Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասախօս, սփիւռքագէտ դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան, Երեքշաբթի, 11 Յուլիս 2023-ին, այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Դոկտ․ Չիլինկիրեան մաս կը կազմէ «Սփիւռքի Տարի»ին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համախմբած փորձագէտներու խումբին, որոնք առցանց դրութեամբ իրերայաջորդ քննարկումներ ունեցան Սփիւռքի վերակազմակերպման տարբեր ուղիներ որոնող եւ առաջադրող խորհրդակցութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետին հետ վերոյիշեալ հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Սփիւռքի հիմնախնդիրներու մասնագիտական քննարկումները համակարգող Շահան Գանտահարեան։
Նորին Սրբութիւնը նախ այդ քննարկումներու անցած ուղիին մասին շեշտադրումներ կատարեց եւ յատկապէս ընդգծեց, որ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր կատարած հովուապետական այցելութիւններու ընթացքին արծարծուած են այն առանցքները, որոնց մասին սփիւռքագէտները մտածումներ փոխանցած էին։ Առ այդ, ան առաջարկեց, որ թեմերու մէջ կատարուած այս խորհրդակցութիւններու, մեր ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային կառոյցներու պատասխանատուներու հետ կայացած հանդիպումներուն եւ յատկապէս Սփիւռքի կազմակերպ կեանքը վերանորոգելու ուղղութեամբ մասնագիտական կարծիքներու լոյսին տակ անհրաժեշտ է, որ կայանայ նոյն ձեւաչափով հանդիպում մը. այս անգամ տեսական մտածումները գործնական փուլ թեւակոխելու առաջադրանքով եւ ներառնելով սփիւռքեան կազմակերպ կեանքին մասնակից, գործնապէս նորարարութիւն բերելու ատակ համայնքային դէմքեր։
Դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան շեշտեց Սփիւռքի եւ ինքնութեան խնդիրներու նոր սահմանումներով աշխատելու անհրաժեշտութիւնը՝ երկարաժամկէտ կտրուածքով Սփիւռքի կառուցակարգային, գործադաշտային եւ յատկապէս մեր կազմակերպ կեանքէն հեռացած կամ հեռու գտնուող զանգուածի կարելիութեան սահմաններուն մէջ ներգրաւման նպատակներով։ Ան Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց իր ղեկավարած հարցախուզային աշխատանքները ամփոփող եռահատոր մը, ուր ամփոփուած են վիճակագրական տուեալներ եւ անոնց հիման վրայ ձեւակերպուած են եզրակացութիւններ, որոնք օրակարգի կը վերածուին յառաջիկայ մասնագիտական խորհրդակցութեան։