Սփիւռքի Նոր Ժամանակը Ե՞րբ Է

JamanakLogo      AztagDaily logo

«Ժամանակ» 12 Մայիս 2022; «Ազդակ» 23 Մայիս 2022 

Սփիւռքի Նոր Ժամանակը Ե՞րբ Է 

Սագօ Արեան

Փոքր հարցումներով չէ, որ պիտի սկսիմ այս նիւթին, որովհետեւ մեր ժողովուրդին համար իսկապէս գոյութենական մեծ ժամանակներ կ՛ապրինք: Ու մեծ իրադարձութիւններու առընթեր, ամէնէն աւելի թիրախ կը դառնայ մեր գոյութիւնը, որ նետուած է համայնակուլ աշխարհի մը մէջ: Մենք ալ կը հալինք այս մեծ հալոցին մէջ, ուր լեզու, աւանդութիւններ, պատմութիւն, անցեալ եւ ճակատագիր իրարու դէմ կը մարտնչին եւ մեզ կը նետեն «կորստեան թոյներ»-ու մէջ: Այսպիսի խորագիրով կարճ պատմուածքներու հատընտիր մը ունէր մեր արեւէն հեռացած եւ իր սիրելի հողին մէջ յաւիտենութեան պառկած լիբանանահայ խմբագիր Պօղոս Սնապեան:

Մեր իրականութեան մէջ կան խմբագիրներ, որոնք ապագայատեսիլ երանգ մը ունին, բայց եւ այնպէս, այդ ապրումին մէջ անոնց գեղարուեստական կոթող մը «հասցնելու» ճիգը կը կաղայ: Սնապեան անոնցմէ էր: Մարդը մեծ քննադատ է, ուրոյն գրադատական էջեր ունի, ապագայի զարկերակը բռնելու մեծ ընդունակութիւն, բայց եւ այնպէս, իր ձգած ժառանգութեան առընթեր, անոր գեղարուեսատականութիւնը տեղի կու տայ մեծ խմբագիր մը ըլլալու հանգամանքին: Տուած է գեղեցիկ պատմուածքներ, գրած է խմբագրականներ, ստորագրած է պատումներ ու ամենակարեւորը` հասցուցած է մեծ սերունդ մը, որուն անդամներուն մէջ եղած են ու դեռ ալ կան երեւելի կարգ մը անուններ:

Անցանք: Հոս չէ խնդիրը: Խնդիրը Սնապեանի «Կորստեան թոյներ» խորագրեալ հատորին խորագիրն է, որ շատ հաւանաբար մղում առած ըլլայ սփիւռքի մէջ ապրելու անպատեհ վիճակներէն, էութենական հարցադրումներէն ու մեր հաւաքական ճակատագրին մասին ընկալումներէն: Սնապեան սփիւռքի մէջ ապրիլը գուցէ կորուստ կը համարէ, հոն մեզի տրուածը, մեր ապրումը, մեր կեանքը, մեր լեզուն հաւանաբար թոյն կը համարէ: Ի՜նչ իմանաս: Այդ գործը ես չեմ կարդացած, բայց ճանչնալով իր ժամանակն ու այն մթնոլորտը, ուր Սնապեանը, իր սերնդակիցները գրականութիւն ստեղծեցին կամ ստեղծել փորձեցին, քաջ վստահ եմ, որ այդ մարդիկ ինչ-ինչ պատճառաբանութիւններով չէին սիրեր սփիւռքը: Սիրել-չսիրելու հարցը, անշուշտ, երկրորդական է, ու այդտեղ դրուած շեշտը կը վերաբերի մեր համընդհանուր կորուստին, զոր ինքն ու իր սերնդակիցները երեւի զգացած են: Իրաւացի՞ էին անոնք, ճի՞շդ էին գուցէ, չեմ գիտեր, չեմ ալ ուզեր պատասխան մը տալ այն մեծ դժգոհանքներուն, որոնք ամէն տեղէ եւ ամէն մայթէ լսելի կը դառնան ու կը հասնին Երեւանի իմ անկիւնս: Այն է` «Սփիւռքը արդէն պիտի մեռնի» կամ «Չըսի՞նք քեզի, չէի՞նք ըսած քեզի, որ սփիւռքը գնայուն է եւ հայրենիքն է մնայունը…»:

Այս հեղեղի նման դիտարկումներուն մէջ տեղ մը երեւի իրաւացիութիւն մը կար, կար նաեւ ընկալում մը, ըստ որուն, ամէն ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի մեր ետին փակենք սփիւռքի մեծ ու փոքր բոլոր տեսակի դռներն ու պատուհանները եւ ամէն ինչ մէկդի դնենք ու հասնինք հոս` Երեւան: Այլ խօսքով, սփիւռքը «լուծարենք», անոր հաշիւները «փակենք» ու մեր վրայ եղած պարտքերը տանք եւ մեր բաժին մնացած ստանալիքները ստանանք ու… հեռանանք:

Կար այդ վիճակը` մասնաւորապէս Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն: Իբրեւ հետեւանք սփիւռքը մեծ հաշուով ապրեցաւ «հոգելքում» մը` մինչեւ այն պահը եւ այն մեծ համոզումը, թէ սփիւռքը յաւիտենական արժէք մըն է ու պէտք է, հարկ է զայն պահել, ջրել անոր կանաչազարդ ծառերը, բանալ անոր ակօսները ու մանաւանդ` օգնել, որպէսզի անոր առուները ճիշդ տեղ հասնին ու մեզի տան մխիթարութիւն եւ բերկրալի միրգեր: Անցաւ այդ փուլն ալ, իսկ այսօր ահա բացուած է նոր ժամանակ մը, որ բոլորիս համար պարտաւորեցնող է:

Հայ ժողովուրդի դաստակին ժամացոյցի սլաքները վերջին անգամ «բոցավառեցան» 10 նոյեմբեր 2020-ին, երբ Հայաստանի խայտառակ իշխանութիւնները, իրենց «գլխադիր» առաջնորդով հանդերձ, ամէն ճար, ամէն յոյս եւ ամէն տեսակի խաբկանք «սպառելով»` ընդունեցին ստորագրել նոյնքան խայտառակ, նոյնքան անփառունակ եւ նոյնքան պարտուողական թուղթի մը տակ, որ մեր բոլորին համար բացաւ այսօրուան Հայաստանի այդքան մերկ ու տխուր պատկերը: Գուցէ այդ օրէն ետք է նաեւ, որ սփիւռքի մէջ իրենց գոյատեւման համար մեծ եռանդ ապահոված եւ ամէն օր «հայասպանութիւն-ձուլում»-ին դէմ պայքարելու մասին մտածող մարդիկ եկան այն եզրակացութեան, որ առնուազն այս ժամանակներուն եւ ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններու` սփիւռքը Հայաստանի չափ կարեւոր ու կենսական է, եւ սփիւռքը պէտք է ապրի: Վիրաւոր, մահուան առագաստներուն տրուած Հայաստանին եւ ի մասնաւորի Արցախի ապրեցուցած ցաւը, «կորստեան թոյն»-ը եւ մեծ հարցադրումներու առաջնորդող անորոշութիւնը նոյնպէս կը հարուածէին սփիւռքի գոյութեան «մեծ շէնք»-ը: Բարոյալքումէն դուրս գալու համար հաւանաբար ճիշդ էր մտածել ելքերու մասին ու հասկնալու համար, թէ ի՛նչ կարելի է փրկել, ինչպէ՛ս կարելի է փրկել ու ինչպէ՛ս կարելի է յառաջ երթալ: Այս միջոցին էր նաեւ, որ սփիւռքի հայութեան կարեւոր կեդրոնները, որոնք մինչ այդ մեծ պայքար կը տանէին համավարակի դէմ, կամաց-կամաց սկսան դուրս գալ «պարտադրուած» թմբիրէն ու հաւաքուիլ նոր գաղափարներու ընդհանուր պրիսմակին մէջ: Ու այս ճիգին մէջ երեւելի կը դառնար դարձեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կոչ-յայտարարութիւնը, որ կերպով մըն ալ կ՛աւետէր, որ վերը նկարագրուած «հոգելքում»-ի ժամանակը արդէն աւարտած է, եւ սփիւռքը կը մտնէ նոր փուլ մը` իր ողջ էութեամբ:

Հարցումներու, տագնապի, գոյութեան եւ իմաստի որոնումներու կողքին, կային արդէն մարդիկ, որոնք մինչ այս յայտարարութիւնը երեւելի գործ տարած էին հարցումներու տրցակ մը հրամցնելով սփիւռքի ամենատարբեր կէտերուն վրայ ներկայ, տագնապող մարդոց, որոնք կը համարուին մասնիկը «սփիւռքահայութիւն» մեծ պաստառին: Այդ աշխատանքի հետամուտներու շարքին է Անգլիա հաստատուած ծանօթ մտաւորական տոքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան: Ինչպէս վերը նշեցի, անցեալ տարիներուն իր ակադեմական գործունէութեան կողքին, ան զարկ տուած էր նախաձեռնութեան մը, որուն նպատակն էր հարցախոյզերու միջոցով կազմել «քննական» կարծիք մը` սփիւռքը յուզող խնդիրներուն եւ առհասարակ սփիւռքահայութեան ընկալումներուն մասին: Այս կարեւոր ծրագիրը կ՛իրականացուէր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքին աջակցութեամբ: Ստորեւ մեր քաղած-ներկայացուցած հարցազրոյցը հատուած մըն է մօտաւոր անցեալին Նիւ Ճըրզի կատարած աշխատանքային այցելութեան օրերուն «Բարեւ» ռատիոյին տուած հարցազրոյցէն: Տոքթ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ զրուցած է ռատիոյի ղեկավար Վարդան Ապտօ:

***

– Արտասահմանի հայութիւնը (սփիւռքի) միօրինակ, միացեալ, մէկ նպատակ, մէկ գաղափար, մէկ մարմին մը չէ, եւ բոլորս գիտենք այս բանը: Եւ այստեղ կու գաք սփիւռքի մասին, անոր ուղղութիւններուն, ակնկալիքներուն եւ ներուժին մասին հարցախոյզ մը իրականացնելու: Ի՞նչ է ձեր խօսքը` ուղղուած մեր ժողովուրդին, ինչպէ՞ս կրնաք իրենց ներկայացնել ձեր աշխատանքը, որպէսզի ի վերջոյ մասնակցին այս հարցախոյզին:

Նման հարցումներու պատասխանելու համար ընդհանրապէս կը մէջբերեմ գրութիւնը Մարսէյէն, Ֆրանսա, մեր հարցախոյզի մասնակիցներէն մէկուն, որ հարցաթերթիկին վրայ գրած էր. «67 տարուան մէջ առաջին անգամն է, որ իմ կարծիքս կը հարցնեն»:

Ուրեմն, ահաւասիկ հայկական սփիւռքի մասին հարցախոյզը առիթ մըն է, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ, որ այսօր սփիւռքի մէջ կ՛ապրի, իր կարծիքը արտայայտէ: Մեր կազմակերպութիւններուն, կառոյցներուն մէջ մենք կը խօսինք խնդիրներու մասին, բայց առիթ չենք ունեցած ուղղակի համայնքի անդամներուն հարցնելու, թէ դուք ի՞նչ կը մտածէք այս խնդիրներուն մասին, ինքնութեան մասին եւ այլն: Հետեւաբար իւրաքանաչիւր հայ առիթ կ’ունենայ արտայայտուելու այդ հարցերուն շուրջ: Մենք այդ բոլորը պիտի համադրենք եւ պատկերացում մը պիտի տանք, թէ այսօր` 21-րդ դարուն, օրինակ, ի՛նչ են Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ապրող սփիւռքահայերու ընդհանուր մտածելակերպը, գաղափարները եւ այլն:

– Արտասահմանի մէջ յաճախ անուանի հայերէ կը լսենք, որ արտասահմանի հայկական կազմակերպութիւնները պէտք է փոփոխութիւններ կրեն: Ձեր կարծիքով, եթէ որեւէ բան կայ, որ կ՛ուզէիք փոխել արտասահմանի կեանքին մէջ, ըլլայ կազմակերպչական միջոց կամ ձեւ, ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ մէկը:

