Վերջերս (1-3 Ապրիլ 2016) Միշիկընի Համալսարան-Տիրպոռնի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Կեդրոնի կազմակերպութեամբ աննախընթաց միջազգային գիտաժողով մը տեղի ունեցաւ՝ «Հայերը եւ Պաղ Պատերազմը» նիւթին շուրջ: Այս հաւաքը մէկտեղեց մօտ երեսուն մասնագէտներ՝ որոնք եկած էին Եւրոպայէն, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներէն եւ Հայաստանէն: Ինչպէս ծանօթ է, Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմէն՝ 1945-էն ետք Արեւելքի եւԱրեւմուտքի միջեւ Պաղ Պատերազմը տեւեց մինչեւ 1991 թ. եւ վերջ գտաւ խորհրդային կարգերու կազմալուծմամբ:
Գիտաժողովին հրաւիրուած մասնակիցներէն Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանին հետ հարցազրոյց մը ունեցանք իր ներկայացուցած նիւթին շուրջ:
Օքսֆորտի Համալսարանի դասախօս եւ ընկերաբանական գիտութիւններու դոկտոր Հրաչ Չիլինկիրեանը ուսումնասիրութիւն մը ներկայացուցած էր 1956ին Անթիլիասի մէջ կայացած կաթողիկոսական ընտրութեան մասին, որ Պաղ Պատերազմի շրջագիծին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ երկփեղկման պատճառ դարձած էր:
-Նախ սկսինք գիտաժողովին վերջին նիստին ձեր ունեցած եզրափակիչ ելոյթէն: Ինչպիսի՞ եզրայանգումներ ըրիք:
-Գիտաժողովը իրապէս շատ շահեկան եւ կարեւոր միջոցառում մըն էր, Արա Սանճեանի նախաձեռնութեամբ: Բազմազան եւ բազմաթիւ տեսանկիւններէն դիտուած երեք օրերու վրայ երկարող լուրջ ուսումնասիրութիւններ ներկայացուեցան եւ լայն քննարկումներ տեղի ունեցան:
Ինձմէ խնդրուած էր եզրափակիչ նիստին ընթացքին խօսիլ տակաւին ուսումնասիրութեան կարոտող նիւթերու մասին: Ըստ իս, հիմնական երեք ուղղութեամբ բազմաթիւ նիւթեր կան՝ պատմական, քաղաքական եւ ընկերա-մշակութային հարթակներու վրայ: Կան նիւթեր, որոնք առանձնապէս հետաքրքրական են, կան նիւթեր որոնք կրնան ներկայիս քաղաքականութիւն ճշդելու գործընթացին աւելի լայն եւ խորունկ ըմբռնում տալ, եւ կան նիւթեր որոնք նաեւ բաղդատական արժէք ունին՝ կրնան ուրիշ ազգերու համար հետաքրքրական ըլլալ, օրինակ Գանատայի մէջ Ուքրանացի համայնքին համար: Նման նիւթերուն շարքին, կարելի է նշել Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու հակադրութիւններն ու մինչ հայկական պայքարները Պաղ Պատերազմի շրջանին ու անոնց հետեւանքները մեր ներկայ սփիւռքեան կեանքին մէջ: Այսօր մեր պատմական արմատներ ունեցող երեք կուսակցութիւններու միջեւ հիմնական գաղափարախօսական տարբերութիւններ գրեթէ չկան, բայց կայ տակաւին անցեալէն, մանաւանդ Պաղ Պատերազմի ընթացքին դրսեւորուած «հոգեբանական» վիճակ մը իրարու հանդէպ: Երեքին ալ այսօրուան հիմնական քաղաքական նպատակները գրեթէ նոյնն են՝ բայց ներազգային կեանքի առկայ խնդիրները կարծես մնացած են Պաղ Պատերազմի դրսեւորումներուն մէջ: Չնայած որ նոր սերունդը մեծ մասամբ յաղթահարած է անցեալէն «ժառանգուած» խնդիրները, մեր սփիւռքեան կեանքին մէջ տակաւին լրիւ իմաստով Պաղ Պատերազմի հետեւանքները չեն ուսումնասիրուած եւ ոչ ալ վերլուծումի կամ քննարկումի ենթարկուած են:
-Ձեր նիւթին գալով, ինչպէ՞ս կը բացատրէք Պաղ Պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած Հայ Եկեղեցւոյ պառակտումը կամ (ինչպէս ծանօթ է) «տագնապ»ը:
-Առաջին հերթին՝ պէտք է ընդգծել որ աշխարհով տարածուած Հայութիւնն ալ՝ Սփիւռքի ամենափոքր գաղութէն մինչեւ Սովետական Հայաստան, տասնեակ տարիներով ապրեցաւ Պաղ Պատերազմի հետեւանքները ու ենթարկուեցաւ անոր պառակտիչ ճնշումներուն: Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ տագնապը ամենածանր, խրթին ու երկարաժամ հետեւանքներ ունեցող իրադարձութիւններէն մէկն էր, եւ այսօր 60 տարի անց տակաւին անոր հետեւանքները ամբողջովին չեն վերացուած, մանաւանդ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:
