Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, հեղինակաւոր ակադեմական Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան վերջերս ուսումնասիրութեան մը համար յօդուած մը որոնած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան «Սիոն» պաշտօնական պարբերաթերթի հին՝ 1866 թուականի թիւերուն մէջ։ Ան ի մէջ այլոց քանի մը հետաքրքրական տեղեկութիւններ գտած է Պոլսոյ ամիրաներու կողմէ այդ ժամանակ Երուսաղէմի պատրիարքութեան համար կատարուած նուիրատուութիւններու մասին՝ մասնաւորապէս Պալեան ամիրայի Եալովայի կալուածը։ Այս հիման վրայ Հրաչ Չիլինկիրեան կարճ յօդուած մը գրի առնելով ուղարկած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ին՝ հաշուի առնելով, որ սա հետաքրքրական պիտի ըլլայ պոլսահայ ընթերցողին տեսակէտէ՝ մանաւանդ վերջին օրերուն Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի Պոլիս կատարած այցելութեան պարունակին մէջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Հրաչ Չիլինկիրեանի յօդուածը։ Հարկ է նշել, որ Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան Օքսֆորտի համալսարանի Արեւելագիտութեան ամպիոնի գիտաշխատող ու դասախօս է։
*
Կարապետ Ամիրա Պալեանի նուէրը Երուսաղէմի Պատրիարքութեան
Հրաչ Չիլինկիրեան
Երուսաղէմի պատրիարքութեան Թուրքիոյ մէջ ունեցած կալուածներու հարցը վերջին տարիներուն հանրութեան ուշադրութեան առարկայ դարձած է:
Պատմութեան ընթացքին Ս. Երկիրը եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը յատուկ տեղ գրաւած են հայ հաւատացեալներու կեանքին մէջ, որպէս քրիստոնեայ հաւատքի ամենակարեւոր ուխտավայրեր: Իբր այդ՝ դարերու ընթացքին Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը հարուստ ներկայութիւն մը ունեցած է Ս. Երկրի եւ շրջակայ երկիրներուն մէջ, շնորհիւ ազնուականներու, հանրածանօթ եւ համեստ ուխտաւորներու նուիրատուութիւններուն եւ կտակներուն:
Օսմանեան շրջանին, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան եւ թրքահայութեան հետ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը իւրայատուկ եւ սերտ կապեր ունեցած է, ոչ թէ միայն որպէս Ազգային սահմանադրութեան ենթակայ կառոյց (մինչեւ անոր չեղեալ համարուիլը), այլ մանաւանդ որպէս կարեւոր կրօնական, բարեպաշտական, մշակութային եւ ազգային կեդրոն:
Երուսաղէմի պատրիարքութեան 1866-ին հիմնուած «Սիոն» ամսագրի այդ տարուայ յունիսի (1, 6) թիւին մէջ տեղ գտած է տեղեկագրութիւն մը յայտնի Պալեան ընտանիքի շառաւիղներէն Կարապետ ամիրա Պալեանի կտակին մասին:
Պալեանները մեծ դեր ունեցած են Օսմանեան ճարտարապետութեան զարգացման եւ արդիականացման մէջ: Կարապետ ամիրան (1800-66), որ իր հօր Գրիգորին յաջորդած էր որպէս Օսմանեան արքունիքի ճարտարապետ, ծառայած էր Մահմուտ Բ., Ապտիւլմեճիտ եւ Ապտիւլազիզ սուլթաններուն: Հեղինակն է շարք մը յայտնի շէնքերու, ինչպէս՝ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը (1832-34), երեք եկեղեցիներ (1834-38), Օրթագիւղի մզկիթը (1854), Տոլմապահչէ պալատը (1853-55) եւ այլ կառոյցներ:
Կարապետ ամիրա Պալեանի, 19-րդ դարու երկրորդ կէսին կատարած Եալովայի կալուածի մը նուիրատուութեան մասին, «Սիոն»ը որոշ մանրամասնութիւններ կու տայ (լեզուն եւ ուղղագրութիւնը ըստ բնագրին պահուած են).-
«Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը [Եսայի Արք. Կարապետեան] Պօլիս եղած ժամանակը, Գերապատիւ եւ Ազգասէր Պալեան Կարապետ Ամիրայն յայտնած էր Նորին Սրբազնութեան, թէ Եալովայի մէջ ունեցած իւր կալուածքը կտակաւ սուրբ Երուսաղէմայ Աթոռոյն թողուլ կ՚ուզէ, անոր տարեկան արդիւնքովն սուրբ Քաղաքիս մէջ կամ մօտերը Ժառանգաւորաց Դպրոց մի հաստատուելու նպատակաւ: Բարեպաշտ եւ հոգեսէր Ամիրային այս ազգահաճոյ առաջարկութիւնը Սրբազան Հօր ի սուրբ Աթոռս գալէն զկնի, Տնօրէն Խորհրդոյ միջոցաւ ընդունուելով, հարկաւոր վաւերագրութիւնները ու հաստատագրերը թէ՛ Ազգասէր Ամիրային եւ թէ սուրբ Աթոռոյն հաճութեամբը ի գործ դրուեցան: Հետեւապէս յիշեալ կալուածները Գերապատիւ եւ Աթոռասէր Ամիրային կողմէն սուրբ Երուսաղէմայ փոխանորդին յանձնուած ըլլալով, ապրիլ ամսոյն վերջերը յատուկ հրաման եւ հրահանգ խրկուեցաւ [sic] ասկէ առ Արժ. Սիօն վարդապետը, որ անձամբ երթայ ի Եալովա եւ աչքէ անցընելով զամեն ինչ՝ սկսի տիրաբար հոգ տանիլ կալուածներուն: Հրամանը, ինչպէս որ գրուած է մեզ, ի գործ դրուեր է, եւ հարկաւոր ծախսեր ալ եղած է: Ազգասէր ու հոգեսէր Ամիրային սոյն աստուածահաճոյ կամաց ամենայն բարեյաջողուեամբ եւ հաստատուն ու անդարձ կտակագրութեամբք ի գործ դրուիլը օրհնեալ Ազգիս հանրութեանը ուրախութեամբ սրտի հաղորդելով, կը խոստանանք ուրիշ անգամ կտակագրութեանց պայմաններն ալ Սիօնիս միջոցաւ հրատարակել ի պարծանս մեծանուն կտակողին եւ ի ցնծութիւն բովանդակ Ազգիս»։
Տատեան նուիրատուներ
Հետաքրքրական է նաեւ Տատեան ընտանիքի շառաւիղներու նուիրատուութիւնները Երուսաղէմի պատրիարքութեան: Ինչպէս յայտնի է, 18-րդ-19-րդ դարուն Տատեանները կարեւոր եւ բարձրաստիճան պաշտօններ ունեցած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ:
«Սիոն» 1866-ի հոկտեմբեր (1, 10) եւ նոյեմբեր (1, 11) թիւերուն մէջ կարճ տեղեկութիւններ կան Տատեան չորս նուիրատուներու տուած գիրքերուն եւ արժէքաւոր առարկաներուն մասին.- Օսմանեան կայսրութեան վառօդապետ Յովհաննէս պէյ Տատեան (1832-1869), արքունի խորհրդական Առաքել պէյ Տատեան (1820-1886), յայտնի ճարտարապետ Ներսէս պէյ Տատեան (1825-1872) եւ գիտնական Սիմոն պէյ Տատեան: Այսպէս (բնագրին լեզուն եւ ուղղագրութիւնը պահուած են)՝
«Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը [Եսայի Արք. Կարապետեան] Պօլիս եղած ժամանակ, Վսեմաշուք Յովհաննէս Պէյը Տատեան [sic] բարեհաճած էր նուիրել սուրբ Աթոռոյս՝ ի յիշատակ անուան իւրոյ հետեւեալ պատուական գրքերը, զորս թէպէտ եւ անագան [ուշ], այլ լի երախտագիտութեամբ սրտի կը փութանք յիշատակել հոս զանոնք, որք են ընդ ամենը 47 կտոր:
Ադլաս, աշխարհացոյց տախտակաց գիրք՝ Եւրոպիոյ [sic] միայն, 3 հատոր՝ փառակազմ:
Տնկաբանութեան գիրք (Flora Fluminensis)՝ Հ. Յովսէփ Մարիանօ Վէլլոզոյի, յորում պարունակին հանդերձ պատկերօք՝ Պրազիլիոյ մէջ գտնուած տունկերը. 11 հատոր՝ ընտիր կազմ:
Դարձեալ 5 հատոր գիրք տնկաբանութեան՝ ուրիշ հեղինակէ յօրինեալ, պատկերազարդ:
Ճանապարհորդութիւն շուրջ զաշխարհաւ, հրամանաւ Լուի ԺԸ թագաւորին Գաղղիոյ [Ֆրանսայի], յօրինեալ պատմաբանօրէն ի Լուի տը Ֆրէսինէ, 4 հատոր:
Պատմութիւն բրածոյ տնկոց, յօրինեալ յԱտօլֆ Պրօնկեարէ (M. Adolphe Brongniart). Միակ հատոր: Երկրորդ հատորն է նոյնին Ադլասը, այսինքն՝ երկրի իւրաքանչիւր խաւերուն մէջ գտնուած տունկերուն պատկերները:
Պատմութիւն՝ այգիներուն վնասակար եղող միջատաց, եւ ի մասնաւորի քիրալէ վերայ: Միակ հատոր պատկերազարդ:
Ընդհանուր դիտողութիւնք անդամազննութեան յօդաւոր կենդանեաց՝ համեմատօրէն: Հեղինակութիւն Հերքիւլ Սթրոստիւրքէմի (Hercule Stransdurckheim), միակ հատոր պակերազարդ:
Տարրական Ադլաս տնկաբանութեան (Atlas élémentaire de Botanique), որուն մէջ կան 2340 պատկեր:
Օրագիր գործնական երկրագործութեան, պարտիզաց մշակութեան եւ ընտանեկան խնայողութեան. Յամէ 1837-1844. Ամբողջ 8 հատոր պատկերազարդ:
Գեղջկական տուն (Maison rustique du XIX siécle), 5 հատոր:
Քաղուածք դասուց ուսմանց շինուածոց կամ ճարտարապետութեան կամրջոց եւ թումբից, Մ. Ի. Սկանզինէ (M. I. Sganzin):
Գիրք անասնաբուժութեան (Traité d՚éhygiéne vétérinaire) 2 հատոր:
Բառգիրք՝ բնական գիտութեանց մէջ գործածելիք բառից, հանդերձ ստուգաբանութեամբք արմատական նշանակութեանց, 2 հատոր:
Բառգիրք՝ ի հայէ ի ռուս, աշխատասիրութեամբ Աղէքսանդրի Մակարեան Խուդաբաշեանց, տպեալ ի Մոսկուա, 2 հատոր, փառակազմ եւ ոսկէզօծ»:
Տատեան Նուիրատուք
«Տատեան Վսեմաշուք Առաքէլ էֆէնտին շնորհեց սուրբ Աթոռոյս թանգարանին,
Մէկ կտոր քարացեալ անդիքա:
Վեց պզտիկ անդիքա պատուական քարեր:
Մէկ դանակ սավաթ ըսուած [արծաթեղէնի վրայ սեւաթոյր բանուածք]»:
«Տատեան Վսեմաշուք Ներսէս պէյը նուիրեց սուրբ Աթոռոյս թանգարանին,
Անգղիոյ թագաւորական պալատին ամեն կողմէն առնուած տեսքերը, զատ զատ փորագիր տպուած:
Չորս կտոր մեծադիր գրեանք զանազան նկարներու:
Մէկ մանրադիտակ (microscope) հանդերձ իւր պարագաներովը»:
«Պ. Տատեան Վսեմաշուք Սիմօն պէյը շնորհեց՝
Մէկ ելեքտրական գործիք մը մեծ, որոյ ապակիին տրամագիծն է 82 հարիւրամեդր:
Մէկ փոքր առձեռն՝ նոյն ելեքտրական գործիքէն»:
Մօտ 150 տարի անց, արդեօք այս ցանկերուն վրայ եղած գիրքերուն եւ առարկաներուն ճակատագիրը ի՞նչ եղած է կամ քանի՞ն պահուած է մինչեւ այսօր Երուսաղէմի մատենադարանին կամ թանգարանին մէջ:
Ինչպէս հանրութեան ծանօթ է, վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին փորձեր կը կատարուին Երուսաղէմապատկան կալուածներու օրինական կարգավիճակը վերահաստատելու համար: Հետաքրքրական պիտի ըլլար իմանալ, թէ արդեօք Կարապետ ամիրա Պալեանի Երուսաղէմի պատրիարքութեան նուիրած Եալովայի կալուածը վիճելի կարգավիճակ ունեցող կալուածներու ցանկին մէ՞ջն է, թէ՞ ուրիշ ճակատագիր ունեցած է:
ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