Արդեօք հայերը կրնա՞ն համաշխարհային ազգ մնալ՝ սնանկ հայրենիքով

EVNRepotlogo 

Hratch Tchilingirian, "Could Armenians remain a global nation with a broken homeland?"


Արդեօք հայերը կրնա՞ն համաշխարհային ազգ մնալ՝ սնանկ հայրենիքով

Հրաչ Չիլինկիրեան, Օքսֆորդի համալասարան

EVN Report, September 16, 2017 (EVN Report-ի մէջ հրատարակուած անգլերէն բանագրին հայերէն տարբերակը)

Վերջին տարիներուն, «համաշխարհային հայերու» մասին նոր խօսոյթ մը սկսած է յաճախ ընդգրկուիլ յետեղեռնեան հայկական ինքնութիւն ձեւաւորելու ճիգի մը կողմէ՝ Սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ։ Այս նոր ինքնութեան բնորդի մշակները կը թուին խրախուսել «վերապրողի մտայնութենէ»ն անցում մը դէպի կեանքի ու յաջողութեան վկայակոչումը։ Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի (Հոկտեմբեր 28, 2016) մէջ լոյս տեսած եւ լման էջ գրաւող նամակի մը մատուցած սահմանումին, «համաշխարհային հայ»ը ան է, որ «բռնի տեղահանուած ու ցրուած» նախնիներէ սերելով հանդերձ, «աշխարհի երկայնքին» կ՚ապրի եւ «իր հիւրընկալող երկիրներուն յառաջդիմութեան նշանակալի նպաստ» կատարած է կամ կը կատարէ[1]։ Նման «համաշխարհային հայեր»ու շարքին են իրենց երկիրներուն հանրութեան նպաստ բերող գիտնականներ, բժիշկներ, ճարտարագէտներ եւ գիւտարարներ, տարբեր երկիրներու ծառայող քաղաքական գործիչներ, նախարարներ եւ դիւանագէտներ, շարժանկարի աստղեր, մարզիկներ, դրամատուներու վարիչներ եւ ընկերութիւններու գործադիր տնօրէններ, եւ, անշուշտ, ընկերային ցանցերու մէջ միլիոնաւոր հետեւորդ ունեցող հռչակաւոր մարդիկ։ Մէկ խօսքով՝ «համաշխարհային հայ»ը ա՛ն է, որ յաջող է իր մասնագիտութեան մէջ, ազդեցութիւն ունի իր ոլորտին վրայ եւ հանրային տեսանելիութիւն կամ ճանաչում կը վայելէ։

Այս հրահանգիչ «համաշխարհային հայկականութեան» կողմէ յայտարարուած գլխաւոր նպատակներէն մէկն է «յետխորհրդային հայկական հանրապետութիւնը կենսունակ, արդիական, ապահով, խաղաղ եւ յառաջադէմ հայրենիքի մը վերածել համաշխարհային ազգի մը համար»։ Ի հարկէ, շատերը այս տեսիլքին մասին կ՚երազեն թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Անշուշտ, ուրիշներ ալ կան, որոնք «համաշխարհային հայ» արտայայտութիւնը իբրեւ նկարագրական եզրոյթ կամ ցրուումի հոմանիշ կը գործածեն[2]։

Այնուամենայնիւ, թէեւ «համաշխարհային հայեր»ը կը թուին ծաղկիլ աշխարհի չորս ծագերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պարագան նոյնը չէ։ Յարգելի բացառութիւններով, համաշխարհային հայերը կարծես ամէնուրեք գոյութիւն ունին, բացի Հայաստանէն։ Փոխարէնը, Հայաստանը տեսանելի կը դառնայ իր սակաւապետերով՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մինչեւ իսկ մշակութային ու կրօնական ուժի տէր փոքրաթիւ խումբ մը, որ կը գոյատեւէ անվիճարկելի հաւատարմութեան, հանրային հնազանդութեան կամ ճնշումի շնորհիւ։ Խորհրդարանի վեցերորդ նստաշրջանի բացումին, նոյնինքն նախագահ Սերժ Սարգսեանը հաստատեց ասիկա, յայտնելով, թէ «ի հարկէ, այսօր [Հայաստանում] կոռուպցիայի դէմքը փոխուել է», ընդգծելով, որ ան «աստիճանաբար աւելի տեսանելի եւ անթոյլատրելի է դառնում»[3]։

Ո՛չ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերու ճնշիչ մեծամասնութիւնը յաջողակ «համաշխարհային հայեր» չեն, եթէ հետեւինք այս «նոր» հասկացութեան աւետարանիչներուն։ Հիւսիսային Հայաստանի երկրաշարժէն 27 տարի ետք, շուրջ 3.000 հայեր տակաւին ժամանակաւոր օթեւաններու մէջ կ՚ապրին։ Հայաստանի բնակչութեան մէկ երրորդին աղքատութիւնը ա՛լ աւելի մտահոգիչ պարագայ մըն է։ Ըստ Ազգային Վիճակագրական Ծառայութեան պաշտօնական թիւերուն, 900.000 աղքատ մարդ կայ Հայաստանի մէջ։ Համաշխարհային Դրամատունը աղքատութիւնը կը սահմանէ իբրեւ «որոշ կենսապայմանի ընդունելի նուազագոյնը ապահովելու անկարողութիւնը»։ Ի դէպ, 2008-2015 թուականներուն աղքատութիւնը 2,3 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելցած է։ Կառավարական զեկոյց մը կը բացատրէ, որ «2015-ին աղքատներու թիւը շուրջ 900.000 էր, որոնցմէ շուրջ 310.000-ը՝ շատ աղքատ, իսկ վերջիններէն շուրջ 60.000-ը՝ ծայրայեղ աղքատ»[4]։ Միաժամանակ, Սփիւռքի պարագային, միայն Լիբանանի մէջ անթիւ կարիքներ եւ անորոշ վիճակ դիմագրաւող հազարաւոր սուրիահայ գաղթականներ կան։

Համաշխարհային հայերը, ինչպէս ԺԶ.-ԺԸ. դարերու ովկիանոսներ անցնող հայ վաճառականները, գաղութներ կրնան պահպանած ըլլալ կամ աշխարհասփիւռ համայնքներ կը շարունակեն ոտքի պահել, նոյնիսկ եթէ սերունդէ-սերունդ երկարաձգուած ձուլման վտանգը կը դիմագրաւեն։ Սակայն, ազգ պահպանել ու համայնք պահպանել նոյն բաները չեն։ Հայրենիքը՝ Հայաստանը, հայերու իբրեւ կենսունակ ազգ յարատեւութեան երաշխիքն է։ Պօղոս Նուպարը, Գալուստ Կիւլպէնկեանը, Ալեք Մանուկեանը եւ Գըրգ Գրիգորեանը, օրինակ, բացառութիւններ են, սակայն հարուստ կազմակերպութիւններն ու յաջողակ համաշխարհային հայերը միասնաբար այնքան հարուստ չեն՝ երկիր կարենան պահելու աստիճան։ Յաջողակ անհատները առանձինն հազիւ թէ կարենան ստեղծել պետական հաստատութիւններ, որոնք հրատապ նշանակութիւն կը ներկայացնեն ընկերութեան բարգաւաճման համար։ Ազգային հաստատութիւնները կը ստեղծուին ընդհանուր հանրութեան մասնակցութեան, գործունէութեան եւ ներգրաւման շնորհիւ։ Յատուկ ծրագիրներու կամ հասարակաց նպատակներու ի խնդիր միասնաբար աշխատիլը տարբեր է «միասնութեան» գաղափարէն կամ «միասնական» գործունէութիւններէ, որոնք յաճախ կրկնուած նիւթեր են հայկական խօսոյթին մէջ, սակայն փաստօրէն երբեք չիրականացած։

Ազգի մը բարգաւաճումը տեղի կ՚ունենայ, երբ հանրութեան բոլոր հատուածները նախընտրուած ապագայ մը կառուցելու գործընթացին ձեռնարկած են իրենց տաղանդներով, կարողութիւններով եւ լայն պաշարներով։ Վերջին դարուն, յաջողած ենք բարգաւաճ համայնքներ կառուցել եւ հայկական ինքնութիւնը պահպանել Սփիւռքի մէջ։ Վերջին 25 տարիներուն, պետական կառուցման գործընթացի ձեռնարկած ենք։ Սակայն, ազգային կառուցման գործընթացը տակաւին պէտք է ամբողջացնենք, իսկ այդ գործընթացը անհատներու կամ տուեալ խումբի մը պարզ գործը չէ, այլ երկարաժամկէտ հաւաքական ծրագիր մը։ Ազգային կառուցումը կրնանք դիտել իբրեւ Սփիւռքի մէջ եւ Հայաստանի անկախութենէն ասդին վերջին հարիւր տարիներուն սկսուած ճիգերը ամբողջացնելու կամ իրենց «տրամաբանական լրումին» հասցնելու գործընթացը։ Մէկ խօսքով՝ ազգային կառուցումը հայ ազգային ինքնութեան կերտումն է՝ հայկական պետականութեան ուժի միջոցով։

Իսկ ասիկա գլխաւոր հարցադրումին կ՚առաջնորդէ մեզ. արդեօք Հայաստանը համաշխարհային ազգ կրնա՞յ ըլլալ՝ սնանկ հայրենիքով։ Աղքատութենէ, կաշառակերութենէ ու բնակչութեան պարպումէ տառապող հայրենիքո՞վ։

Նոյնիսկ եթէ համաշխարհային հայութեան (վերականգնումի եւ համաշխարհային հանրութեան մերուելու նշան մը) գաղափարը պէտք է վեր հանել ու տարածել, սակայն հայ ազգի դիմագրաւած իսկական խնդիրները մէկդի դնելու գայթակղութենէն պէտք է զգոյշ ըլլանք։ Անհատապէս, հայերը շատ յաջող եղած եւ աշխարհի քաղաքացի դարձած են, բայց հաստատութենական (institutional) տեսանկիւնէն, մեր հաւաքական կեանքը առնուազն երեք ազդակներու կապանքները կը կրէ. ա) անցեալը. յետադարձ հայեացքով շատ կը զբաղինք, բայց ապագային շատ քիչ կը նայինք, բ) համախմբուելու առաջնորդող «ազգային փիլիսոփայութեան» կամ հասարակաց արժէքներու շարքի մը պակասը, եւ գ) փոխակերպող ղեկավարութիւն. շատ ղեկավարներ ունինք, բայց կը թուի, թէ ղեկավարութիւն կը պակսի։ Թոյլ տուէք, որ խորանամ այս երեք խնդիրներուն մէջ։

ա) Անցեալը. տեսանկիւնի փոփոխութիւն

Առաջին հերթին, կը կարծեմ, որ անցեալէն դէպի ապագայ տեղաշարժ մը անհրաժեշտ է մեր ազգային խօսոյթին մէջ։ Անցեալը, մեր փառաւոր եւ ոչ այնքան փառաւոր պատմութիւնը, կը թուի ապագայէն աւելի որոշել, թէ ի՞նչ պէտք է ընենք ներկայիս։ Այս իմաստով, լուսահոգի Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի իմաստուն խօսքերը դաստիարակչական են. «Անցեալի պանծացումը չի՛ նշանակեր անցեալը կուռքի վերածել եւ անոր խունկ ծխել։ Եթէ շարունակէք անցեալի փառաբանանքը այն աստիճան, որ անով լեցուինք, յղփանանք (...) մենք անցեալին դաւաճանած կ՚ըլլանք (...)։ Օղակ մըն ենք [պատմութեան] այն շղթային վրայ, որ մեր կեանքի գնացքն է՝ դարերու վրայ տարածուած եւ դէպւ անսահմանելի ապագան նկրտող»[5]։

Ապագայի ընդմէջէն ներկան դիտել չի նշանակեր բիւրեղեայ գունդի մէջ նայիլ, այլ մեր սեփական գործունէութեան եւ անգործութեան ապագայ ազդեցութիւնն ու հետեւանքները տեսնել, ինչպէս եւ ճշդել, թէ յառաջիկայ տարիներուն ու տասնամեակներուն ո՞ւր կ՚ուզենք երթալ։ Օրինակ, ըստ ՄԱԿ-ի կանխատեսումներու, 2050-ին Հայաստանի բնակչութիւնը 2,7 միլիոնի պիտի իջնէ, իսկ 2100-ին՝ շուրջ 1,8 միլիոնի։ Մինչ Ռուսաստանն ու Վրաստանն ալ իրենց բնակչութեան քանակական անկում մը պիտի տեսնեն, Թուրքիան, Ատրպէյճանը եւ Իրանը բնական աճ պիտի ունենան[6]։ Այժմ գիտենք, թէ ի՞նչ պիտի պատահի Հայաստանի բնակչութեան 30, 40, 50 տարիէն։ Քսան տարի առաջ, գիտէինք, թէ սակաւապետական համակարգը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենար Հայաստանի բնակչութեան ու երկրի տնտեսական զարգացման վրայ, եւ կրնանք վստահ ըլլալ, թէ ի՞նչ կրնանք սպասել 5-10 տարիէն, եթէ Հայաստանի կառավարման ներկայ համակարգը շարունակուի։ Այս հեռանկարով է, որ պէտք է ներկան դիտենք ապագայէն։

Երկրորդ՝ Հայաստանն ու «համաշխարհային հայկականութիւն»ը պէտք է տեսնենք համաշխարհային վճռական զարգացումներու ծիրին մէջ։ Ինչպէս Համաշխարհային Տնտեսական Ֆորումի հիմնադիր ու գործադիր նախագահ Քլաուս Շուապը նկարագրած է, կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր «ընկերութեան բեւեռացումը, եկամուտի անհաւասարութիւնը եւ երկիրներու դէպի ներս նայող կողմնորոշումը կը խառնուին իրական աշխարհի քաղաքականութեան հետ»[6]։ Քաղաքականութեան ու տնտեսութեան կառուցուածքային փոփոխութիւնները, ինչպէս եւ ընկերային ցնցումները, միջազգային յարաբերութիւնները կը վերափոխեն։ Այս փոփոխութիւնները հեռահաս ազդեցութիւն ունին երկիրներու փոխյարաբերութեան եւ վտանգներու կառավարման ձեւին մէջ։ Վերջին տարիներուն, աշխարհը տնտեսական դանդաղ աճի վկայ եղած է։ Իբրեւ արդիւնք, բարձր պարտքի եւ ժողովրդագրական փոփոխութիւններու հետ միասին, տնտեսական ճգնաժամի ու աճող անհաւասարութեան վկայ եղած ենք։ Հայաստանը, ինչպէս եւ հայ բարերարներն ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները, այս փոփոխութիւններուն բերած վտանգներէն զերծ չէ։

Գաղափարախօսական առումով, նորազատականութիւնը (չկարգաւորուած կամ թեթեւօրէն կարգաւորուած դրամատիրութիւն) աշխարհի բազմաթիւ կողմերուն յարձակումի տակ կը գտնուի իբրեւ «ձախող» գաղափարախօսութիւն։ Անցնող տասնամեակներու նորազատական գաղափարախօսութիւնները անհաւասարութիւն ստեղծած են ընկերութիւններու մէջ։ Նման անհաւասարութիւններ մարտահրաւէր կը կարդան ժողովրդավարութեան հիմքերուն իսկ, ինչպէս Հայաստանի եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ տեսած ենք. հարուստներն ու զօրաւորները աւելի մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենան քաղաքական գործիչներու, քաղաքական ներկայացուցչութեան, քաղաքականութեան ձեւաւորման ու հանրային խօսոյթի վրայ, քան քաղաքացիներու ճնշիչ մեծամասնութիւնը։

Մինչ այդ, արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը («չորրորդ ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը») ընկերութիւնները, տնտեսութիւնները եւ գործարարութեան կերպերը կը փոխակերպէ ցարդ չտեսնուած ձեւերով։ Ասոնք դրական օգուտ, բայց նաեւ չնախատեսուած հետեւանքներու ունին ընկերութիւններու համար։ Մինչ համաշխարհայնացումը անձնական ու հանրային ինքնութիւնները մշուշոտած է, շատ մը հանրութիւններ այս երեւոյթը կը դիմագրաւեն իրենց անձնական ու հաւաքական ինքնութեան վերահաստատումով։ Միջազգային յարաբերութիւնները նուազ համագործակցական ու աւելի ներահայեաց կը դառնան։ Յոյզերը, աւելի քան բանականութիւնը, որոշումնատուութեան եւ քաղաքական դիրքորոշման սնունդը կը դառնան։

Մեր ներկային պէտք է նայինք արհեստագիտութեան ապագայի տեսանկիւնէն։ Գիտենք, որ կարճ ու միջին ժամկէտերու մէջ, արուեստական խելահասութիւնը (artificial intelligence), կարողական իրականութիւնը (virtual reality), եռածաւալ (3D) տպագրութիւնը եւ նման աննախընթաց արհեստագիտական միջոցներ «դրական խախտումներ» պիտի դառնան։ Որո՞նք են նման արհեստագիտական «խախտումներ»ու նպաստներն ու կիրարկումները Հայաստանի եւ հայերու համար։ Ի՞նչ վտանգ կը ներկայացնեն այնպիսի դրամատան արկղակալի (bank teller), գործարանի բանուորի, վաճառականի եւ տնտեսութեան շատ ուրիշ պաշտօններու։ Ինչպէս “The Economist” գրած է, «յիմարութիւն չէ կարծել, թէ եռածաւալ տպագրութիւնը ապագայի գործարաններուն մղիչ ուժը պիտի հանդիսանայ»[8]։ Յետմեքենայական աշխարհի մը մէջ, որ այս օրերուն մասնագէտներու քննարկման նիւթ կը հանդիսանայ, «մեքենաներու խելահասութիւնը, աւելի քան նոյնինքն մեքենաները» ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ[9]։ Ասոնք, անշուշտ, կրթութեան, մշակութային արտադրութեան, վաճառականութեան եւ ճարտարարարուեստի, սահմանային պաշտպանութեան եւ այլ մարզերու մէջ պիտի կիրարկուին եւ անոնց վրայ պիտի ազդեն։

Համաշխարհային վտանգները եւ զանոնք յառաջ մղող ընկերա-քաղաքական ու արհեստագիտական միտումները հակազդող ղեկավարութեան պատեհութիւններ են։ Հայոց պարագային՝ ղեկավարութեան մը, որ նպատակ ունենայ հանրութիւնը բարձրացնել դէպի երկարաժամկէտ բարգաւաճում՝ կապ ու համագործակցութիւն հաստատելով շահագրգիռ խումբերու, բազմաթիւ փոխկապակցուած համակարգերու, մասնագիտութեան եւ տաղանդի կալուածներու հետ ու անոնց ընդմէջէն[10]։ Առնուազն երկու տասնամեակէ ի վեր, յաճախ կը խօսինք Հայաստանի ու Սփիւռքի յարմար ղեկավարութեան կամ կամքի պակասի մասին՝ «ազգի վիճակը» բարելաւելու։ Կը կարծեմ, որ ղեկավարութիւնը առանձինն բաւարար չէ։ Մեզի վճռապէս պակսողը մեր ազգային արժեհամակարգի յստակ ու հասարակաց ըմբռնում մըն է։ Որո՞նք են մեր ամենէն կարեւոր ազգային արժէքները։     

բ) Ազգային արժէքներ

Պատմութեան ընթացքին, իմ կարծիքով, հայ ազգային բարեխառնութիւնը (ethos) երեք իմաստալից ու մնայուն հիմնաքարեր ունեցած է՝ եկեղեցին, դպրոցը եւ գիրքերը (մտաւորական արտադրութիւն), կամ արդի եզրոյթներով՝ հոգեւոր/բարոյական արժէքներ, կրթութիւն եւ հաղորդակցութիւն։ Այս երեք հիմնաքարերը կամ հաստատութիւնները հայ ինքնութիւնը սահմանած, պահպանած ու զարգացուցած են, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, առնուազն վերջին երեք դարերուն։

ԻԱ. դարու համայնատարած աշխարհին մէջ, եւ Հայաստանի անկախութեան վաղորդայնին, այս հաստատուն հիմնաքարերը անցման ժամանակաշրջանի մը փորձառութիւնը կրած են եւ նորոգման կարիքը ունին։ Մինչդեռ այսօր Եկեղեցին, աւելի ճիշդ՝ եկեղեցական ղեկավարութիւնը, չի յաջողիր հայ ինքնութեան ու ազգային կեանքի հոգեւոր, բարոյական ու բարոյախօսական հիմքերը հայթայթել, կարիքը կը զգացուի «նոր փիլիսոփայութեան» մը, որ հիմնուած ըլլայ հազարամեայ հարստութեամբ տոգորուած հայկական իմաստութեան, բարոյական, բարոյախօսական, ընկերային եւ մշակութային արժէքներու վրայ, որոնք մեր ազգային կեանքին յենարանը եղած են, յատկապէս մեծ տագնապներու եւ անցումներու ժամանակաշրջաններու։

Այսօր՝ Հայաստանի ու Սփիւռքի ղեկավարութիւնը կը գերադասէ չտեսնել կամ չնկատել իր առջեւ ծառացող ամենամեծ խնդիրը՝ «ազգային փիլիսոփայութեան» բացակայութիւնը, զոր պէտք է հասկնալ ամենալայն իմաստով «փիլիսոփայութիւն», յատկապէս իր բարոյական ու բարոյախօսական երեսներով։ Ինչպէս վերջին 25 տարիներու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, քաղաքական ու տնտեսական զարգացումը, ընկերային համախմբումը, ընկերային հիմնական արդարութիւնը, եւ այլն խնդրական պիտի մնան՝ առանց բարոյական/բարոյախօսական արժեհամակարգի որդեգրումին, տարածումին ու գործադրումին, արժէքներ՝ որոնք թէ՛ համընդհանուր եւ թէ՛ հայկական են։ Մէկ խօսքով՝ որո՞նք են հայ ինքնութեան արժէքային բաղադրիչները։

Հայերը յաճախ իրենք զիրենք կը համեմատեն Իսրայէլի ու հրեաներու կամ ուրիշ եւրոպական ազգերու հետ։ Կ՚արժէ տարբեր ընկերութիւններու կողմէ որդեգրուած արժէքներու քանի մը օրինակներ քննել։ Դանիոյ մէջ, օրինակ, դանիական արժէքներն ու փիլիսոփայութիւնը հիւսուած են ընկերութեան մէջ փոխադարձ կապուածութեան գաղափարին շուրջ։ «Ապահովութեան եւ յարմարաւէտութեան» անոնց ըմբռնումը կը բխի այն վստահութենէն, որ ընկերութեան մէջ ապրելու նիւթական ու հոգեբանական առաւելութիւնները շօշափելի ու մատչելի են։ «Դանիական մտածելակերպ»ին մէջ, ապահով կեանք ունենալը աւելի խելամիտ է, քան մեծ վտանգներ դիմագրաւել։ Կիսելու կարելիութիւնը եւ համայնական կեանքը կ՚ամբողջանան ապահովութեան զգացումով եւ, այսպէս, «բարեկեցութեան պետութեան իտէալը» ծագում կ՚առնէ։ Սինկափուրի մէջ, պարկեշտութիւնը, կայունութիւնը եւ խմբական աշխատանքը («իւրաքաչիւր անհատ ու իր ունեցած ներդրումը» յարգել ու արժեւորել) մաս կը կազմեն անհատներ ու կազմակերպութիւններ առաջնորդող արժէքներու շարքին։ Ւնչ կը վերաբերի հրեաներուն, օրինակ, 2012-ի հրէական արժէքներու հարցախոյզի մը ընթացքին, երբ հարցում տրուեցաւ, թէ որո՞նք էին անոնց քաղաքական հաւատամքին ու գործունէութեան բաղադրիչները, Ամերիկայի հրեաներէն 10-էն 8-ը պատասխանած է՝ «արդարութեան հետամուտ ըլլալ (84 առ հարիւր) եւ այրիներ ու որբեր խնամել (80 առ հարիւր)», իսկ ուրիշ 55 առ հարիւր մը ըսած է՝ «իւրաքանչիւր անձ Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ տեսնել»[11]։

Հետաքրքրական է, որ PEW հետազօտական կեդրոնի՝ Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի կրօնական հաւատքի եւ ազգային պատկանելիութեան նուիրուած հարցախոյզի մը, հայերը բարձրագոյն թիւերը ստացած են կարգ մը կէտերով՝ 18 երկիրներու շարքին։ Հայերը հակում ունին հարցերուն աւելի փիլիսոփայօրէն մօտենալու՝ իրենց դրացի երկիրներուն բաղդատմամբ. Հայաստանի մէջ 79 առ հարիւրը կ՚ըսէ, թէ «յաճախ կը մտածէ կեանքի իմաստի ու նպատակի մասին», 57 առ հարիւրը «խոր կապ կը զգայ բնութեան ու Երկրի հետ», 83 առ հարիւրը «ճակատագրի կը հաւատայ», իսկ 72 առ հարիւրը՝ «հրաշքներու», ինչ որ ամենաբարձր ցուցանիշն է հարցախոյզի ենթարկուած ազգերու շարքին[12]։

Որո՞նք են կամ որո՞նք պէտք է ըլլան այն հիմնական արժէքները, որ կրնան հասարակ յայտարար մը մատուցել հայերուն։ Այս միլիոն տոլարնոց հարցումը ամենէն բարդ ու խրթին խնդիրներէն մէկն է։ Կը կարծեմ, որ նման հարցերու պատասխանները հաւաքական եւ հանրային մտածումի, դատողութեան եւ քննարկումներու գործընթացի մը արդիւնքը պէտք է ըլլան։

Պատրաստի պատասխան չունիմ, բայց երկու կէտերէ՝ վերոնշեալ երկու հիմնաքարերէն պիտի սկսէի։ Մեր պատմութեան ընթացքին, կրթութիւնը՝ դպրոցը, մեր ազգային կեանքի ամենէն նշանակալից հաստատութիւններէն մէկը եղած է։ Կրթութիւնը («իմաստասիրութիւնը») մեր ազգային հիւսուածքին մաս կը կազմէ. Ե. դարու Ոսկեդարէն մինչեւ միջնադարեան վանական «համալսարանները» (ինչպէս Տաթեւն ու Հաղպատը) եւ դպրոցներու հաստատումը իբրեւ վերապրումի առաջնահերթութիւն Եղեռնէն ետք, եւ այլն։ Կրթութիւնը, ինչպէս փորձառութեամբ գիտենք, միայն դպրոց չէ, այլ աւելի լայն ծրագիր մը որ կը ներառէ արժէքներու ներարկումը, նկարագրի կերտումը, եւ այլն։ Կարճ ասած՝ կրթութիւնը այն գործընթացը կամ միջոցն է, որուն ընդմէջէն «ազգային փիլիսոփայութիւն»ը կը փոխանցուի եւ ապրող փորձառութիւն կը դառնայ։

Վերջապէս՝ երրորդ հիմնաքարը հաղորդակցութիւնն է։ Հին ձեռագիրներէն մինչեւ վերջին դարերու տասնեակ հազարաւոր թերթերը, հանդէսները եւ պարբերականները, հաղորդակցութիւնը հայ ազգի մտաւոր, բարոյական ու փորձառական միասնութիւնը իրագործող սօսինձը եղած է։ Պետականութեան չգոյութեան պայմաններու մէջ, գիտելիքի եւ արժէքներու փոխանցումը տպագիր մամուլի միջոցով մեր ազգային հիւսուածքի մասը եղած է։ Փոխանակ անցեալի բուռ մը հայերուն կամ տեղական համայնքներուն, այսօր աւելի լայն պատեհութիւններ ունինք՝ նորագոյն արհեստագիտութեան միջոցով, միլիոնաւոր հայերու հասնելու։

Ամփոփելով, մեր ազգային կեանքի որեւէ լուրջ, կերպարանափոխ մօտեցում պէտք է ներառէ այս հաստատուած հիմնաքարերը, որոնք ԻԱ. դարու «նոր Հայաստան»ը պիտի սահմանեն։ Եթէ կ՚ուզենք յառաջդիմութիւն տեսնել յառաջիկայ տարիներուն, անհրաժեշտ է հայ ազգային կեանքի զարգացման համապարփակ մօտեցում մը. օրինակ՝ շատ յստակ է, որ քաղաքականութիւնը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու հաւասարումէն դուրս կարելի չէ ձգել։ Մինչ տնտեսական ու մարդասիրական երեսակները ազգային զարգացման լաւ ուսումնասիրուած կալուածներ են, փաստօրէն ո՛չ մէկ քննարկում եղած է մեր «ազգային փիլիսոփայութեան» (զոր կրթութիւնն ու հաղորդակցութիւնը պիտի առաջնորդեն), որ մեր ներկայ «արժէքները» անցեալին կը կապէ ու նախընտրելի ապագայ մը կը կառուցէ։

գ) Ղեկավարութիւն. ի՞նչ պէտք է ընել

Վերջին 25 տարիներուն, արտաքին եւ առարկայական խնդիրներ պարտադրուած են Հայաստանի ու հայերու վրայ։ Սակայն, ներքնապէս, երկրի բարգաւաճման ամենէն հրատապ խնդիրներէն մէկը պարտաճանաչ եւ պատասխանատու ղեկավարութեան պակասը եղած է, ո՛չ թէ առաջնորդներու, այլ՝ առաջնորդութեան։ Քաղաքացիական հասարակութիւնը, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, որոշումներու կայացման ու քաղաքականութեան մշակման գործընթացներուն մէջ ներգրաւուած չէ։ Սփիւռքի հաստատութիւնները՝ եկեղեցիներ, կուսակցութիւններ, համայնքային կազմակերպութիւններ, հազուադէպօրէն կը ներգրաւեն իրենց անդամական կազմը կամ համայնքը իրենց որոշումներու կայացման գործին մէջ։ Ընդհանրապէս, անկախ մասնագէտներ, փորձագէտներ, ակադեմականներ եւ գործարարներ անտեսուած են, բացառութեամբ անոնց նիւթական ներդրումի կամ սահմանափակ մասնակցութեան պարագաներու։

«Ազգային արժէքներու/փիլիսոփայութեան» շուրջ համաձայնութիւն կերտելու առաջին քայլը հեռատես ու հեռանկարային ղեկավարութեան կառուցումն է, որ պիտի սահմանէ ու անդրադառնայ ազգային ամենէն հրատապ հարցերուն։ Նման քայլ մը ի մի պիտի բերէ անհատներու, հաստատութիւններու եւ երեւութապէս անկապ, բայց հաւասարապէս լաւ տրամադրուած կազմակերպական եւ համայնքային ղեկավարներու գիտելիքը, փորձառութիւնը, տաղանդն ու մտապաշարը։ Նպատակը պէտք է անձնական կամ կազմակերպական օրակարգերէն անդին անցնի՝ հայրենիքի եւ աշխարհացրիւ հայութեան գերագոյն բարիքին համար։

Կը հաւատամ, որ մարդոց երեք դասակարգեր կամ խումբեր պէտք է ի մի գան՝ անցեալի նմանօրինակ փորձերու ձախողութիւնները յաղթահարելու համար։ Երեք դասակարգերն են, իմ անուանումով, մտածողները, ընողները եւ գործադրողները։

«Մտածողները». մտաւորականներ, ակադեմականներ, մասնագէտներ եւ գործիչներ, որոնք նեղմիտ օրակարգերու հաւատարմութենէ հեռու են եւ ազգային խնդիրներուն առարկայական մօտեցումի նախընթաց մը ունին։

«Ընողները» (վարչականներ). կազմակերպութիւններու ընտրուած կամ նշանակուած ղեկավարներ, որոնք ներգործութիւն ու ազդեցութիւն ունին հայ աշխարհի մէջ։

«Գործադրողները» (նիւթական միջոցներու տէրեր). հեռատես անհատներ, որոնք նշանակալի ֆինանսական ու կազմակերպական պաշար ունին կամ կը տնօրինեն, եւ որոնք երկարաժամկէտ շահերու ուղղուած հաւաքական ջանքերը կը գերադասեն՝ կարճաժամկէտ յաջողութիւններու բաւարարութենէն աւելի։

Անշուշտ, անցեալին բազմաթիւ փորձեր եղած են, եւ այսօր Հայաստանի ու հայութեան համար մեր բարիքներ գործող քանի մը համահայկական կազմակերպութիւններ կան։ Սակայն, փաստօրէն ո՛չ մէկը կարողացած է ձեւակերպել, գործադրել եւ հայութիւնը ներգրաւել ԻԱ. դարու ազգային «փիլիսոփայութեան» մը շուրջ։ Հարկաւ, անցեալի յաջողութիւններու ու ձախողութիւններէ կարգ մը դասեր կարելի է քաղել։

Եթէ համաշխարհային ազգ պիտի մնանք, պէտք է մեր երկիրը ուղղենք՝ անցեալէն ուժ ու դասեր քաղելով, բայց ներկային նայելով ապագայի տեսանկիւնէն։ Այս գործընթացին մէջ, պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք մեր արժէքաբանութեան ու մշակութային արժէքներուն՝ տնտեսական բարգաւաճման եւ, յատկապէս, քաղաքական ղեկավարութեան ուղղուած մեր ջանքերը լրացնելու եւ զօրացնելու համար։

Վերջնական մարտահրաւէրը այն է, թէ ինչպէ՞ս նախընտրելի ապագայի մը ուղղուած հաւաքական գաղափարները, արժէքները եւ ուղղութիւններ կեանքի կը կոչենք մեր ազգային կեանքին մէջ։

----------------------------------------------------------

Ծանօթագրութիւններ

[1] “The Future for Global Armenians is Now”, իբրեւ ծանուցում հրատարակուած The New York Times-ի մէջ, https://auroraprize.com/en/news/detail/10454/future-for-global-armenians-is-now (Մայիս 18, 2017)։ Տե՛ս նաեւ “50 Global Armenians”, Mediamax.am, http://www.mediamax.am/en/news/50-global-armenians/10608/ (Մայիս 18, 2017)։

[2] Օրինակ՝ «զարգացող համաշխարհային հայկական հասարակութեան» մը թելադրանքը (http://armenianweekly.com/2014/09/08/ani-narod/

[3] «Ազնուութիւն, գումարած պրոֆեսիոնալիզմ, հանած կոռուպցիա. Սերժ Սարգսեանի յաջողութեան բանաձեւը», Armtimes.com, Մայիս 18, 2017, http://armtimes.com/hy/article/112398։

[4] National Statistical Service of the Republic of Armenia, “Part 1 – Armenia: Poverty Profile in 2008-2015,” հրատարակուած՝ 2016-ին, էջ 37-38 (http://www.armstat.am/file/article/poverty_2016_eng_2.pdf

[5] Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, Կեանքը ի հաղորդութեան ընդ Աստուծոյ, Լոնտոն, 2015, էջ 56։

[6] “The Global Risks Report 2017, 12th Edition,” World Economic Forum, Geneva, 2017, p. 4.

[7] https://www.weforum.org/agenda/2017/02/don-t-give-up-on-europe/

[8] “The factories of the future,” The Economist, 1 July 2017, p. 19.

[9] Richard Waters, “Google turns to Assistant as it strives for edge in AI evolution,” Financial Times, 6 October 2016, p. 21.

[10] “The Global Risks Report 2017, 12th Edition,” World Economic Forum, Geneva, 2017, p. 4.

[11] “Denmark―the country, its mentality, lifestyle, values” http://www.limbistraine.com/ro/cercetare/Gabriela-Sauciuc/2.Denmark-Country-mentality-lifestyle-values.html#_ednref7. “Vision, Mission and Values”,https://www.mfa.gov.sg/content/mfa/aboutmfa/vision_mission_values.html. Robert P. Jones and Daniel Cox, Chosen for What? Jewish Values in 2012, Public Religion Research Institute, 2012, p. 2.

[12] Pew Research Center, Religious Belief and National Belonging in Central and Eastern Europe, pewresearch.org, 2017, p. 81, 96.

* Ասիկա անփոփ տարբերակն է զեկուցումի մը, որ ներկայացուած է ARPA Institute-ի 25-ամեակի «Հայաստան ԻԱ. դարուն. երկարաժամկէտ զարգացման ռազմավարութիւն» գիտաժողովին (Լոս Անճելըս, Յուլիս 15, 2017)։

 

2021-06-07
e-mail: info@hrach.info
Copyright © 2024 Hratch Tchilingirian. All rights reserved.