Գիտական Հարցախոյզերու Արդիւնքները Կրնան Ուղենիշ Դառնալ Սփիւռքեան Տարբեր Կառոյցներու Եւ Հարթակներու Ծրագրաւորումներուն
«Ազդակ»-Ի 68-րդ Լսարան, Յունիս 22, 2024.
«Ազդակ»-ի 68-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 20 յունիս 2024-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին։ Դասախօսն էր սփիւռքագէտ, հասարակաբան, «Օքսֆորտ» համալսարանի դասախօս դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան։ Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։ Լսարանը գրանցեց 46 մասնակից։ Դասախօսութեան նիւթն էր՝ «21-րդ դարու սփիւռքահայը եւ սփիւռքի կառոյցները»։
Դոկտ․ Չիլինկիրեան դասախօսութիւնը բաժնեց 4 մասի։ Տարածք-աշխարհագրութիւն, սփիւռքի յղացք, դասական սփիւռքի կառոյցներ, սփիւռքահայերու տեսակէտներ։
Դասախօսութիւնը յագեցած էր մասնագիտական հարցախոյզերու ձեռք ձգած համեմատական տուեալներով եւ գիտական մեթոտաբանութեան սկզբունքներու կիրարկումով յանգած թիւերով։
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքի հովանաւորութիւնը վայելող եւ դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեանի ղեկավարած հարցախուզային աշխատանքին եզրակացութիւններու ներկայացումը առիթ տուաւ խորացեալ քննարկումի, որուն ընթացքին դոկտ․ Չիլինկիրեան պատասխանեց լսարանի մասնակիցներուն հարցումներուն եւ արձագանգեց անոնց դիտարկումներուն եւ առաջարկներուն։
Երկու ժամ տեւած դասախօսութիւն-քննարկումի ամբողջական տեսանիւթը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութիոպեան ալիքին վրայ։ Յղումը՝ https://youtu.be/C6iVschNgxM