«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան. 100 Հետազօտող Ներգրաւուած Են Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզին
Aztag June 11, 2020
«Ազդակ»-ի առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` 10 յունիսին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Անոր մասնակցեցան Հայաստանէն, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Միացեալ Նահանգներէն լսարանի 41 հետեւորդներ: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Սփիւռքագէտ, ընկերաբան դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան զեկուցեց «Սփիւռքահայ հանրային կարծիքը 21-րդ դարուն» նիւթին մասին: Ան կը ղեկավարէ Սփիւռքի հետազօտական ծրագիրը եւ այդ ծիրին մէջ` հայկական սփիւռքի հարցախոյզի աշխատանքը: Ծրագիրին կ՛աջակցի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքը:
Դոկտ. Չիլինկիրեան յայտնեց, որ չորս երկրի մէջ կայացած հարցախոյզի պատրաստութեան եւ իրականացման աշխատանքին մէջ ներգրաւուած են շուրջ 100 հետազօտողներ եւ վիճակագրագէտներ: Ապա ան ներկայացուց զեկուցումի երեք ուղղութիւնները` ուսումնասիրութիւն, մեթոտաբանութիւն եւ արդիւնքներով ձեռք բերուած վիճակագրական տուեալներ:
Հրաչ Չիլինկիրեան անդրադարձաւ առանցքային թեմաներուն` ինքնութիւն, լեզու եւ մշակոյթ, կրօն եւ հոգեւոր կեանք, համայնքի ներգրաւուածութիւն, քաղաքական տեսակէտներ եւ Հայաստանի հանրապետութեան հետ առնչութիւններ:
Իրականացուած հարցախոյզերն ու այդ ճամբով ձեռք բերուած համեմատական արդիւնքները ներկայացնելով` դոկտ. Չիլինկիրեան յայտարարեց, որ շուտով անոնց մանրամասն վիճակագրական պատկերը պիտի հրատարակուի եւ հանրութեան սեփականութիւնը դառնայ:
Զեկուցումին հետեւած քննարկումին մասնակիցները իրազեկ դարձան, որ իր տեսակին մէջ իբրեւ գիտական մեթոտաբանութիւն ներառած աշխատանք նախաձեռնութիւնը աննախադէպ է եւ կրնայ ուղենիշ ծառայել համայնքներու պատասխանատուներուն` իրենց աշխատանքներու հետագայ ծրագրումներուն համար: