Արարատ օրաթերթ - ԿԻՐԱԿԻ 16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2012
ԶՐՈՅՑ ԼՈՆՏՈՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՅՏՆԻ ԴԷՄՔԵՐԷՆ
ԴՈԿՏ. ՓՐՈՖ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆԻ ՀԵՏ
Արձակուրդով Լիբանան գտնուելուն առիթով, լոնտոնահայ գաղութի վերաբերեալ զրոյց մը ունեցանք նախկին լիբանանահայ եւ այժմ Յուլիս ամիսէն սկսեալ Անգլիոյ Օքսֆորտ համալսարանի Միջին Արեւելքի եւ հայագիտութեան նիւթերու դասախօս հրաւիրուած Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ:
Արդարեւ, դոկտ. փրոֆ. Հրաչ Չիլինկիրեան Քէմպրիճի համալսարանէն ներս տասը տարիներ քաղաքատնտեսութեան ճիւղերու յատուկ ակադեմական տարբեր պաշտօններ վարած է: Ազգային գետնի վրայ եւս կը բերէ իր մասնակցութիւնը` ըլլալով Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ խնամակալութեան նախագահ եւ Ծխական Ժողովի ատենապետ: Որոնող եւ հետազօտող միտք որպէս` իր մասնագիտութեան վերաբերեալ յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով հանդէս եկած է ազգային եւ միջազգային մամուլի մէջ: 120 յօդուածներ ունի համացանցի վրայ (www.Hratch.info):
Մեր առաջին հարցը կը վերաբերէր լոնտոնահայ գաղութի հին գաղութ ըլլալու հանգամանքին, որ վերջին շրջանին քանակական աճ արձանագրեց: Որո°նք էին պատճառները լոնտոնահայ գաղութի թիւի աճին: Հրաչ Չիլինկիրեան երեք հոսանքներու յառաջացումով բացատրեց ներկայ պատկերը: Անգլիական գաղութատիրութենէն ետքը Հնդկաստանէն, Կիպրոսէն եւ Ափրիկեան որոշ երկիրներէ հայեր հաստատուեցան Անգլիա: Այս երկիրներէն հաստատուող հայերու անգլիական քաղաքացիութիւն ունենալու առաւելութիւնն էր, որ դիւրութիւններ ընծայեց: Երկրորդ հոսանքը կու գար Միջին Արեւելքէն` Սուրիա, Իրան, Լիբանան եւ Իրաք: Միջին Արեւելքէն այս գաղթը Հրաչ Չիլինկիրեան վերագրեց անկայունութեան եւ անապահովութեան քաղաքական պայմաններուն, զարգացնելով այն միտքը թէ հայ գաղթավայրերու ճակատագիրը կապուած է իրենց ապրած երկիրներու ապրած ճակատագրին: Հրաչ Չիլինկիրեանի կարծիքով արտագաղթ բառին գործածութիւնը իր իսկական առումով կ'առնչուի Հայաստանէն դուրս եկող հայերու պարագային: Ցաւալի իրողութիւնը այն է, որ Լոնտոն հաստ ատուող հայերու երրորդ հոսանքը կը կազմեն Հայաստանէն արտագաղթած հայերը: Անկախութենէն ասդին Հայաստանէն արտագաղթը կը շարունակուի: Գաղութի ղեկավարութեան համար անբացատրելի կը մնայ այն երեւոյթը, որ Հայաստանէն արտագաղթող հայերը չեն շաղուիր տեղական հայ համայնքներուն հետ: Բնական է, որ իրենց մասնակցութիւնը իր դրական նպաստը կը բերէ, բայց իրենք կ'ուզեն իրենք իրենց մէջ ապրիլ:
Ինչ է թիւը այսօր Անգլիոյ եւ լոնտոնահայութեան: Մինչեւ վիճակագրական տուեալներու յստակացումը 10-15 հազար կը գնահատուի հայութեան թիւը Չափազանցուած թիւեր կը տրուին, որոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ:
Գիտես ինչ Հրաչ, մեզի համար գերագոյն նպատակ է հայը հայ պահեն: Այս մեկնակէտով ալ ազգային, եկեղեցական, կրթական եւ մշակութային ինչ աշխատանքներ կը տարուին:
Աւանդական մեր կառոյցներէն, կ'ըսէ, Հրաչ Չիլինկիրեան, հայց. եկեղեցին կը մնայ հիմնականը, ուր համախմբուած հայութիւնը եւ անոր շուրջ ծաւալած գործունէութիւնը կը ծառայեն հայապահպանութեան: Անգլիոյ մէջ կան հետեւեալ եկեղեցին երը, Լոնտոն Ս. Սարգիս եկեղեցի, Ս. Եղիշէ եւ Մանչեսթըր Անգլիոյ ամենահին եկեղեցին է: Այս տարի Գ. Կիւլպէնկեանի կողմէ կառուցուած Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակն է Այս առիթով ծրագրուած է կազմակերպել եկեղեցական, մշակութային եւ ընկերային բնոյթի ձեռնարկներ, Սեպտեմբեր 2012-էն Յունուար 2013 երկարող ամիսներուն:
Թուելու համար հիմնականները` քոլոքիումի բաժնին մէջ Գերշ. Վահան Յովհաննէսեանի, առաջնորդ անգլիահայոց, ՙԱստուածաշունչը եւ Հայց. Եկեղեցին՚ խորագրով զեկոյցը, Հրաչ Չիլինկիրեանի ՙՀաւատքի Ակունքները եւ Հայց. Եկեղեցին՚ նիւթը: Ծրագրուած են նաեւ բանաստեղծներ` Վահան Տէրեանի եւ Պարոյր Սեւակի նուիրուած երեկոներ: Երաժշտական համոյթներ` ջութակահար Անի Պաթիքեանի եւ մէցո Անայիս Հէղոյեանի կողմէ, ինչպէս նաեւ ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեանի եւ թաւջութակահար Ալեքսանտր Շօշեանի կողմէ: Նիւ Եորքէն բանաստեղծուհի Լօլա Գունտաքճեանի կողմէ իր բանաստեղծութիւնն երուն ընթերցումով: Ընդգրկուած է ծննդեան երգերու հաւաքական երգեցողութիւնը: Վերջաւորութեան տեղի պիտի ունենայ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նուիրուած մասնաւոր եկեղեցական արարողութիւն եւ ապա աւանդական մատաղի օրհնութիւն եւ բաշխում եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:
Բացի եկեղեցիէն կը գործեն նաեւ միութիւններ, որոնց մէջ կարելի է յիշել ՀԲԸՄը, Համազգայիը, Նոր Սերունդը, Անահիտը, Հայաշէնը եւ Հայ Հիմնարկը: Յիշուած միութիւնները իրենց տարեկան ձեռնարկներով ազգային հաւաքական ճիգին իրենց նպաստը կը բերեն:
Հրաչ Չիլինկիրեան իր զրոյցի ընթացքին յատուկ կերպով շեշտը դրաւ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննէսեանի գործունէութեան աշխուժութեան վրայ: Ան իր ջանքերով եկեղեցական եւ ազգային նոր ղեկավարութիւն յառաջացուց, որ իր հովանաւորութեամբ եւ քաջալերանքով կը գործէ Սերտ գործակցութիւն կայ առաջնորդին եւ գործող ղեկավարութեան միջեւ: Շնորհիւ այդ գործակցութեան առաջին անգամ ըլլալով ստեղծուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծուխը: Ներկայիս թեմական կառոյց չկայ, աշխատանքային յայտագիրը առաջնորդին, իրեն համար առաջադրանք ունի նոր ծուխերու կազմութիւնը, նպատակ ունենալով ժողովուրդը մասնակից դարձնել եկեղեցական աշխատանքներուն: Այդ ջանքերուն շնորհիւ կազմուած են նոր ծուխեր, ինչպէս Տապլին "Իրլանտա", Քարտիֆ եւ Պիրմինկհամ: Վեց եկեղեցական համայնքներու ներկայութեամբ կարելի պիտի ըլլայ առանձին թեմ ստեղծել մօտիկ ապագային, ըստ հայց. եկեղեցւոյ կանոնագրութեան: Այս նախաձեռնութիւններուն եւ աշխատանքներուն համար առաջնորդը կը վայելէ Ամենայն հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հովանաւորութիւնը:
Չանդրադարձանք լեզուի հարցին: Շատ բնական է, որ տարւող աշխատանքները գնահատելի են եւ անոնք կրնան անգլերէն լեզուով ալ կայացուիլ: Մեր հասկացողութեամբ հայապահպ անութիւնը պայմանաւորուած է լեզուով: Ի±նչ միջոցներ կը գործադրուին հայ լեզուն պահելու համար: Ամէնօրեայ դպրոց չկայ: Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ միօրեայ դպրոցներ կը գործեն 'կիրակնօրեայ կրօնական իմաստով չէ: Միօրեայ այդ դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդուին Արեւմտահայերէնը եւ Արեւելահայերէնը, որպէս լեզուներ: Արեւելահայերէնը Հայաստանէն արտագաղթածներու զաւակներուն համար: Հայ մշակոյթի մասին ընդհանուր գիտելիքներ եւ գաղափարներ կը տրուին: Արեւմտահայերէն եւ Արեւելահայերէն դասաւանդողները ազգային զոհաբեր ոգիով կը կատարեն իրենց ուսուցման պարտականութիւնը, առանց նիւթական որեւէ ակնկալութեան: "Սրբազան խենթեր" անշո°ւշտ, կը յարեմ:
Իմ կարծիքովս կ'ըսէ Հրաչ, մասնաւորաբար խօսակցական լեզուի համար ամենակարեւորը տունն ու ընտանիքն են: Կերպով մը ամէնօրեայ դպրոցը, անփոխարինելի ըլլալով հանդերձ, փոխարինուած պիտի ըլլան տունով եւ ընտանիքով:
Դպրոցին բացակայութիւնը պիտի լեցուի տան մէջ հայերէն խօսակցութեամբ: Հայ մանուկը անգլիական ամէնօրեայ դպրոցին մէջ անգլերէն լեզուն կը զարգացնէ եւ նաեւ անգլիական մտածողութիւնը: Հայերէնի բառապաշարը կը մնայ տկար: Ըստ այս իրականութեան, սփիւռքի մէջ ամէնէն լուրջ խնդիրը լեզուի հարցն է: Նոյնի°սկ, երբ կ'աշխատինք, մեր մանուկներուն հայ լեզուն սորվեցնելով կենդանի պահել անոնց հայախօսութիւնը, խճողուած կ'ըլլայ օտար բառերով: Գործածած մէկ նախադասութեան մէջ երբեմն կը պատահի որ մէկէ աւելի օտար բառեր ըլլան: Ասիկա անխուսափելի է: Այս իրականութենէն եւ այս փորձառութենէն մեկնելով կարելի չէ միայն լեզուով պայմանաւորել հայ ըլլալը:
Իսկ հայ մշակոյթը, հայ պատմութիւնը, հայ անցեալը կ'ըսեմ Հրաչին:
Ինծի համար կը հաստատէ, Հրաչ հայապահպանում կը նշանակէ հայ մշակոյթը ապրիլ մեր առօրեային մէջ: Կարդալով մեր բանաստեղծները անոնց մասին խօսելէ աւելի, անոնց բանաստեղծութիւնները ընթերցել տալով: Մեր երաժշտութեան մասին խօսելէ աւելի, Կոմիտաս եւ Խաչատուրեան, ունկնդրել տալով: Նկարչութեան մասին խօսելէ աւելի մեր մանրանկարիչներու եւ գեղանկարիչներու` ինչպէս Մարտիրոս Սարեանի Մինաս Աւետիսնեանէ գեղանկարները դիտելով: Մէկ խօսքով մշակոյթը մեր կեանքին կապել:
Ինչ կը վերաբերի գաղութի ապագային, Լոնտոնը ըլլալով աշխարհի առաջնակարգ քաղաքներէն մէկը, Լոնտոնէն նոր տեղաշարժեր տեղի չեն ունենա:
Զրոյցէն ետք Հրաչին կը յանձնեմ ՙԿամար՚ գրականութեան եւ գեղարուեստի անկախ պարբերաթերթի 15-րդ համարը եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ձեռնարկած Արեւմտահայ լեզուի պաշտպանութեան ծրագրին նուիրուած ուղեցոյցը, Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ:
Պ. Ս.
22 Օգոստոս 2012