարում Բազմաթիւ Անյայտներով»՝ գրուած իբրեւ միաբանում Վարդգէս Պետրոսեանի «Հաւասարում Բազմաթիւ Անյայտներով»ին)՝ տեսած ենք, կը տեսնենք, թէ «հաւասարում»ը, որուն մասին կը խօսի հեղինակը՝ կը վերաբերի նախ եւ առաջ Սփիւռքի, ապա եւ՝ Սփիւռք-Հայաստանի, անոնց երիտասարդ սերունդներուն գոյութենական մակարդակի վրայ մի-ա-բանման, քանի որ անոնք իրարմէ անկախ են, եւ երկուքին միջեւ «վաւերական կապ մը՝ ո՛չ շրջաբերականով կը ստեղծուի, ո՛չ բաժակաճառով, ո՛չ ալ, մանաւանդ, Սփիւռքէն փոխ առնելով շահնուրեան պաթոս մը․․․եւ զայն վերստին Սփիւռքին հրամցնելով (տարագիր, թափառական, եւայլն․․․), ինչպէս կ’ընէ որոշ Երեւան մը, սկսելով պաշտօնական Երեւանէն»։ «Դրական» կապ մը կրնայ ստեղծուիլ, երբ երկուքը Ներկան կը փնտռեն․ ո՛չ թէ Աւանդութիւնը եւ Ներկան հակադրելու համար, այլ առաջինը վերաիմաստաւորելու «կենդանի, բարդ, մարդկային» Ներկային մէջ։ Հայութիւնը «մարդկայնօրէն ապրելու ձեւերէն մէկն է, կամ կրնայ ըլլալ»։ Արդ, հաւասարումը որուն մասին կը խօսի Քիւրքճեան՝ հայութեան երկու հատուածներուն հաղորդակցութիւնն է գոյութենական Ներկային մէջ, եւ ոչ՝ գաղափարաբանական ներկային, որ իր ժամանակը ըրած է։ Երկրորդ՝ «հաւասարում»ը լայնօրէն կը վերաբերի Սփիւռքեան «նոր տիպ»ի հայերու հաղորդակցութեան։ «Նոր տիպ»ի հայերը «ինքնանպատակ պահպանում»ի գաղափարաբանութենէն դուրս ելլողներն են, ժայթքողներն են դուրս՝ վասն գոյութենական Ներկային մէջ փոխադարձ ճանաչումի, փոխանակութիւններու, ի մի խօսք՝ հաղորդակցութեան։ «Հաւասարում»ը երբեք միօրինակութիւն չէ, այլ մի-ա-բանում, որ կ’ընդունի թէ կը մնան բազմաթիւ անյայտներ։
Քիւրքճեանի գրափորձը՝ ընդհանրապէս մտածումն է փոխյարաբերութիւններու երկու տարածքի․ գլխաւորաբար, ինչպէս նշեցի, ներ- եւ միջ- Սփիւռքեան, եւ ապա՝ Սփիւռք-Հայաստանեան։ Ուստի, կարելի է ըսել, թէ երեքօրեայ հանդիպումը չկրցաւ մտածել այն տարածքները։ Արտայայտութիւն գտան միայն հապճեպ հակասական եւ հակադիր կարծիքներ։
Թեմաները մեծ էին, եւ շատ։ «Մշակոյթ եւ Գրականութիւն» քննարկումը մնաց գիր-գրականութեան սահմանին մէջ, երբ մշակոյթը հսկայ դաշտ մըն է՝ խոհանոցէն մինչեւ երաժշտութիւն։ Կրթութեան մասին քննարկումը կարճ ժամանակի մը մէջ չէր կրնար չափել եւ խորաչափել բոլոր տեղական եւ ընդհանուր խնդիրները։ Սփիւռքեան քաղաքականութեան բաժինը չունեցաւ ընդգրկուն վերլուծումներ, հակառակ անոր՝ որ ներկաներուն մէջ կային ոչ թէ միայն մասնագէտներ, այլեւ արդիւնաւոր մասնագէտներ։ Սփիւռքեան գոյավիճակը մնաց երեքօրեայ հանդիպման յոգնածութեան տակ։ Իսկ «Կլոր սեղան»եան կարծիքները, նման միւս պահերու կարծիքներուն, թափառական հայուն պէս թափառեցան։ Վերջին քննարկման յանկարծ լսուեցաւ նկատողութիւն մը թերացումի․ թէ՝ Հայ եկեղեցին թեմաներու այս ամբողջ պատմութենէն դուրս դրուած էր։ «Վա՛յ», պիտի ըսէի, զուարթախոհութամբ, եւ պիտի յիշէի, թէ «Մեհեան»ականները, որոնք «Հայաստանեայց Գրականութիւն» յայտարարեցին, յետագային իրենց գրականութեան հովանաւոր պիտի ունենային Հայց․ Եկեղեցին։
Գովելի էր հանդիպման գաղափարը, բայց թելադրելի է, որ անոնց բովանդակութիւնը մէկ թեմա ունենայ․ լաւ, երկու թեմա՝ ինչպէս «Մշակոյթ Եւ Գրականութիւն»։ Աւելորդ է ըսել, թէ երեքօրեայ հանդիպում մը սոյն կամ այլ թեմայի սեմին միայն կրնայ կենալ։
Արդ, կը կարդայի Կոստան Զարեանի «Լեզուն Եւ Արիւնը» հատորի առաջինը, եւ նոր էի աւարտած «Քարը» գրութիւնը, եւ հրաւէր եմակը ստացայ։ Բնաբանը անկէ է։ Զարեան գրած է․ «Իսկական անհատականութիւնը գերազանցապէս ճարտարագէտ է»։ Ինք դրական կարծիք չունէր Հայոց երկրէն դուրս որպէս հայ լինելութեան մասին։ Այնուհանդերձ, օգտագործելով իր միտքը, կարելի է ըսել, թէ Սփիւռքը անհատականութիւններու «երկիր»ն է, ուր ըլլալու միակ կերպը «գերազանցապէս ճարտարագէտ»ներ ըլլալն է, թէ՛ անհատաբար, եւ թէ՝ կառուցաբար։
Վահէ Օշական Սփիւռքը նմանցուցած է 4-րդ դարու Արշակաւանին։ Բայց Արշակաւանին շինութեան ատեն՝ շինարարը ողջ էր։ Սփիւռքեան Արշակաւանին Արշակը չկայ։ Կրնա՞յ գալ։ Գուցէ, եւ որպէս «գերազանց» ճարտարագիտութիւն, եւ ոչ՝ որպէս մեսիա։
Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․