Հարցազրոյց՝ Օքսֆորտ Համալսարանի Արեւելագիտութեան Ամպիոնի Դասախօս, «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» Ծրագրի Տնօրէն, Ընկերաբան՝ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի Հետ
Մարտ ամսուան ընթացքին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնէն ներս հիւրընկալեցինք Անգլիայէն ժամանած, Oxford Համալսարանի Արեւելագիտութեան ամպիոնի դասախօս, ընկերաբան, դոկտոր Հրաչ Չիլինկիրեանը, որ մեզի իրազեկ դարձուց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի հովանաւորութիւնը վայելող՝ «Հայկական Սփիւռք Հարցախոյզ» գիտական ուսումնասիրութեան մասին:
Դոկտ. Չիլինկիրեանը ծրագիրին գլխաւոր առաջնորդն է:
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք դոկտ. Չիլինկիրեանի հետ մեր ունեցած հարցազրոյցը, որպէսզի իրենք եւս տեղեկանան Սփիւռքի մէջ իրականացուող այս գիտական հետաքրքրական հարցախոյզ-ուսումնասիրութեան եւ անոր արդիւնքներուն մասին։
Հարցազրոյցը վարեց՝ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
Հարցում- Կրնա՞ք «Թորոնթոհայ»ի մեր ընթերցողներուն յիշեցնել, թէ ինչպիսի՞ նախաձեռնութեամբ եկած էք Թորոնթօ։
Պատասխան- Յատուկ առաքելութեամբ Թորոնթօ, ապա Տիթրոյիդ եւ Նիւ Եորք կ՛այցելեմ՝ «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ»ի դաշտային աշխատանքները (Field work) կազմակերպելու համար: Թորոնթօ այցելութեանս ընթացքին հանդիպումներ ունեցայ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ զանազան անձնաւորութիւններու, որոնք իրենց ներդրումը պիտի ունենան այս աշխատանքին մէջ:
Կ’ուզեմ յատկապէս նշել, որ մեծապէս կը գնահատեմ այստեղի համայնքային կազմակերպութիւններուն եւ համայնքի անդամներուն աջակցութիւնը: Վերջ ի վերջոյ այս ուսումնասիրութիւնը նաեւ թորոնթոհայութեան համար է, որովհետեւ ուսումնասիրութեան արդիւնքները նաեւ օգտակար պիտի ըլլան համայնքային կառոյցներուն եւ անդամներու, թէ 21-րդ դարուն թորոնթոհայութեան մտածումները, տեսակէտները եւ կարծիքները ինչ են շարք մը կարեւոր թեմաներու մասին:
Հ. Ի՞նչ է՝ «Հայ Սփիւռքի Հարցախոյզ» ուսումնասիրութիւնը։
Հայ սփիւռքի հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) ծրագիրը Սփիւռքի տարածքին հանրային կարծիքը կ’ուսումնասիրէ, ինչպէս նաեւ՝ հայ համայնքներու մէջ առկայ հարցերն ու մտածողութեան եղանակները: Ընդհանուր գաղափար մը տալու համար ըսեմ, որ հարցախոյզը մարդահամար չէ, այլ` զուտ հանրային կարծիքի ուսումնասիրութիւն, որուն միջոցաւ հանրութեան կարծիքները կ’ուզենք իմանալ։ Օրինակ` մարդոց եկամուտին մասին հարցում չունինք հոն, այլ պարզապէս որոշ նիւթի մը մասին իրենց մտածումը, այդ նիւթին շուրջ իրենց կարծիքը, նախընտրութիւնները, եւ այլն։ Այս իմաստով այս աշխատանքը կը տարբերի մինչեւ հիմա եղած ուսումնասիրութիւններէն։ Անշուշտ կան գրուած դոկտորական թէզեր, ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս` Լալէյ Մանճիկեանին մոնթրիալահայութեան մասին, կամ Անի Պաքքալեանին` ամերիկահայութեան մասին գրուած դասական գիրքերը, բայց այս ուսումնասիրութիւնը աննախադէպ է, քանի որ առաջին անգամ ըլլալով բազմաերկիր, բազմագաղութ եւ միեւնոյն ժամանակ տարբեր աշխարհագրական մասերու մէջ ապրող հայերու կարծիքները կ’ուսումնասիրենք, բաղդատական մօտեցումով եւ համասփիւռքեան տեսանկիւնէն:
Հ. Քանի՞ աշխատակիցներ ունիք այս հսկայ ծրագիրը իրականութիւն դարձնող ու վարող ։
Պ. Այս աշխատանքը իրօք խմբային աշխատանք է։ Այո՛, ես կը ղեկավարեմ զայն, բայց իւրաքանչիւր անդամի ու աշխատակիցի ներդրումը նոյնքան կարեւոր է այս աշխատանքի յաջողութիւնը ապահովելու իմաստով։ Ծրագիրը կը ղեկավարուի խումբ մը գիտնականներու, հետազօտողներու եւ փորձագէտներու կողմէ: Կը գործակցինք նաեւ Ամերիկայի եւ Գանատայի մէջ գործընկերներու եւ գիտաշխատողներու հետ՝ միասնաբար այս ծրագրի յաջողութեան հասցնելու համար:
Հ. Ձեր կարծիքով ո՞րն է այս աշխատանքին կարեւորագոյն արժէքը։
Պ. Անշուշտ կան հասարակ յայտարարներ, սակայն շատ մը նիւթերու մէջ կարծիքները կը համընկնին, օրինակ ըսենք ռումանահայութեան եւ արժանթինահայութեան կարծիքները։ Բաղդատական առաւելութիւնը այս աշխատանքին մեծագոյն արժէքներէն մին, այսինքն կարենալ 10-15 սփիւռքեան համայնքները իրար հետ բաղդատել ու տեսնել նոյնութիւններն ու տարբերութիւնները: Վստահաբար, այս արդիւնքները եւ ուսումնասիրութիւնները առնուազն 5 տարի կը պահանջեն ամբողջութեամբ վերլուծելու համար, որովհետեւ հսկայական քանակի data կամ տեղեկութիւններ կան հոն, այսինքն` ո՛չ միայն հարցաշարը, որ 50 հարցումներէ կը բաղկանայ, այլ նաեւ մեր իրականացուցած որակական հարցազրոյցները։
Հետեւաբար այս աշխատանքը իր տարողութեամբ, բնոյթով եւ ծաւալով կարելի է ըսել որ իւրայատուկ է եւ՝ աննախընթաց։
Անցնող 4 տարիներու ընթացքին տարուած հսկայ աշխատանքը եւ արդիւնքները անշուշտ գալիք 5-10 տարուան համար նիւթ պիտի հայթայթեն հանրութեան, համայնքը կազմակերպողներուն եւ ուսումնասիրողներուն, որպէսզի անոնք ալ այդ արդիւնքները նկատի առնելով իրենց ծրագիրները եւ մշակած քաղաքականութիւնը աւելի հիմնաւորուած ձեւով կատարեն։
Նշեմ որ 2018-ի եւ 2019-ի հարցախոյցերու արդիւնքները արդէն հրատարակած ենք եւ հասանելի են մեր կայքէջէն:
Հ. Ո՞րու նախաձեռնութիւնը կամ հովանաւորութիւնը կը վայելէ այս ծրագիրը։
Պ. Այս գիտական ծրագիրը չէզոք ծրագիր մըն է, որ քաղաքական կամ յարանուանական որեւէ մէկ օրակարգ կամ նպատակ չունի։ Ծրագիրը Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորմամբ կ’իրականանայ, բայց կը ղեկավարուի խումբ մը ակադեմական մասնագէտներու կողմէ. ինչպէս նաեւ ունինք միջազգային ակադեմական խորհրդատու մարմին մը, որուն հետ կը քննարկենք մեթոդաբանութիւնը, հարցաշարի հարցումները եւ անոնց ինչպէս ձեւակերպուիլը, գիտական հիմքերը ճշդելը, եւ այլն։ 2018-ին նախնական (pilot) ուսումնասիրութիւն մը ըրինք Գահիրէ, Պոսթոն, Մարսէյլ եւ Փասատինա, որպէսզի տեսնենք, թէ ի՞նչ հնարաւորութիւններ եւ խնդիրներ կան բազմահամայնք ուսումնասիրութիւններու պարագային։ 2019-ին Կիւլպէնկեան Հիմնարկը որոշում կայացուց, որ 3 տարուան համար ծրագիրը պիտի ֆինանսաւորէր, հետեւաբար պէտք էր այս ծրագիրը լրիւ իմաստով ի գործ դնէինք։
Հ. Գալուստ Կիւլպէնկեանի հովանաւորութենէն ետք ինչպիսի՞ թափով ընթացան ուսումնասիրութիւնները եւ ո՞ր երկիրներու հայ համայնքները նկատի առիք։
Պ. 2019-ին, առաջին անգամ ըլլալով, ամբողջական ուսումնասիրութիւն ըրինք Արժանթինի, Մոնթրիալի, Լիբանանի եւ Ռումանիոյ մէջ։ Իսկ անցեալ տարի, հակառակ Covid-ի սահմանափակումներուն, Եւրոպայի մէջ առցանց եւ հեռակայ ձեւով կրցանք ուսումնասիրութիւններ ընել` Անգլիա, Փարիզ, Պէլճիքա, Տոնի Ռոստով (Ռուսաստան)։ Այժմ կը պատրաստենք 2021-ի արդիւնքները, որոնք պիտի հրապարակենք գրքոյկով։ Ի դէպ ըսեմ, որ 2019-ի գրքոյկը հրատարակած ենք եւ օրինակ մըն ալ յանձնեցինք Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի գրադարանին։ Մեր կայքէջին վրայ բոլոր այս տեղեկութիւնները կան եւ կրնաք զանոնք ներբեռնել անվճար։
Հ. Որպէս մասնակից քանի՞ անձեր ներգրաւուած են այս ծրագիրին մէջ։ Յաջորդ հանգրուանին ո՞ր երկիրներու հայ համայնքներուն հարցախոյզը ամբողջացնել որոշած էք։
Պ. Նախորդ հայ համայնքներուն մէջ մօտ 6500 հարցաշարը լրացնող մասնակից ունեցած ենք, իսկ այս ծրագրին վերջին 3-րդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Օնթարիոյի մէջ` մեկնարկը Մայիս 6-ին է: Ամերիկայի պարագային, բոլոր 50 նահանգներուն մէջ ալ առցանց հարցաշարը հնարաւոր պիտի ըլլայ լրացնել:
Հ.- Ի՞նչ թէմաներու շուրջ կ’իրականայ այս գիտական ուսումնասիրութիւնը։
Պ.- Ունինք հինգ թէմաներ՝ (ա) ինքնութիւն, (բ) լեզու եւ մշակոյթ, (գ) կրօն, եկեղեցի, հոգեւոր կեանք, (դ) համայնքային կեանք եւ քաղաքական ներգրաուածութիւն եւ (ե) Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւն։
Հարցաշարը մօտ 50 հարցումներէ բաղկացած է եւ մօտաւորապէս 15 վայրկեան կը տեւէ լրացնելը:
Հ.- Արդեօք թէմաներուն մասին տրուած հարցախոյզին պատասխանները միայն քանակական պատասխան կ’ապահովե՞ն, թէ կայ այլ հարցաթերթիկ մը, որուն պատասխանելով ինչո՞ւ-ներուն պատասխանը եւս ապահոված կ’ըլլայ ուսումնասիրութիւնը ։
Պ.- Ունինք ուսումնասիրութեան երկու հիմնական գործիքներ: Առաջինը` հիմնականը, քանակական հարցաշարն է, որը ցարդ տարբեր երկիրներու մէջ 10 լեզուներով հասանելի դարձուցած ենք։ Թորոնթոյի պարագային պիտի ունենանք անգլերէն, արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն եւ եթէ ուրիշ լեզուներու պէտքը կայ` անշուշտ նկատի պիտի առնենք այդ մէկը։ Երկրորդը` որակական հարցազրոյցներն են, որոնք մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ են։ Այս հարցազրոյցները հարցաթերթիկին գոց մնացած հարցերը կը փորձեն բանալ։
Հ.- Այդ արդիւնքներէն մի քանի օրինակներ կրնա՞ք յիշել, որպէսզի մեր ընթերցողները որոշ պատկերացում մը ունենան այս նիւթին շուրջ։
Պ.- Շատ բարի։ Օրինակ` երբ ինքնութեան մասին կը հարցնենք, թէ «Ինչպէ՞ս կը սահմանէք ձեր հայկական ինքնութիւնը», երեք կարեւոր գործօններ կան ինքնութիւնը սահմանող` ընտանիք, հայերէն լեզու եւ մշակոյթ։ Այս հարցադրումին պատասխաններուն մէջ հետաքրքրական կէտը այն է, որ նոյնիսկ ո՛չ հայախօս պատասխանողները հայերէն լեզուն կը կարեւորեն հայ ինքնութեան սահմանումին մէջ: Ուրիշ հարցումի մը պատասխաններուն մէջ կը տեսնենք, որ եօթը երկիրներու մէջ սահուն հայախօսութեան միջինը 52 տոկոս է, իսկ 16 տոկոսը՝ միջակ։ Այսինքն` եթէ այս երկու միջինները նկատի առնենք, ուրեմն 68 տոկոս հայախօս են այս համայնքներուն մէջ: Ըստ ինծի՝ ասիկա շատ կարեւոր հանգամանք մըն է, որովհետեւ կը նշանակէ, թէ հակառակ UNESCO-ի ՝ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներուն շարքին դասելուն, հայերէնը տակաւին կենսունակ է եւ ուրեմն պէտք է աշխատանք տանիլ միջավայր եւ միջոցներ ստեղծելու, որ կենսունակ մնայ ու զարգանայ:
Հ. Ըստ ձեզի, որպէս գիտնական-ուսումնասիրող, հետաքրքրական եւ զարմացնող այլ պատասխաններ եւ տոկոսային հաշուարկներ ալ եղա՞ն մինչ այսօր։
Պ. Հարցումներէն մին` «Հայրենիքը, որ երկիրն է ձեզի համար», հարցումին պատասխանները հետաքրքրական էին։ 54 տոկոսին համար հայրենիքը իրենց ծննդավայրն է, յաջորդը՝ 50 տոկոսը Հայաստանը: Իսկ մէկ երրորդն ալ կըսէ՝ հայրենիքը «այն երկիրն է, որտեղ կ’ապրիմ»։ Հետաքրքրականը այն է՝ որ երբ հայրենիք կ’ըսենք` ընդհանրապէս նկատի ունինք Հայաստանը կամ պատմական Հայաստանը, բայց կը տեսնենք, որ միահամուռ հասկացողութիւն մը կամ հասարակ յայտարար մը չկայ հայրենիքի գաղափարի ըմբռնումին մէջ: Ահա՛, հոս է որ ի յայտ կու գայ բազմակարծիք հանրութեան տեսակէտները։
Կար նաեւ հետեւեալ հարցումը` «Ներկայ Հայաստանը այցելած է՞ք»։ 70%-ը վերջին 10 տարուան ընթացքին այցելած են Հայաստան, եւ մէկ երրորդը` երեք անգամէն աւելի, իսկ 68% տոկոսը կը ծրագրեն դարձեալ այցելել…։ Ուրեմն հայրենիքի եւ Սփիւռքահայերու կապը ամուր ձեւով պահպանուած է մշակութային գետնի վրայ եւս։ Այս առումով շատ հետաքրքրական տոկոսային դրութեան վկաները կ’ըլլանք մենք եւ դուք։
Վստահաբար գիտական հիմքերու վրայ ձեռք բերուած նման ուսումնասիրութեան արդիւնքները օգտակար պիտի ըլլան նաեւ գործող հաստատութիւններուն, համայնքային ղեկավարներուն եւ ընդհանրապէս համայնքի անդամներուն: