Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան. «Ժահրի Սարսափը Մարդիկը Ստիպողաբար Ներհայեցողութեան կը Մղէ»
Սագօ Արեան, Երեւան
«Ժամանակ», Երկուշաբթի,Ապրիլ 27, 2020
Ոչ ոք կը մտածէ վաղուան մասին եւ այդ մօտեցումը արդէն աւելի ու աւելի խոցելի կը դարձնէ մեր կեանքը։ Ապրումը՝ բացորոշ է, որ ամբողջ մարդկութիւնը անօգնական է ու տկար։ Հակառակ անոր, որ աշխարհի շարք մը գերհզօր երկիրներու ղեկավարները կը շարունակեն հանդէս գալ մենիշխանական դիրքերէ, անտեսելով իրենց երկրին մէջ տիրող բարդ իրավիճակը եւ փորձել ցոյց տալով աշխարհին, թէ իրենց մօտ ամէն ինչ «կարգին է» ու բնական։ Այս մօտեցումներն են առհասարակ, որ կը մատնեն, թէ այսօր աշխարհի մէջ տիրող տագնապալի վիճակը մարդիկ, առաջնորդներ եւ հասարակութեան լայն շերտեր շատ արագ պիտի մոռնան։ Պիտի մոռնան եւ առաջուան հունով փորձեն շարունակել իրենց կեանքը, մէկդի դնելով բոլոր այն «պատգամ»ները, որոնք քորոնա վարակը իր հետ բերաւ եւ դրաւ մեր առջեւ։
Ապահովաբար քորոնան միայն հիւանդութեան մը, վարակի մը, ժահրի մը, համաճարակի մը բաղկացուցիչ տարրը չէ, այլեւ աւելին է։
Քորոնան մեծ հարցում մըն է, ուղղուած նախ եւ առաջ մեզի. մենք՝ որ մոռցած ենք ամէն ինչ ու տարուած այս «խաղ»ին. մենք՝ որ մոռնալու տուած ենք մեր «մարդկային մօտեցումներ»ը եւ տարուած ենք մեր այսօրով։ Մեզմէ շատ շատեր միայն այսօրուան համար կ՚ապրին։ Աւելի՛ն, անոնք կը մաքառին միայն ու միայն իրենց այսօրուան սեւ հացը ապահովելու համար։ Խօսքը, ի հարկէ, անոնց մասին չէ, որոնք ստիպուած են այդպէս ըլլալ ընդհանուր դրութեան մը մէջ, ուր ամենէն աւելի կը տիրէ «անտառներու օրէնք»ը, ուր մեծը պատրաստ է «լափել» իրմէ փոքրը, ուր ուժեղը պատրաստ է տապալել իրմէ թոյլն ու տկարը եւ այսպէս կարելի է երկարել այս շարքը հասնելու համար այն վիճակին, որուն մէջ էինք մենք բոլոր-բոլորս նախքան քորոնայի յայտնուիլը։ Կարծէք այս կէտին է մեծագոյն եւ էական հարցադրումը, թէ արդեօք այս քորոնան պիտի կրնա՞յ փոխել մեր ընկալումները, կամ թէ հերթական անգամ մենք բոլորս, ու մանաւանդ անոնք, որոնք իրենց օրուայ հացը ապահովելու խնդիր չունին, ինչ որ չափով մաս կը կազմեն աշխարհը «ղեկավարելու» միտուած վերնախաւին, արդեօք անոնք պիտի կարենա՞ն փոխուիլ։
Հարցումը՝ որ այսօր կը տրուի, վերջին հարցումը չէ, որովհետեւ մենք բոլորով մտած ենք մեծ փոփոխութիւններու, մեծ տեղաշարժերու, ու շատ հաւանաբար մեծ արհաւիրքներու դարաշրջան մը, որուն թիւ մէկ տէրն ու տիրականը բնութիւնն է։
Բնութիւնը, որ կը պոռթկայ, կը դժգոհի եւ այսօր արդէն քորոնայի կերպարանքով կ՚ուզէ մեր ականջին բաներ մը փսփսալ։
Ամէն պարագայի այս բոլորին մասին աւելի յստակ պատկերացում մ՚ունենալու նպատակով՝ յաջողեցայ հեռավար զրոյց մ՚ունենալ լոնտոնաբնակ մեր հայրենակիցներէն՝ տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեանին հետ, որուն դիտարկումները եւ մօտեցումները տարբեր առումներով ալ աւելի քան ուսանելի են։ Ահա՛ հարցազրոյցը։
-Ինչպէ՞ս կը դիմակայէք քորոնայի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։
-Արդէն աւելի քան չորս շաբաթէ ի վեր իւրաքանչիւրս, ընտանիքներ, համայնքը եւ համայն մարդկութիւնը համաճարակին պատճառած սահմանափակումներով կ՚ապրինք: Առարկայական եւ ենթակայական ծայրայեղութիւններու եւ ցուցանիշներ կոտրող զարգացումներու խաչմերուկին վրայ ենք: Կարծես խաչմերուկին ճիշդ մէջտեղը կեցած ենք, անհատաբար եւ որպէս հաւաքականութիւն ընդհանրապէս: Տակաւին յստակ չէ, թէ ո՛ր ճամբով պիտի շարունակենք մեր կեանքը: Քորոնաժահրին պատճառած հսկայական մարդկային ու տնտեսական աւերներուն առընթեր, կարծես բոլորիս մեկուսացումը ներհայեցողութեան եւ խոկումի բացառիկ առիթ մըն է նաեւ: Համատարած մտահոգութիւններէն եւ մարդոց խուճապէն անդին, անսովոր «խաղաղութիւն» մը կը տիրէ դուրսը, քաղաքը լուռ է. կարծես ժահրի սարսափը մարդոց ստիպողաբար ներհայեցողութեան կը մղէ: Կարծես համաշխարհայնացումը գլուխն առած գացած էր եւ հիմա թերեւս ետդարձ մը պիտի տեսնենք դէպի «տեղական»ը, դէպի աւելի «հարազատ» արժէքներ: Գոնէ Անգլիոյ մէջ, կարծես հասարակութիւնը նոր թափով սկսած է հետաքրքրուիլ, սորվիլ տարիներու ընթացքին իրերայաջորդ կառավարութիւններու բացթողումներուն, բազմաթիւ անհրաժեշտ պետական կառոյցներու անտեսումին, մանաւանդ առողջապահական ոլորտի, հասարակութեան խոնարհ խաւի պէտքերուն անտեսումին մասին, եւ այլն: Այս օրերուն ժահրին ախտային եւ տնտեսական աւերներով սարսափած ենք իբր հասարակութիւններ, բայց վստահաբար անոր բարոյական, հոգեբանական, մշակութային ազդեցութիւններուն մասին դեռ շատ երկար պիտի խօսուի:
-Համայնքին մասին ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք հաղորդել, Լոնտոնի հայկական համայնքի վիճակը ինչպիսի՞ն է քորոնայի այս օրերուն։
-Կառավարութեան յայտարարած սահմանափակումներուն առաջին օրէն իսկ, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմը եւ Լոնտոնի համայնքային շարք մը կազմակերպութիւններ միացեալ ուժերով յանձնախումբ մը ստեղծեցին, նպատակ ունենալով օգնութիւն հասցնել կարիքաւորներուն եւ յատկապէս տարեցներուն, որոնք դժուարութիւններ ունին կամ տունէն դուրս գալու հնարաւորութիւն չունին: Ցաւօք, ունինք նաեւ փոքր թիւով մահուան պարագաներ, մանաւանդ տարեցներ, որոնք զոհ դարձան համաճարակին: Անշուշտ, գալիք ամիսներուն եւ տարիներուն, համատարած անգործութիւնը եւ տնտեսական վնասները նաեւ համայնքային կեանքին վրայ պիտի ազդեն: Շատ հաւանական է, որ համայնքային մեր կազմակերպութիւնները նիւթական դժուարութիւններու առջեւ յայտնուին:
-Մեծն Բրիտանիան եղաւ այն երկիրներէն, որ անտեսեց այս վարակի վտանգաւորութիւնը եւ առկայ անհոգութեան պատճառով, կարծես այսօր սուղ գին կը վճարէ. համաձայն է՞ք այս գաղափարին, ի՞նչ կ՚ուզէք աւելցնել։
-Ինչպէս մասնագէտներ կը հաստատեն, Անգլիոյ կառավարութիւնը մօտաւորապէս հինգ շաբաթ ուշ մնաց համաճարակին տարածումը սահմանափակելու՝ իր առած քայլերուն եւ պատրաստուելու գործընթացին մէջ: Այս բացթողումին իբր հետեւանք, այսօր Միացեալ Թագաւորութեան զոհերու թիւը Եւրոպայի մէջ ամենաբարձրերէն է, աւելի քան 18 հազար զոհեր։
-Նախքան քորոնայի համաճարակին տիրական դառնալը, Մեծն Բրիտանիան կարծես «ցտեսութիւն» ըսաւ Եւրոպային։ Իսկ այսօր ստեղծուած դրութիւնը արդէն մեծ սպառնալիք է Եւրոպային, որպէս մէկ քաղաքական միաւոր։ Ներկայ դրութիւնը ինչպէ՞ս կ՚ընկալուի բրիտանացիներուն կողմէ։
-Արդէն գրեթէ չորս տարիէ ի վեր Միացեալ Թագաւորութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական մեծ վերիվայրումներէ կ՚անցնի BREXIT-ի պատճառով: Երկիրը եւ հասարակութիւնը կը պատրաստուէին, գոնէ հոգեբանականօրէն, դիմագրաւել Եւրոպայի հսկայական շուկայէն ինքնա-արտաքսումի բարդ ու բազմակողմանի հետեւանքները: Այս առումով ամենախանդավառը վարչապետ Պորիս Ճանսընն էր, իր գաղափարախօսական հեռանկարներով եւ անիրապաշտ յայտարարութիւններով ու խոստումներով, որոնք երբեք համոզիչ չէին, գոնէ հասարակութեան մեծամասնութեան համար: Նոյնպէս՝ համաճարակը յաղթահարելու իր ու իր նախարարներուն տուած խոստումները համոզիչ չէին հասարակութեան մտահոգութիւնները հարթելու համար: Եւրոպան նաեւ ունէր իր խնդիրները համաճարակէն առաջ: Բազմաթիւ տնտեսական, հասարակական ու մշակութային խնդիրներ առկայ են, իսկ վերջին տարիներուն, Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնը չափազանց մտահոգուած էր որոշ արեւելեան անդամ երկիրներու «ետդարձ»ով՝ դէպի ամբոխավարութիւն, ազգայնապաշտութիւն եւ մենատիրութիւն: Համաճարակին գործօնը եւ տակաւին անոր «աւարտին» հասնելու անորոշութիւնը, վստահաբար մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենան թէ՛ Եւրոպական Միութեան եւ թէ Միացեալ Թագաւորութեան քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական զարգացումներուն վրայ: Դժբախտաբար՝ տակաւին մեր աշխարհը բազմաթիւ անորոշութիւններով պատուած է: Ամբողջ մարդկութեան «բնականոն» կեանքը իր հունէն դուրս ելած է:
-Հայկական օրակարգի առումով, կը կարծէ՞ք, որ քորոնան դրական շունչ մը, աշխուժութիւն մը պիտի բերէ մեր «փոքր ածուին», նոր նշանակէտեր ունենալու եւ աշխարհին նոր հայեացքներով նայելու կապակցութեամբ։
-Ինչպէս ժողովրդական իմաստութիւնը կը հաստատէ՝ «Ամէն չարիքի մէջ բարիք մը կայ»: Բայց եւ այնպէս, կը կարծեմ, որ «դրական շունչ մը» ժամանակաւոր պիտի ըլլայ: Յուսամ կը սխալիմ: Մարդ արարածը հակուած է երկար յիշելու ուրիշին թերութիւնները, բայց շուտով մոռնալու իր թերութիւնները կամ բացթողումները: Եթէ «պատգամ» մը կայ այս բոլորին մէջ, այն է՝ որ իբր մարդ արարածներ բոլորս հաւասար ենք եւ նոյնքան կարեկից նման համաճարակի մը դիմաց, թագաւոր կամ ծառայ, նոյն մահկանացուներն ենք: Երանի հաւասարութեան ու դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ մեր ուժերը մէկտեղելու կամեցողութիւնը մնայուն եւ անժամանցելի արժէք դառնայ եւ ամրանայ մեր անձնական եւ հասարակական կեանքին մէջ: