Ղեկավարութիւն եւ Սփիւռքի ներուժը

BaykarLogo

«Պայքար», 29 Յունուար 2023

«Մինչեւ հիմա Սփիւռքի իրական ներուժը դուրս չէ բերուած եւ այդ առումով ահռելի աշխատանք կայ տանելիք». Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան

Դէպի ո՞ւր կ՚ընթանայ հայկական սփիւռքը, Ի՞նչ ունէինք երէկ եւ այսօր ինչքա՞ն իրական է մեր մտապատկերին մէջ գոյացած եւ մարմին առած սփիւռքը։ Ի վերջոյ՝ այսօրուայ բարդ կացութեան մէջ, ի՞նչ է սփիւռքի ըսելիքը եւ առաւելաբար՝ անոր գործը։ Այս թեմայով եւ հեռավար կապով օրեր առաջ զրուցեցի Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանին հետ։

Պրն. Չիլինկիրեան, գուցէ դուք իրական եւ միակ հասցէատէրը չէք մ սփիւռքեան հիմնահարցերուն, սակայն Սփիւռքի խճանկարին մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէք, շատերու վկայութեամբ։ Վերադառնալով մեր թեմային, ապա յիշեցնեմ, որ անցնող տարին՝2022-ը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ «Սփիւռքի տարի» հռչակուած էր։ Ի՞նչ էին ձեռքբերումները եւ ի՞նչ կարող ենք ըսել ապագայի հարցադրումներուն մասին։

ՀՉ - Կրնամ ըսել, որ 2022-ին, Սփիւռքի մէջ հիմնական օրակարգը նոյնն էր՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռքի համայնքներուն ներքին խնդիրները։ Կ՚ուզեմ նշել, որ վերջին այս քանի մը շաբաթներուն Լաչինի միջանցքի շրջափակումը լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մէջ։ Ինչպէս գիտենք, որոշ աշխատանքներ կը տարուին՝ լոպիիստական կամ այլ ճանապարհներով, որպէսզի այդ հարցը լուծում մը գտնէ եւ արագօրէն վերաբացուի Լաչինի միջանցքը։ Ինչպէս ըսի, Սփիւռքի օրակարգի վրայ է Արցախի հարցը, Հայաստանի իրավիճակը եւ անշուշտ՝ մնայուն խնդիրներ են Սփիւռքի ներքին հարցերը։ Այս տարի, դէպի Հայաստան կապը երկու ուղութիւններով կը դրսեւորուէին, ինչ որ երեսուն տարի է տեսած ենք նոյնն է, հիմնականապէս՝ նիւթական աջակցութիւն եւ լոպիիստական աջակցութիւն, Հայաստանի եւ Արցախի խնդիրները լուծելու ուղութեամբ։

Ձեր դիրքին եւ աշխատանքին բերումով, վստահ եմ, որ մօտէն կը հետեւիք հայկական գաղութներու կեանքի տարբեր պատկերներուն, ուր այսօր, ցաւ ի սիրտ կարգ մը պարագաներու մէջ կան շատ մը շեշտուած բաժանումներ։ Այդ մէկը կապ ունի տարբեր ազդակներու հետեւանքով ստեղծուած բաժանումներուն հետ, սակայն առհասարակ այս վիճակէն ինչպէ՞ս դուրս պիտի գայ Սփիւռքը։

ՀՉ - Բաժանումները անշուշտ միշտ եղած են, ինչպէս դուք ալ նշեցիք։ Սփիւռքի տարբեր շրջանակներու մէջ ընդհանրապէս կը խօսուի միութեան, համախմբումի, համահայկական, համազգային, համասփիւռքեան եզրոյթ- խօսոյթներով, բայց կը կարծեմ, որ այս բաժանումները ունին քաղաքական անհամաձայնութեան ենթախորք։Ինչպէս գիտենք, որ Հայաստանի մէջ կատարուող, ներքին իրադարձութիւնները նաեւ մեծ ազդեցութիւն ունին Սփիւռքին վրայ։ Քանի որ Սփիւռքի համայնքներուն մասին նշեցիք, կ՚ուզեմ անդրադառնալ կարեւոր համայնքի մը, որուն մասին շատ բան չենք լսեր, օրինակ՝ Ռուսաստանի հայկական Սփիւռքը, որ ամենամեծ սփիւռքեան համայնքն է, բայց գրեթէ ոչինչ գիտենք, թէ Ռուսաստանի համայնքը այսօր ինչ կ՚ընէ, ինչ վիճակի մէջ է, եւ ինչ հեռանկար ունի։ Ընդհանրապէս, աւանդաբար երբ Սփիւռք ըսենք նկատի կ՚ունենաք հիւսիսային Ամերիկա, Ֆրանսա, Լիբանան եւ այլն, բայց այնտեղ կայ Ռուսաստանի համայքը, որ շատ աւելի մեծ թիւ եւ կարողականութիւն ունի, բայց շատ քիչ բան գիտենք, թէ այսօր ինչ կը կատարուի Ռուսաստանի հայկական Սփիւռքի կեանքէն ներս։

