Սփիւռքի Վերակազմակերպման Օրակարգով Առցանց Երրորդ Քննարկում
«Ազդակ» Սեպտեմբեր 26, 2022Նիստին նախագահեց Արամ Ա., մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէօլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Հայաստանէն` Ռուբէն Ճանպազեան, Ֆրանսայէն` Յովել Շնորհոքեան, Անգլիայէն` Հրաչ Գույումճեան, Հրաչ Չիլինկիրեան, Զուիցերիայէն` Թենի Սիմոնեան-Փիրի, Արժանթինէն` Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան:
Նիստի բացումը կատարելով` հայրապետը անդրադարձաւ «Սփիւռքի տարուան» առիթով մինչեւ օրս եղած տարբեր խորհրդակցութիւններուն, հանդիպումներուն եւ աշխատանքներուն մասին: Ապա, ան երեք առանցքային ուղղութիւններ նշեց սփիւռքի հարցերու քննութեան համար ցարդ կայացած քննարկումներուն` ախտաճանաչում, հակազդեցութիւն, գործընթաց:
Հայրապետը հաստատեց, որ տարուան յայտարարութիւնն ու կատարուած քննարկումները լայն արձագանգ գտած են մամուլին եւ տարբեր բնոյթի հրապարակումներու մէջ, այդուհանդերձ, ան կարեւոր նկատեց, որ յաւելեալ քննականութիւն եւ ինքնաքննականութիւն պէտք է հաղորդել մեր ախտաճանաչումներուն, որոնք կարեւորագոյն մեկնակէտ պէտք է նկատել յառաջիկայ աշխատանքներուն համար:
Ինքնութեան կորուստ, սահմանում, փնտռտուք, ինքնաճանաչման նոր մօտեցում: Մեր կառոյցներու ինքնամփոփում, ժամանակավրիպման սպառնալիք, հայկական ինքնութիւն ունեցող օտարացած հայերու թիւի աճ, արեւմտահայերէնի նահանջի երեւոյթ, մարդուժի նուազում ու հեռացում, երիտասարդութեան լուսանքայնացում ու ինքնալուսանքայնացում, արժէքափոխութեան արագ ընթացք, ցանցային դրուածք ու հայկական աշխարհի անհամապատասխանելիութիւն, ներգաղութային եւ միջգաղութային թերի համագործակցութիւն, համասփիւռքեան մտածողութեան բացակայութիւն եւ սփիւռք-Հայաստան կապերու հայեցակարգի չգոյութիւն:
Այս ախտանշումներուն դիմաց սփիւռքը ներկայ գոյավիճակէն դուրս բերելու կարիքը զգալի է ամէնուրեք: Հակազդեցութեան ծիրին մէջ նշմարելի է երիտասարդութեան վերածումը կարեւոր խաւի, որ անյետաձգելի կը նկատէ սփիւռքի վերակազմակերպումը: Այլապէս, աւելի պիտի խորանայ անջրպետը երիտասարդութեան եւ սփիւռքահայ կեանքին միջեւ:
Նպատակը` այս բոլորին զուտ տեսաբանական ուսումնասիրութիւն պատրաստել չէ: Նպատակը` տարբեր մարզերու վերականգնումի աշխատանքներուն համար ծրագիր մշակել է ու գործի անցնիլ:
Նախապէս արծարծուած յիշեալ կէտերը հանդիպման ընթացքին ենթարկուեցան խորքային եւ մասնագիտական քննարկումի: Սփիւռքի գոյութեան, վերականգնման եւ զարգացման կամ ընդհանրապէս նոր աշխատակարգի որդեգրման համար հնչեցին հասկացութենական նոր բանաձեւեր, նոր ձեւակերպումներ եւ նոր մեթոտներով աշխատելու մասին առաջարկներ` նկատի ունենալով սփիւռքի համապատկերին յարափոփոխելիութիւնը: Համասփիւռքեան-համահայկական մտածողութիւն եւ համապատասխան օրակարգեր մշակելու համար շեշտուեցաւ անհրաժեշտութիւնը միացեալ համակարգերով աշխատելու:
Նիստի աւարտին յայտնեց, որ «Սփիւռքի տարի»-ն չի սահմանափակուիր ընթացիկ տարիով. ան պիտի շարունակուի եւ 2023-ը պիտի հռչակուի «Սփիւռքի տարի Բ. Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում առաջադրանքով»: Այս շրջագիծին մէջ մեր հետագայ աշխատանքներուն համար նկատի պիտի առնուին այս քննարկումներու ընդգծած ուղենիշները:
Նիստի մասնակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին հարցերու խորքային քննարկումին համար եւ առաջարկեցին շարունակական բնոյթ տալ այս խորհրդակցութիւններուն:
Վեհափառ հայրապետը ողջունեց այս նիստի ընթացքին ի յայտ եկած խորհրդակցութիւններու որակեալ եւ փորձագիտական էութիւնը եւ ընդգծեց այս խումբով համասփիւռքեան-համահայկական օրակարգերու մշակման համար տարբեր ձեւաչափերով աշխատելու անհրաժեշտութիւնը: