Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն

Arevelk
 

Համաժողովին Պիտի Փորձենք Ճշդել, Թէ Որո՞նք են Արեւմտահայերէնի Հիմնական Խնդիրները. Հրաչ Չիլինկիրեան
 

21-23  Յունուարին Օքսֆորտի համալսարանի մէջ տեղի կ’ունենայ իր տեսակին մէջ եզակի հաւաք մը` «Արեւմտահայերէնը` 21-րդ դարուն» խորագրով: Համաժողով-հաւաքը, իր ընտրած ձեւաչափի եւ նիւթերու քննարկման առումով կը միտի տարբերուիլ աւանդական գիտաժողովներէն: «Արեւելք» հարցազրոյց մը ունեցաւ հաւաքի կազմակերպիչ եւ Օքսֆորտի համալսարանի դասախօս Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ: Տեղին է նշել, որ    յառաջիկայ  Յունուարին կայանալիք այս  համաժողովը  կազմակերպուած է  «Գալուստ Կիւլպէնկեան  Հիմնադրամի հայկական  բաժանմունք»ի  նախաձեռնութեամբ:

- Պարոն Չիլինկիրեան, ի՞նչ նկատառումներով նախաձեռնուեցաւ նման հաւաք մը:

-Ինչպէս վերջին տարիներուն բոլորիս ծանօթ է՝ Արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հարցին հետ կապուած բազմաթիւ խնդիրներն կան, ու լուծումներու որոնումը լուրջ մտահոգութեան առարկայ է։   21-րդ դարու պարտադրուած ու կամայ թէ ակամայ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրականութիւններն ու հանգամանքները ազդեցութիւն ունին նաեւ արեւմտահայերէնի ապագային վրայ:  Լեզուն դասաւանդելն ու խօսիլը  անհրաժեշտ են, բայց ասկէ անդին արեւմտահայերէնի ապագան պայմանաւորուած է արեւմտահայախօս մշակոյթի կենսունակութեամբ, որ կը պահանջէ՝ ուրիշ գործօններու առընթեր, արեւմտահայերէնով մտածող, ստեղծող, գրող, հրատարակող փաղանգ մը: 

 Այս հաւաքին մենք պիտի փորձենք ճշդել, թէ որո՞նք են Արեւմտահայերէնի հիմնական խնդիրները, այսինքն մասնակից 25-30 հոգիները ի՞նչ կարծիքի են եւ որքանո՞վ համաձայն են բնորոշուած խնդիրներուն ու անոնց առաջնահերթութեանց, եւ այլն:  Այս հաւաքը կամ համաժողովը «աւանդական» գիտաժողով մը պիտի չըլլայ, այլ միտքերու, կարծիքներու, փորձառութիւններու, մասնագիտական տեղեկութիւններու փոխանակում եւ դասաւորում: 

Հաւաքը մեթոտաբանական կամ թէքնիք խնդիրներու մասին չէ, այլ ներկայ հայ իրականութեան մէջ առկայ մշակութային, «քաղաքական», ընկերային խնդիրներուն ու անոնց լեզուին վրայ ունեցած ազդեցութիւններուն մասին: Եւ ճիշտ ասոր համար է, որ կազմակերպուածը գիտաժողով մը չէ այլ աշխատանքային կամ գործնական հաւաքոյթ մը, որուն աւարտին կը յուսամ, որ պիտի կարենանք առնուազն թուարկել հիմնական խնդիրներն ու անոնց հաւանական լուծումները:

  -Որո՞նք  են մասնակիցները:

-Մասնակիցները զանազան երկիրներէն պիտի գան՝ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Հայաստան ապրող Արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ:  Պիտի ունենաք թէ' աւագ սերունդի եւ թէ' երիտասարդ սերունդի մասնակիցներ:

-Իսկ կազմակերպուելով աշխարհի նշանաւոր համալսարաններուն մէկուն մէջ, ի՞նչ լեզուով պիտի ընթանայ հաւաքը: 

-Բոլոր նիստերը արեւմտահայերէնով պիտի ըլլան այն տրամաբանութեամբ որ հաւաքը արեւմտահայերէնով «մտածելու», «գրելու», «ստեղծագործելու».... հարցերու մասին է: Կը կարծեմ, թէ սա առաջին անգամն է, որ Օքսֆորտի նման համբաւաւոր Արեւմտեան համալսարանի մը մէջ լրիւ իմաստով արեւմտահայերէնը պիտի օգտագործուի ոչ թէ միայն որպէս ուսումնասիրութեանց «առարկայ», այլ որպէս հիմնական ատենախօսութեան լեզուն:

2016-01-11
e-mail: info@hrach.info
Copyright © 2024 Hratch Tchilingirian. All rights reserved.