Ինչպէս մեր տրամադրութեան տակ եղած արխիւային փաստաթղթերը կը վկայեն, Հայ Եկեղեցին որպէս կարեւորագոյն ազգային հաստատութիւն եւ ի մասնաւորի նուիրապետական ղեկավար տարրը, Պաղ Պատերազմի «զոհերն» էին: Հայ Եկեղեցւոյ «տագնապին» ծնունդ տուող պատճառները եւ հանգամանքները 1956ին տեղի ունեցած Անթիլիասի կաթողիկոսական ընտրութիւններէն առաջ սկսած էին: Եկեղեցին, մէկ կողմէն Սովետական իշխանութեանց եւ միւս կողմէն՝ ՀՅԴի միջեւ կռուախնձոր մը դարձաւ, որուն մեծագոյն զոհը եղաւ հայ հոգեւորականութիւնը, վերէն մինչեւ վար: Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի 1952ին վախճանումէն ետք՝ ճնշումներ, պրկումներ, ձգտումներ արդէն սկսած էին դրսեւորուիլ հիմնական երկու ճակատներուն միջեւ, այսինքն Արեւելքի (Սովետական շահերու) եւ Արեւմուտքի (Ամերիկեան շահերու) հակամէտ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ համայնքային մարմիններու միջեւ:
-Որպէս այս հարցը ուսումնասիրող մասնագէտ ինչպէ՞ս կը բացատրէք եկեղեցւոյ «տագնապը»:
-Բաւական բարդ եւ ծաւալուն հարց է, բայց փորձեմ կարճ ձեւով բացատրել: Տեսականօրէն ես Հայց. Եկեղեցւոյ Պաղ Պատերազմին սկսած «տագնապը» ուսումնասիրած եմ որպէս ուսանելի պարագայ մը կամ օրինակ մը թէ ինչպէս եկեղեցին որպէս հաստատութիւն կրնայ աշխարհիկանայ (secularize): Տեսական մօտեցումս աւելի լայն ծիրի մէջ դնելու համար, կուզեմ այստեղ պատմական տեսադաշտը քիչ մը աւելի ետ տանիլ: Ուսումնասիրելով անցնող մօտ երկու հարիւր տարուան ընթացքին Հայց. Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններն ու դրսեւորումները՝ կարելի է տեսականօրէն առաջարկել, որ աշխարհիկացման (secularization) երեք գործօններ կան:
Առաջինը ես կը բնորոշեմ որպէս պետականօրէն պարտադրուած եկեղեցւոյ աշխարհիկացում, այսինքն պետութեան կողէն եկեղեցիին վրայ դրուած աշխարհիկ պարտադրութիւններ, պարտականութիւններ, սպասումներ, եւ այլն, որոնք ոչ մէկ կրօնական բնոյթ ունին, օրինակի համար Ցարական շրջանին «Պոլոժէնիան» (Polojenia), Օսմանեան շրջանին «Ազգային Սահմանադրութիւն«ը, Սովետական շրջանին անաստուածութեան, հակակրօնական պետական գաղափարախօսութիւնը ու անոր մաշիչ հետեւանքները:
Երկրորդը՝ հասարակութեան կողմէ պարտադրուած եկեղեցւոյ աշխարհիկացումն է, այսինքն հայ հասարակութիւնը – «հաւատացեալները» կամ «եկեղեցւոյ հօտը» --աշխարհիկացման բովէն անցած է ու դրսեւորուած արդիականութեան (modernity) եւ բանապաշտութեան (rationalism) գաղափարներով:
Եւ երրորդը՝ ես կը բնորոշեմ որպէս եկեղեցւոյ «ինքնա-աշխարհիկացում», այսինքն՝ ինչպէս եկեղեցին իբր հաստատութիւն տեղի տուած է թուարկածս առաջին ու երկրորդ աշխարհիկացնող հոսանքներուն, պարտադրանքներուն եւ սպասումներուն: Կարճ ասած, եկեղեցւոյ աշխարհիկացումը կրնանք սահմանել որպէս եկեղեցւոյ ինչ ըլլալու եւ եկեղեցւոյ ինչ ընելու տարբերութիւնը: Օրինակ՝ կըսուի որ Հայց. եկեղեցին մէկ է իր առաքելութեան մէջ, բայց ինչպէ՞ս կը բացատրուի այս «առաքելութիւնը» նոյն քաղաքին մէջ երկու տարբեր իրաւասութիւններու տակ գտնուող եկեղեցիներու պարագան, ասոր ծայրայեղ օրինակը Նիւ Եորք նահանգի Նիակարա Ֆոլզ քաղաքի հայ համայնքին պարագան է, ուր երկու Հայց. Եկեղեցիներուն շէնքերը տառացիօրէն քով քովի են (https://goo.gl/YWdydS):
Անշուշտ, Սովետական կարգերու փլուզումէն ետք Հայոց Եկեղեցին բաւական ճամբայ կտրած է՝ մեղմելով եւ հարթելով անցնող 60 տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցած խնդիրներու հետեւանքները: Բայց ինչպէս ըսի, կարծես տակաւին «հոգեբանական» վիճակը գոյութիւն ունի, եւ որոշ վէրքեր տակաւին բաց կը մնան: Եւ վերջապէս, կարեւորագոյն հարցերէն մին՝ Հայոց Եկեղեցւոյ շարունակուող աշխարհիկացումը կը մնայ որպէս անտեսուած խնդիր: