Սփիւռք, Նորարարութիւն, Եկեղեցի

Darperag21 photo

Սփիւռք, Նորարարութիւն, Եկեղեցի

Հարցազրոյց դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ՝ նորարարական ծրագիրներու տնօրէն նշանակման առիթով

Տարբերակ21, November 20, 2024

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը նախաձեռնած է երկարաժամկէտ նորարարական ծրագիրներու եզակի աշխատանքի մը, որուն նպատակն է արագ զարգացող աշխարհին մէջ վերակազմաւորել, կենսունակ պահել ու ժամանակակից դարձնել Թեմը: Այս հեռատես ծրագիրը իրականացնելու առաքելութիւնը վստահուած է յայտնի ընկերաբան, սփիւռքագէտ եւ համալսարանի դասախօս Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանին, որ ընթացիկ տարուայ Յուլիս 1-ին նշանակուեցաւ «Հաստատութենական նորարարութեան» (Institutional Innovation) տնօրէն: 

Այս եզակի նախաձեռնութեան մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու նպատակով, «Տարբերակ21» դիմեց դոկտ. Չիլինկիրեանին եւ անոր հետ ունեցաւ հետագայ հարցազրոյցը:

Հարցազրոյցը վարեց՝ Վ. Թ.

Հ. Նախ կը շնորհաւորենք նորարարական ծրագիրներու (Institutional Innovation) տնօրէն ձեր նշանակումը:  Ի՞նչ բան ներշնչեց ու ոգեւորեց ձեզ ստանձնելու նորարարական այս ծրագրին իրագործման պատասխանատուութիւնը:

Պ. Շնորհակալ եմ:  Նկատի առնելով որ երկար ժամանակ սփիւռքը ուսումնասիրած եմ եւ վերջին աւելի քան երկու տասնամեակներու ընթացքին գիտելիքներ կուտակած եւ փորձառութիւն ձեռք ձգած, ակադեմական ասպարէզիս մէջ հանգրուան մը հասած էի, ուր սկսայ մտածել թէ «կիրառական գիտութեան» կամ «կիրառական սփիւռքագիտութեան» ժամանակն է: Այսինքն՝ ինչպէս տարիներով կուտակուած գիտհետազօտական գիտելիքներս, լայնածաւալ ծանօթիւններս եւ փորձարութիւններս ի գործ դնել շօշափեըլի ներդրում եւ շինիչ ազդեցութիւն ունենալու սփիւռքեան կեանքին մէջ, իր բոլոր մարտահրաւէրներով, խնդիրներով, մտահոգութիւններով եւ յայտկապէս նախընտրելի ապագայի մը հեռանկարներով:

Վերջին տարիներուն յաճախ կը խօսուի սփիւռքի մէջ հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու բարեփոխումներու, վերանորոգումի եւ վերարժեւորումի մասին: Բացի ցանկութիւններէ եւ փոփոխութեան անհրաժեշտութեան յայտարարութիւններէ, շատ քիչ տեսանելի բան կատարուած է: Երբ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որուն հետ տարբեր ծրագիրներով երկար տարիներ աշխատած եմ, զիս հրաւիրեց որ Արեւմտեան թեմէն ներս երկարաժամկէտ հիմնարար նորութիւն մը մշակենք, մեր մտածումները զուգադիպեցան: Եւ այդ եղաւ առաջին քայլը: 

Տարիներ շարունակ ուսումնասիրելով սփիւռքը, յաճախ խօսած եմ հաստատութենական լուծումներու եւ երկարաժամկէտ քայլերու մասին, որոնք պէտք է ձեռնարկուին` մեր համայնքները կենսունակ պահելու համար: Յովնան Սրբազանը եւ թեմի ղեկավարութիւնը կարեւոր առաջին քայլը առին` ցանկութիւններէ եւ գաղափարներէ անցնելու իրականացուելիք նախագիծերու:

Իրօք՝ այս պաշտօնը իւրայատուկ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ աշխատելու թեմակալ առաջնորդ Յովնան Սրբազանի եւ ընդհանրապէս Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Մ. Նահանգներու արեւմտեան թեմի նուիրեալ ղեկավարութեան հետ: Բոլորիս նպատակն է թեմը կազմակերպել վերանորոգումի եւ եւ նորարարութեան ոգիով՝ միաժամանակ պահպանելով մեր հոգեւոր եւ մշակութային աւանդոյթները:

Հ: Որո՞նք են այս նախաձեռնութեան գլխաւոր նպատակները:

Պ: Մեր նպատակն է Արեւմտեան թեմը պահել կենսունակ հաստատութիւն մը, որ կրնայ յարմարիլ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն՝ շարունակելով ծառայել որպէս հոգեւոր եւ մշակութային յենարան մը արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան: Հաստատութենական նորարարութեան միջոցով մենք կը միտինք խորացնելու Քրիստոնէական հաւատքը, պահպանելու հայկական ժառանգութիւնը եւ ամրապնդելու հսկայ համայնքին ներգրաւուածութիւնը՝ զանոնք պահելով կենսունակ ու ոգեշնչող ապագայ սերունդներուն համար: Այսօր Լոս Անճելըսը յատկապէս եւ Գալիֆորնիան ընդհանրապէս Սփիւռքի կեդրոնացուած ամենահայաշատ գաղութն է:

Հ. Այս նախաձեռնութիւնը ինչպէ՞ս կը համապատասխանէ կամ համահունչ կ’ընթանայ արեւմտաեան թեմի առաքելութեան հետ:

Պ: Հիմնականօրէն այս նախաձեռնութիւնը անմիջական արձագանգն է թեմին վերջերս մշակուած վերանորոգ առաքելութեան՝ խթանելու եկեղեցւոյ զաւակներուն հոգեւոր սնուցումը եւ մշակոյթի եւ ինքնութեան կենսունակութիւնը այսօրուայ շատ արագ փոխուող աշխարհին մէջ՝ պատրաստելով յաջորդ սերունդի կարիքներուն:

Հ. Որո՞նք են հաստատութենական նորարարութեան ռազմավարութեան հիմնական բաղադրիչները եւ ինչպէ՞ս կ՛ընթանայ ինքնագնահատման գործընթացը:

Պ. Ռազմավարութիւնը հիմնական երկու բաղադրիչ ունի: Առաջինը՝ հաստատութենական ինքնագնահատումն է, որ կը միտի վերագնահատելու եւ բարելաւելու թեմական եւ ծխական մակարդակի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ վարչական ու կազմակերպչական գործընթացները: Թեմական կառոյցէն ներս այս գործընթացը սկսաւ անցեալ սեպտեմբերին, առաջնորդարանի անձնակազմի շաբաթական քննարկումներով՝ գործառնութիւնները վերլուծելու նպատակով: Յաջորդ հանգրուանը կը ներառէ նմանօրինակ գնահատումներ ծխական մակարդակով՝ ուժերը բացայայտելու, մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ բոլոր մակարդակներու վրայ թեմէն ներս համագործակցութիւնը խթանելու: Երկրորդ բաղադրիչը նոր բաժանմունքի մը ստեղծումն է, որուն նպատակն է նորարարական ծրագիրներ մշակել, նորարարական բովանդակութիւն ստեղծել, որոնք կը կամրջեն քրիստոնէական հաւատքն ու հայ մշակոյթը՝ ապահովելով անոնց կենսունակութիւնն ու այժմէականութիւնը:

Հ. Տեսլականի նախագիծը ինչպէ՞ս կը բանաձեւէ այս նախաձեռնութիւնը, եւ ի՞նչ է անոր ապագայակերտ լծակները:

Պ. Առաքելութեան եւ Տեսլականի (Mission & Vision Statement) նախագիծը, որ ծրագրային վերջնական ձեւ ստացաւ աւելի քան 400 թեմական, հոգեւորական եւ ծխական ղեկավարներու խորհրդակցութեամբ, կը ծառայէ իբրեւ ուղեցոյց՝ «ճանապարհային քարտէզ» թեմին յառաջիկայ տարիներու ծրագիրներուն: Անիկա կը սահմանէ տեսիլքը, ռազմավարութիւնն ու արժէքները, որոնք կը ղեկավարեն նախաձեռնութիւնը: Ծրագիրը ունի հեռանկարային ռազմավարութիւն մը՝ վերաիմաստաւորելու, թէ ինչպէս կ’օգտագործուին մարդոյժի տաղանդը, փորձառութիւնը եւ առկայ միջոցները առաւելագոյն արդիւնք ձեռք բերելու համար: Այս ընթացքը կը պահանջէ ժամանակակից ռազմավարութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու որդեգրումը՝ միաժամանակ պահպանելով համայնքին հոգեւոր եւ մշակութային ինքնութիւնը:

Հ. Ի՞նչ է «գաղափարներու տարրալուծարանը», որո՞նք կը մասնակցին անոր, եւ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ անիկա համայնքին վրայ:

Պ. Թեմական այս նախաձեռնութիւնը ունի շարք մը նոր ծրագիրներ, անոնցմէ է «Գաղափարներու տարրալուծարանը» (Ideas Lab), որ երիտասարդ արհեստավարժներու համագործակցութեան հարթակ մըն է, ստեղծուած՝ խթանելու ստեղծագործութիւնը եւ նորարարութիւնը: Անիկա կը համախմբէ արհեստավարժներ, մասնագէտներ զանազան բնագաւառներէ՝ արուեստ, արհեստագիտութիւն, ֆինանսական ոլորտ, կառավարման համակարգեր, իրաւաբանութիւն եւ համայնքային կառոյցներ, որոնք կը նպաստեն լուծումներ գտնելու թեմի մարտահրաւէրներուն: Հայ համայնքին մէջ գոյութիւն ունեցող տաղանդները լծակից դարձնելով, մասնաւորաբար Լոս Անճելըսի մէջ, այս հարթակը կը զարգացնէ կիրարկելի լուծումներ, որոնք նոր որակ ու թափ կու տան թեմական ծրագիրներուն եւ ծառայութիւններուն՝ երաշխաւորելով, որ անոնք ըլլան աւելի արդիական եւ իմաստալից:

Հ. Արեւմտեան թեմը կը պատրաստուի իր հիմնադրութեան 100-ամեակին, 2027-ին։ Այս նախաձեռնութիւնները կապ ունի՞ն 100-ամեակին:

Պ. Թեմին մօտալուտ 100-ամեակը լուսարձակի տակ կ’առնէ անոր յարատեւող աւանդը եւ կը խթանէ այս նախաձեռնութիւնները: Մինչ թեմը կը պատրաստուի այս տարեդարձին, ինչպէս Յովնան Սրբազան կը շեշտէ, հիմնական նպատակն է շարունակել մնալ յոյսի, սիրոյ եւ ծառայութեան փարոս գալիք սերունդներուն համար: Այս նախաձեռնութիւնները կոչուած են ամուր հիմքը դնելու յաջորդ հարիւրամեակին՝ կեդրոնանալով արդիականացման, տոկունութեան եւ համայնքի ներգրաւուածութեան վրայ:

Հ. Համայնքի զաւակները ինչպէ՞ս կրնան մասնակցիլ այս նախաձեռնութեան:

Պ. Համայնքի բոլոր անդամները հրաւիրուած են մասնակցելու այս վերափոփոխութեան երթին՝ գաղափարներ տալով, անդրադարձներով կամ ուղղակի ծրագիրներու մասնակցելով: Իւրաքանչիւր ներդրում կը զօրացնէ թեմը եւ կը կերտէ կենսունակ եւ  միասնական համայնք մը:  Ինչպէս միշտ կը շեշտեմ, սփիւռքեան համայնքային կեանքը կենսունակ պահելու համար, հաւաքական աշխատանքը եւ բազմազան տաղանդներու ներդրումը անհրաժեշտութիւններ են: Նաեւ, չի բաւեր աշխատիլ միայն անոնց հետ, որոնք քեզի համաձայն են, այլ անհրաժեշտ է գործակցիլ եւ թերեւս համոզել զանոնք, որ քեզի համաձայն չեն եւ, ինչու չէ, դուն ալ համոզուիս անոնց մօտեցումին արժէքով:

2024-12-02
e-mail: info@hrach.info
Copyright © 2024 Hratch Tchilingirian. All rights reserved.