Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, երէկ` ուրբաթ, 10 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ մամլոյ 118-րդ լսարանը, որ զրոյց-քննարկում էր` հայագիտութեան ներկայ խնդիրներուն մասին: Օրուան զեկուցաբերներն էին Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան եւ Միչիկըն համալսարանի դասախօս դոկտ. Արա Սանճեան: Զրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
Առաջին զեկուցաբերը` դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան կեդրոնացաւ սփիւռքի հայագիտական կեդրոններուն եւ արեւմտահայերէնի կենսունակութեան ապահովման աշխատանքներուն վրայ: Ան զրոյցին սկիզբը նշեց գլխաւոր հարց մը, որ հայագիտութեան սահմանումի խնդիրն է: Դոկտ. Չիլինկիրեան ըսաւ, որ որոշ մօտեցում մը կայ, որ հայագիտութիւն կը նշանակէ ամբողջ հայոց պատմութեան` չորս հազար տարուան պատմութեան եւ մշակոյթի ուսումնասիրութիւն, իսկ այլ մօտեցում մը կայ, որ կը հարցադրէ, թէ միայն Հայաստանի մասի՞ն է հայագիտութիւնը: Եզրափակելով այս միտքը` զեկուցաբերը հաստատեց, որ հայագիտութեան հասկացողութիւնը որոշակի կամ վերջնական սահմանում չունի: Ան աւելցուց, որ հայագիտութեան մէջ կայ բանասիրութիւն, պատմագիտութիւն, գրականութիւն եւ լեզուի ուսումնասիրութիւն ու դասաւանդութիւն, իսկ ասոնց կողքին կան նաեւ որոշ այժմէական նիւթեր, ինչպէս` ընկերաբանական, մարդաբանական, կենսաբանական ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ սփիւռքագիտութիւն:
Ան անդրադարձաւ Եւրոպայի մէջ հայագիտութեան գծով ծաւալած հետաքրքրութեան, որ սկսած է աւելի քան երեք հարիւր տարի առաջ: Դոկտ. Չիլինկիրեան աւելցուց, որ առաջին հայերէն գիրքը Օքսֆորտ համալսարանին նուիրուած է 150 տարի առաջ: Ան ըսաւ, թէ Օքսֆորտի մէջ գոյութիւն ունի Միջին Արեւելքի մէջ տպուած առաջին գիրքը, որ հրատարակուած է Նոր Ջուղայի մէջ: Հայագիտութեան աւանդութիւնը բաւական հին արմատներ ունի, սակայն Ամերիկայի մէջ քիչ մը աւելի նոր է, մանաւանդ հոն հետաքրքրութիւնները սկսած են, երբ հայագիտական ամպիոններ սկսած են ստեղծուիլ հանրածանօթ համալսարաններու, ինչպէս` Հարվըրտի եւ «Եու. Սի. Էլ. Էյ.»-ի մէջ: Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան նշեց, որ միայն Ցեղասպանութեան նիւթը չէ որ կ՛ուսումնասիրուի այդ երկիրներու հայագիտական ուսումնասիրական կեդրոններուն մէջ, այլեւ կայ պատմութիւն, բանասիրութիւն եւ այլն. այսօր Միացեալ Նահանգներուն մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչումի հոլովոյթը վերափոխում ապրած է դէպի ցեղասպանագիտութեան ասպարէզը եւ վերջերս լաւ արդիւնք տուած է:
Դոկտ. Չիլինկիրեան աւելցուց, որ բոլորս այսօր գիտենք, թէ արեւմտահայերէնը կը գտնուի խնդիրներու առջեւ, սակայն, ըստ անոր, բացասական արտայայտութիւններ օգտագործելը` ներկայացնելու համար լեզուին վիճակը, ճիշդ երեւոյթ մը չէ, այլ պէտք է օգտագործուին դրական եզրեր, եւ պէտք է աշխատիլ լեզուն առջեւ տանելու: Ան ակնարկ մը նետեց այն երեւոյթին վրայ, որ ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, արեւմտահայերէնը վտանգուած նկատուող լեզուներէն մէկն է, սակայն նաեւ ըսաւ, որ եթէ նայինք չափանիշները, որոնց հիման վրայ անոնք լեզուն կը նկատեն վտանգուած, թերեւս ընդունելի չնկատենք զանոնք: Դոկտ. Չիլինկիրեան իր բաժինին աւարտին ըսաւ, որ լեզուն գործիք կամ առարկայ չէ, լեզուն չի կրնար նահանջել, լեզուն կը մնայ ինչպէս որ եղած է մեզի, խօսողներն են, որոնք կը նահանջեն:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր դոկտ. Արա Սանճեան, որ կեդրոնացաւ պատմագիտութեան վրայ: Ան ակնարկ մը նետեց պատմութիւն գրելու աւանդութիւններուն վրայ եւ ըսաւ, թէ կայ այնպիսի մօտեցում մը, որ պատմութիւն գրելը կը վերածէ ազգային պատմութիւն գրելու, ուր ամէն ինչ գեղեցիկ եւ հարուստ կը ներկայացուի: Այլ մօտեցում մը կ՛ըսէ, թէ պատմաբանը կրնայ անպայման վերստեղծել պատմութիւնը, իսկ ուրիշ մը կայ, որ կ՛ըսէ, թէ կարելի չէ ներկայացնել եղածը ինչպէս որ տեղի ունեցած է` նկատի ունենալով, որ պատմաբանը ազդուած կրնայ ըլլալ իր շրջապատէն եւ անոր մտածելակերպէն:
Ապա զեկուցաբերը անդրադարձաւ քանակի իմաստով պատմութիւն ուսանողներու թիւին նուազումին, եւ այս գծով օրինակ տուաւ Ամերիկայի մէջ տարածուած երեւոյթը, ուր ամերիկացին չի քաջալերեր հայ երիտասարդը, որ մասնագիտանայ պատմաբանական մարզին մէջ, եւ այս խնդիրին պատճառն ալ, ըստ զեկուցաբերին, շատ մեծ հաւանականութեամբ այն է, որ ամերիկացին ձանձրացած է Ցեղասպանութեան նիւթէն եւ կ՛ուզէ, որ հայը այլեւս չկեդրոնանայ անցեալին վրայ, այլ նայի դէպի առջեւ եւ ապագայ: Ապա դոկտ. Սանճեան շեշտեց, որ ինք կը հաւատայ, որ պատմագիտութեան գետնի վրայ բոլոր աշխատանքները պէտք է ըլլան Հայաստանի օժանդակութեամբ: Դոկտ. Սանճեան նաեւ ակնարկ մը նետեց պատրաստուած
դասագիրքերուն վրայ: Ան կարեւոր նկատեց քննական միտքը եւ գիտական ուսումնասիրութեան մեթոտաբանութիւնը, եւ պատրաստուած դասագիրքերուն մէջ պակաս նկատեց այդ տիպի դասաւանդութեան ձեւերը, ընդհակառակն` ըստ անոր, այդ դասագիրքերը կը բովանդակեն միայն տեղեկութիւններ: Ուսանողը պէտք է ընկալէ զանոնք ինչպէս որ են` առանց մտածելու եւ քննելու իր կարդացածները: Ան նաեւ անդրադարձաւ հայկական հասարակութեան մէջ գտնուող այլ խնդիրի մը, եւ ըսաւ, թէ հայկական հասարակութիւնը չի կրնար ընդունիլ երկու տարբեր կարծիքներ, ան անպայման մէկը կը նկատէ ճիշդ, իսկ միւսը` սխալ: Այս գծով ան օրինակներ տուաւ պատմութենէն, ինչպէս` Պաւղիկեան եւ Թոնդրակեան շարժումներուն մասին ոչ բաւարար նկատուող տեղեկութիւններու պարագան մեր պատմագիտութեան դասագիրքերուն մէջ:
Զեկուցաբերները իրենց զեկուցումները աւարտելէ ետք պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն եւ մտահոգութիւններուն:
«Ոչ թէ պահպանել, այլ ապրիլ մեր մշակոյթը» Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան
Լիբանան տուած իր աշխատանքային այցելութենէն օգտուելով, «Արարատ»ը հարցազրոյց մը ունեցաւ Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս` Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանին հետ: Պէյրութ ծնած Դոկտ. Չիլինկիրեանի քննարկումները, վերլուծումները եւ առաջարկները հիմնուած են իր քաղաքական,
Paper: "The Future of Christianity in the Middle East" at conference on “Christianity in the Middle East today: Present challenges and future perspectives” organised by the Centre for Eastern Christianity, Heythrop College, University of London and the Living Stones of the Holy Land Trust in association with the Centre for World Christianity, School of Oriental & African Studies, University of London.
18 June 2016, Heythrop College, University of London.
«Հաւաքի հիմնական նպատակն էր արեւմտահայերէնը ոչ միայն իբրեւ լեզու դասաւանդելու կամ անոր ուսումնական տեսանկիւնի հարցերուն նայելու, այլ յատկապէս խօսելու արեւմտահայերէնով մտածելու եւ ստեղծագործելու խնդիրներուն մասին, այսինքն կարճ ասած, քննարկելու արեւմտահայ մշակոյթ ստեղծելու եւ զարգացնելու խնդիրները», «Արեւելք»ին ըսաւ «Օքսֆորտ» համալսարանի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան:
Hratch Tchilingirian (2016) “L’Eglise arménienne pendant la guerre froide : la crise Etchmiadzine-Antelias”, NH Hebdo, 9 juin.
l’Eglise Arménienne, en tant qu’institution religieuse, a été affectée à des fonctions « laïques » ou civiles pour « conduire la nation », alors que le clergé était devenu un agent et un médiateur mandatés par l’Etat entre les dirigeants, les gouvernements et les intérêts politiques. Dans le même temps, la société arménienne, en Arménie comme dans la diaspora, avait traversé un processus de sécularisation du fait d’un rationalisme et d’une modernité émergents, ce qui s’est traduit par le capitalisme, l’industrialisation et l’Etat-Nation. Ces développements historiques ont conduit l’Eglise arménienne à une sécularisation.
Invited discussant: "Negotiating Communal Spaces: Institutions and Politics in Modern Armenian Diaspora" at “Within and Beyond Ethnicity: Negotiating Identities in Modern Armenian Diaspora,” conference hosted by Leipzig Centre for the History and Culture of East-Central Europe (Leipzig University).
Միշիկընի Համալսարան Տիրպոռնի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Կեդրոնի կազմակերպութեամբ աննախընթաց միջազգային գիտաժողով մը տեղի ունեցաւ՝ «ՀայերըեւՊաղ Պատերազմը» նիւթին շուրջ: Այս հաւաքը մէկտեղեց մօտ երեսուն մասնագէտներ: Գիտաժողովին հրաւիրուածմասնակիցներէն Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանինհետ հարցազրոյցմը ունեցանքիր ներկայացուցած նիւթին շուրջ:
Օքսֆորտի Համալսարանի դասախօս եւ ընկերաբանական գիտութիւններու դոկտոր Հրաչ Չիլինկիրեանը ուսումնասիրութիւն մը ներկայացուցած էր 1956ին Անթիլիասի մէջ կայացած կաթողիկոսականընտրութեան մասին,որ Պաղ Պատերազմի շրջագիծին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ երկփեղկման պատճառ դարձած էր:
The Armenian Studies at University of Oxford organized a conference/workshop, entitled “Western Armenian in the 21st Century”, which was held in Oxford on 21-23 January 2016, with the financial support of the Caluste Gulbenkian Foundation. Hayern aysor presents an interview with Dr. Hratch Tchilingirian, sociologist in the Faculty of Oriental Studies, University of Oxford, who was the initiator and chief organizer of the conference.
«Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն. քննարկումներ արեւմտահայերէնով մտածելու և ստեղծագործելու հարցերուն շուրջ» խորագրով՝ Օքսֆորտ Համալսարանի Հայագիտական ամպիոնը գործնական համաժողով մը կազմակերպած էր, 21-23 Յունուար 2016ին, Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ: «Հայերն այսօրը» կը ներկայացնէ ծրագրի մտայղացող, գլխաւոր կազմակերպիչ ու Օքսֆորտ Համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժնի ընկերաբան (sociologist) դասախօս Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանին հետ հարցազրոյցը:
Paper: “The Armenian Church During the Cold War and the Chasm Between Ejmiatsin and Antelias” and Opening Remarks presented during roundtable on “The Legacy of the Armenian 'Cold War' Today; Recommendations for Future Research at "Armenians and the Cold War" conference, organised by Armenian Research Centre, University of Michigan-Dearborn,
To mark the 100th Anniversary of the Armenian Genocide, the Society for Armenian Studies (SAS) held an international conference, “The Impact of the Armenian Genocide,” on Saturday, November 21, 2015, in Denver, Colorado... SAS Vice-President Bedross Der Matossian chaired the first panel on “The Impact on Society,” where three participants presented papers: Lerna Ekmekcioglu (Massachusetts Institute of Technology), “When History Became Destiny: Armenians in Post-Genocide Turkey”; Sossie Kasbarian (University of Lancaster, United Kingdom), “The Politics of Memory and Activism: The Armenian Diaspora Facing 2015”; and Hratch Tchilingirian (University of Oxford), “Armenians in Turkey: The Impact of post-Genocide Isolation and (dis)Integration.”
Lecture: “Military conflicts, religious extremism and future challenges facing Eastern Christianity in the Middle East today”, organised by Politics and International Relations Society.
Pour le 75ème anniversaire du Génocide des Arméniens, dans un communiqué publié le 29 avril 1989 à cette occasion, Leurs Saintetés Vazken Ier, Catholicos de tous les Arméniens et Karekin II, Catholicos de la Grande Maison de Cilicie, “proposent que les travaux de préparation à la canonisation des victimes (du Génocide) reprennent.” En effet, l’idée d’une commémoration religieuse des victimes
Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասումը. Ի՞նչ է անոնց սրբադասման իմաստը
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու 75-ամեակին առիթով 1989 Ապրիլ 29ին հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Բ. կ’առաջարկէին «շարունակել Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման նախապատրաստական