Յաճախ, մանաւանդ վերջին տարիներուն կը խօսուի, որ նոր Սփիւռք մը գոյացած է, որ արդիական մտայնութեան տէր եղող մասնագէտներու եւ երիտասարդներու ամպիոնն է, եւ միւս կողմէ ալ ունինք աւանդական Սփիւռքը։ Ինծի կը թուի, որ այս երկու «Սփիւռքներ»ը իրար չեն հանդիպիր եւ յաճախ կը հակադրուին, որովհետեւ ոչ միայն համակարգող չկայ, այլ կան նաեւ տարբեր խնդիրներ, որոնց մասին դուք տարբեր առիթներով ալ անդրադարձած է։Ի վերջոյ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի այս բոլորը մէկտեղուին։

ՀՉ - Ձեր հարցումը մի մէջ քանի շերտեր ունի։ Նախ պիտի ըսէի, որ «դասական» կամ «նորագոյն» եզրերէն անդին կայ մնայուն Սփիւռք մը, որ բաւական հին կենսագրութիւն ունի եւ կայ նոր Սփիւռքը, այսինքն՝ Հայաստանէն եղած արտահոսքին հետեւանքով ստեղծուած Սփիւռքը, որ վըրջին տարիներուն գոյացած է։ Հետաքրքրական է եւ պէտք է արձանագրենք, որ Հայաստանէն եկած հայերը, որ այսօր տարբեր երկիրներու մէջ կ՚ապրին, իրենք զիրենք սփիւռքահայ չեն նկատեր։ Երբ Սփիւռքահայ կ՚ըսենք, կամ Սփիւռք կ՚ըսենք, նկատի կ՚ունենանք այդ երկրին մէջ եղող աւելի հին համայնքները կամ խոր արմատ ունեցող համայնքները։ Ուրեմն այստեղ ինքնահասկացողութեան հարց մը կայ, որ անշուշտ այսօրուան մեր նիւթին առարկան չէ, բայց կարեւոր հանգամանք է, որ «Հայաստանի Սփիւռք»ը, այսինքն Հայաստան ծնած մեծցած սերունդը որ այսօր Սփիւռքի մէջ կ՚ապրի եւ կը գործէ, անոնց ներդրումը, անոնց ներգրաւածութիւնը կայ Հայաստանի տարբեր խնդիրներու մէջ, եւ կան անշուշտ, այպէս ասած «դասական» կամ աւելի հին համայնքները, որոնք գոյութիւն ունեցած են կամ կազմուած են աւելի հին՝ հարիւր տարուայ ժամանակաշրջանի ընթացքին։ Այստեղ կան տարբեր շերտեր եւ տարբեր երանգներ նոյնիսկ տուեալ գաղութի մը մէջ։ Եթէ գործնական ձեւով պիտի մօտենանք այս հարցերուն, պէտք է հասցէական խօսինք։ Այսօր եթէ դիտարկենք, պիտի նկատենք, որ Սփիւռքի ութսուն տոկոսը երեք-չորս երկիրներու մէջ կ՚ապրի։ Յիշեցինք Ռուսաստանը, հիւսիսային Ամերիկան, Ֆրանսան, Վրաստանը (եթէ Սփիւռք պիտի համարենք)։ Եթէ աւելի գործնական մօտեցումով պիտի վերլուծենք Սփիւռքը, հասցէական պէտք է խօսինք, թէ ո՞ր Սփիւռքի մասին է, ինչի՞ մասին է եւ որո՞ւ մասին է, որ կը խօսինք, այլապէս՝ ընդհանրացումներով կամ ընդհանուր գաղափարներէն դուրս պիտի չկարենանք գալ։

Սփիւռք կը նշանակէ ներուժ։ Մեզի համար, յաճախ նաեւ որպէս լրագրողներ, կամ հասարակութեան մէջ ըսելիք ունեցողներ, նկատել կու տանք, որ մեր նաւթը Սփիւռքն է, սակայն յաճախ նաեւ կը մտածենք, որ այդ իրական ներուժը, որ ոչ միայն տնտեսական ներուժ է, այլ նաեւ՝ մարդկային, ամբողջութեամբ չի ներգրաւուիր այսօր Հայաստանի մէջ։Ձեր կարծիքով ի՞նչ պէտք է ընել, որ իրապէս ամբողջ Սփիւռքը, նամանաւանդ՝ թարմ տարրը ներգրաւուի Հայաստանակեդրոն գործունէութեան առընթեր։

ՀՉ - Շատ լաւ հարց է, եւ միշտ այս նաւթի օրինակը կը բերուի։ Կ՚ուզեմ այս օրինակը օգտագործել, քիչ մը աւելի ընդլայնելով այս խնդիրը։ Եթէ գիտէք , որ նաւթ մը կամ հանք մը հողին տակ գոյութիւն ունի, ատիկա պէտք է դուրս բերուի, պէտք է մշակուի, եւայլն։ Ուրեմն, այսօր մենք գիտենք, որ Սփիւռքը ունի ուժ եւ կարողականութիւն, բայց ի՞նչը որ չենք ըրած այս երեսուն տարուան ընթացքին, այդ ներդրումը, «հանքը» ՝ դուրս բերելու աշխատանքն է։ Այսինքն պէտք է ներդում ընես, investment ընես՝ մարդկային եւ նիւթական, որպէսզի այդ արժէքը դուրս բերես։ Մենք անընդհատ կը խօսինք, որ կայ ուժը՝ այնտեղ է, բայց ոչ մէկ ձեւով այդ ներդրումը չենք ըրած։ Ինչպէս, որ հանքի կամ նաւթի պարագային միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսուին, որպէսզի փորեն, մշակեն, դուրս հանեն, այն նպատակով, որ այդ իրենց ներդրումը տասնապատիկ, քսանապատիկ իրենց եկամուտ հայթայթէ կամ օգուտ ունենայ։ Այսօր եթէ նոյն այդ խորհրդանշական օրինակը պիտի առնենք, Սփիւռքը՝ այո ունի այդ ուժը, կարողականութիւնը, միջոցները, բայց եթէ նայինք՝ ըլլայ Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններու երեսուն տարիներու ընթացքին կատարած գործերուն , կամ ըլլայ Սփիւռքի կառոյցներուն, որեւէ մէկը, մարդուժի ներդրում, թէ նիւթական ներդրում չէ կատարած։ Ուրեմն անընդհատ կը խօսինք բանի մը մասին, որ գոյութիւն ունի, բայց տակաւին չենք գտած ձեւը, կամքը, որպէսզի ատիկա դուրս բերենք, յայտնաբերենք եւ օգտագործենք։Ի վերջոյ եւ մինչեւ հիմա Սփիւռքի իրական ներուժը դուրս չէ բերուած եւ այդ առումով ահռելի աշխատանք կայ տանելիք։

Դոկտ. Հրաչ, ըլլալով Մերձաւոր Արեւելքէն, դուք յաճախ լոյսին կը բերէք Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրները եւ այդտեղ մեր կարեւոր հայագաղութներուն վիճակը։ Այդ առումով ապագայի վախեր ունի՞ք։ Այս հարցը կու տամ, նաեւ յաճախ կ՚երկմտիմ երբ յիշեմ, որ մեր երեք յարանուանութիւններուն կեդրոնները կը գտնուին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Նոյնիսկ այդ եկեղեցիները այսօր կոչումի խնդիր ունին, մարդուժի պակասէ կը տառապին եւ այս մէկը գուցէ ահազանգ մըն է ընդհանուր առումով, թէկուզ եւ յաճախ բաց ձեւով չի խօսուիր այս մասին, բայց իրականութիւն է, որ ե՛ւ Սուրիոյ, ե՛ւ Լիբանանի գաղութները այսօր բաւական ծանր եւ վիրաւոր վիճակի մէջ են։ Դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք, ի՞նչ են մտավախութիւնները։

ՀՉ - Վերջերս, Միջին Արեւելքի հայութեան մասին ուսումնասիրութիւն մը պատրաստեցի։ Փորձեցի հայկական դպրոցներու իրավիճակը գնահատել։ Առնուազն դպրոցներու պարագան դիտարկելով, կը տեսնենք, որ Միջին Արեւելքի տասը երկիրներու մէջ, հայկական վարժարաններու աշակերտութեան թիւը, 2010-2011 ուսումնական տարեշրջանին մօտաւորապէս 22հազար էր, իսկ անցնող 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանին մօտաւորապէս 11,000-12,000է։ Այստեղ, կարեւոր համայնքներէն են Լիբանանը, Սուրիան, Իրանը, եւ Թուրքիոյ (Պոլիս) մեր դպրոցները։ Ուրեմն, կը տեսնենք, որ գոնէ դպրոցներու պարագային, աշակերտութեան թիւը եթէ տասը տարուայ մէջ յիսուն տոկոսով նուազած է, այստեղ մտահոգուելիք խնդիր ունինք։ Աշակերտութեան թիւը ցուցանիշ մըն է, որ կապուած է, արտագաղթին հետ, որ տեղի կ՚ունենայ Միջին Արեւելքէն։ Հետեւաբար կան հսկայական խնդիրներ Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքներու պարագային, որ թերեւս թէ՛ համայնքային կառոյցները, թէ՛ հայութիւնը, Հայաստանը առիթ չեն ունեցած կամ ժամանակ չեն տրամադրած, որպէսզի այս խնդիրները աւելի լրջօրէն վերլուծուին եւ դէպի ապագայ նայող լուծումներ գտնուին։ Անշուշտ պէտք է նկատի ունենանք, որ Արցախի հարցը այսօր շատ աւելի կարեւոր՝ առաջնային խնդիր մըն է ամբողջ հայութեան համար։ Հետեւաբար սփիւռքեան խնդիրները ետ մնացած են, կամ ըսենք՝ ցանկին վրայ աւելի երկրորդական տեղ կը գրաւեն։

Ընթացիկ 2023 տարուան առընթեր, ի՞նչ ուղութիւններ կը տեսնէք Սփիւռքի մէջ։ Անշուշտ ինչպէս նշեցիք, եթէ ամէն ինչ բարիով փարատի եւ Արցախի տագնապը իսկապէս լուծման փուլի մը մէջ մտնէ, գուցէ նաեւ քաղաքական որոշ կայունութիւն մը ըլլայ Հայաստանի շուրջ, ապա ի՞նչ կրնայ ըլլայ Սփիւռքի օրակարգը։

ՀՉ - Կան անմիջական խնդիրներ, որ պէտք է դիմագրաւենք, անմիջական մարտահրաւէրներ, որոնք պէտք է լուծենք եւ անոնց համար լուծումներ գտնենք, բայց կան նաեւ երկարաժամկէտ խնդիրներ, որոնց պէտք է ժամանակ, միջոց եւ կամք տրամադրենք, որպէսզի կարենանք վերլուծել։ Ինչպէս ըսած եմ ասկէ առաջ ալ, Հայաստանի եւ Արցախի խնդիրը առնուազն երեսուն տարուայ խնդիր է։ Այնպէս չէ, որ անմիջապէս պիտի կարգաւորուի, անմիջապէս խաղաղութիւն պիտի ըլլայ։ Պէտք է իրապաշտ ըլլանք եւ երկարաժամկէտ, առնուազն, գոնէ պայմանական ձեւով՝ երեսուն տարուան համար նկատի պէտք է ունենաք, որ մեզի՝ հայութեան համար, այս հարցը ազգային խնդիրներէն կարեւորագոյնը պիտի ըլլայ։ Ուրեմն այսօրուընէ պէտք է մտածենք, որ ինչպիսի քայլեր պէտք է առնուին, ինչպիսի ղեկավարութիւն պէտք է, որպէսզի պատրաստուինք տասնամեակներ տեւող խնդրիրներուն լուծումներ բերելու։

Սագօ Արեան

pdfTchilingirian_Hratch_Interview_Baikar_29Jan2023.pdf

2023-01-31
e-mail: info@hrach.info
Copyright © 2024 Hratch Tchilingirian. All rights reserved.