Գիտական Հարցախոյզերու Արդիւնքները Կրնան Ուղենիշ Դառնալ Սփիւռքեան Տարբեր Կառոյցներու Եւ Հարթակներու Ծրագրաւորումներուն
«Ազդակ»-Ի 68-րդ Լսարան, Յունիս 22, 2024.
«Ազդակ»-ի 68-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 20 յունիս 2024-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին։ Դասախօսն էր սփիւռքագէտ, հասարակաբան, «Օքսֆորտ» համալսարանի դասախօս դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան։ Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։ Լսարանը գրանցեց 46 մասնակից։ Դասախօսութեան նիւթն էր՝ «21-րդ դարու սփիւռքահայը եւ սփիւռքի կառոյցները»։
Դոկտ․ Չիլինկիրեան դասախօսութիւնը բաժնեց 4 մասի։ Տարածք-աշխարհագրութիւն, սփիւռքի յղացք, դասական սփիւռքի կառոյցներ, սփիւռքահայերու տեսակէտներ։
Դասախօսութիւնը յագեցած էր մասնագիտական հարցախոյզերու ձեռք ձգած համեմատական տուեալներով եւ գիտական մեթոտաբանութեան սկզբունքներու կիրարկումով