Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան Այցելեց «Ազդակ»
Հայկազեան համալսարանի մէջ կայացած «Հայութեան տեղաշարժերը եւ փոխակերպումները 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին» խորագիրը կրող գիտաժողովին մասնակցելու համար Լիբանան գտնուող դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն: Ան սփիւռքագէտ է եւ կը վարէ Օքսֆորտի հայագիտական ուսմանց ամպիոնի դասախօսի պաշտօնը: Կը ղեկավարէ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւն ծրագիրը (ADS), որ, վիճակագրական եւ հարցախուզային տուեալներու հիման վրայ, կ՛ուսումնասիրէ տարբեր ոլորտներու վերաբերեալ սփիւռքեան կարծիքները: Աշխատանքները իրականացած են 10 տարբեր երկիրներու մէջ գործող 50 համայնքներու ուղղութեամբ:
«Ազդակ»-ի տնօրէնութեան հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին առիթ եղաւ զրուցելու սփիւռքեան երեւոյթներու, պատմագրութեան խնդիրներու, հայ կեանքին` երիտասարդութեան ներգրաւման միջոցներուն եւ յատկապէս սփիւռքահայ մամուլի այսօրուան իրավիճակին մասին:
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան «Ազդակ»-ին յանձնեց հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրման աշխատանքներու վերջին երեք հատորները (2019-2021):