Նկատի ունենանք մեր մինչեւ հիմա կատարած ուսումնասիրութեան արդիւնքները: Այսօր սփիւռքի մէջ ապրող մարդիկ ունին երեք հիմնական մտահոգութիւն` գոնէ այն համայնքներուն մէջ, ուր եղած է ուսումնասիրութիւնը: Առաջին` տեսիլք ունեցող ղեկավարութեան պակասը ունինք: Մասնակիցներու 1/3-ը կ՛ըսէ, որ մենք պէտք ունինք տեսիլք ունեցող ղեկավարներու: Երկրորդ` պէտք ունին զիրենք հետաքրքրող, իրենց մտածողութեան եւ սպասելիքներուն համաձայն ծրագիրներու կամ միջոցառումներու: Այսինքն, ինչ որ հիմա համայնքներուն մէջ կը հրամցուի մարդոց, ըստ երեւոյթին, բաւարար չէ: Մարդիկ կ՛ուզեն մասանկցիլ այնպիսի միջոցառումներու, որոնք զիրենք կը հետաքրքրեն: Երրորդը` աւելի գործնական հարց մըն է: Ժամանակի եւ հեռաւորութեան խնդիր կայ, համայնքի անդամները բաւական հեռու կ՛ապրին կեդրոններէ եւ ժամանակին յարմարելու լուրջ խնդիրներ կ՛ունենան: Ուրեմն, իմ նկատումս այն է, որ այս երեք-չորս խնդիրները նկատի առնուին, երբ համայնքային կառոյցները եւ կազմակերպութիւնները իրենց ծրագիրները մշակեն` զանոնք հրամցնելու տարբեր խաւի մարդոց:

Այսինքն, այլ խօսքով, անցած են այն օրերը, երբ յանձնախումբ մը կամ փոքր խումբի մարդիկ կը նստէին եւ կ՛որոշէին, թէ այսինչ ձեռնարկը պիտի ընեն` առանց հասկնալու կամ հարցնելու, թէ արդեօք նման պահանջարկ կա՞յ: Եւ այստեղ է, որ այդ երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր այս ուսումնասիրութիւնը կարեւորութիւն պիտի ունենան… Մենք անընդհատ պէտք է համայնքի անդամներու բազկերակը շօշափենք, թէ ի՛նչ են տրամադրութիւնները, ի՛նչ է ժողովուրդին պահանջը, հեռանկարը եւ այլն: Ըստ այդմ, այդ երկխօսութեան մէջ մեր համայնքային ծրագիրները մշակենք:

– Տեղեկութիւն ունենալը կարեւոր է որոշելու համար մեր ապագայ ընելիքները: Արդեօք արհեստական բանականութեան միջոցները տեղ ունի՞ն ձեր հարցախոյզին մէջ` գիտնալու համար հայերու մտածելակերպը, եւ արդեօք կա՞ն համակարգչային միջոցներ` վերլուծելու հաւաքուած տեղեկութիւնները:

Այս առումով երկու կէտ կ՛ուզեմ նշել: Առաջին հերթին մեր հաւաքած տեղեկութիւնները (data) տրամադրելի են եւ այդպէս պիտի մնան որեւէ ուսումնասիրողի համար, որ կ՛ուզէ աւելի խորքային վերլուծութիւններ ընել կամ data-ն աւելի լայն ձեւով օգտագործել: Այս աշխատանքը միայն փոքր խումբի մը համար չէ, այլ սկզբունքով ամէն ինչ բաց պիտի ըլլայ եւ տրամադրելի, ինչպէս որ մինչեւ հիմա եղած ուսումնասիրութիւնը արդէն հանրութեան համար մատչելի է: Երբ վերջացնենք դաշտային աշխատանքը, ենթադրենք, եթէ 10 հազար մասնակից ունենանք, ուրեմն միլիոնաւոր պատասխաններ պիտի ունենանք data-ի իմաստով: Հետեւաբար, ինչ կը վերաբերի արհեստական բանականութեան եւ կամ այլ գործիքներու, անշուշտ, այնտեղ data mining-ի համար հսկայական դաշտ մը պիտի ըլլայ: Կարելի պիտի ըլլայ ուսումնասիրել եւ աւելի խորքային ըմբռնումով հասկնալ տրամադրութիւնները, գաղափարները եւ այլն: Որպէս պատասխան ձեր հարցումին` այո՛, այս բոլորը հնարաւոր է, երբ այս երեք տարուան փուլը լրիւ եզրափակուի:

2022-05-23
e-mail: info@hrach.info
Copyright © 2024 Hratch Tchilingirian. All rights reserved.