Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան դասախօսեց «Թուրքիոյ հայ համայնքը այսօր» թեմայով

Horizon

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան դասախօսեց «Թուրքիոյ հայ համայնքը այսօր» թեմայով

 

Horizon Weekly Newspaper

Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պոլսահայ Միութեան կեդրոնէն ներս, Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան Ամպիոնի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան դասախօսեց Թուրքիոյ հայ համայնքին մասին, կազմակերպութեամբ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնին, ներկայութեամբ Մոնթրէալի հայ գաղութի մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց տիար Ռաֆֆի Երէցեան, որ ներկայացուց դասախօսին հակիրճ կենսագրութիւնը, ապա զինք բեմ հրաւիրեց:

Դոկտ. Չիլինկիրեան սահիկներու ցուցադրութեամբ, օրինակներով եւ վիճակագրական թիւեր ներկայացնելով՝ յստակ պատկերացում փոխանցեց Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն եւ յատկապէս՝ հայերուն իրավիճակին մասին:

Դասախօսը նախ կարճ տեսերիզով մը Թուրքիոյ առօրեայ կեանքէն պատկեր մը ցուցադրեց, որ կը բացայայտէ թուրք ժողովուրդին հակահայ կեցուածքը:

Ապա սկսելով պետութեան կողմէ բանեցուած անհատական խտրականութենէն՝ ան յայտնեց. «Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան օրէն իսկ (1923) անհատական խտրականութիւն գոյութիւն ունեցած է՝ կառավարութեան տոմարներուն մէջ գաղտնաթիւ օգտագործելով ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն համար. օրինակ՝ յոյները կը կրէին թիւ մէկը, հայերը՝ երկուքը, հրեաները՝ թիւ երեքը, իսկ ասորիները՝ չորսը: Հետեւաբար երբ նշեալ փոքրամասնութիւններուն պատկանող անձեր գործի դիմէին, անձագիրներէն կը գիտցուէր անոնց պատկանելութիւնը: Այսպիսով անոնք իրենց քաղաքացիական հաւասար իրաւունքները չէին վայելեր առօրեայ կեանքին մէջ, բանակին մէջ եւ այլուր: Այս գաղտնիքը բացայայտուած է միայն Հրանդ Տինքի դատավարութեան ժամանակ, 2014-ին»:

Անցնելով համայնքային ճնշումներուն, դոկտ. Չիլինկիրեան հետեւեալ օրինակը տուաւ. «1936 թուականին պետութիւնը պահանջեց փոքրամասնութիւններէն ներկայացնել իրենց կալուածներուն ցանկը: Բոլոր համայնքները ներկայացուցին այդ կալուածները, որոնց թիւը կը հասնէր 1500-ի (600-ը՝ հայերուն), այն յոյսով որ անոնք պիտի գրանցուին, մինչ կառավարութիւնը անմիջապէս պետականացուց զանոնք: Իսկ 1936 թուականէն ետք, համայնքներուն գնած կալուածներուն մասին պետութիւնը յայտարարեց, թէ իրաւասութիւն չունին զանոնք սեփականացնելու, հետեւաբար բոլորը պետականացուց»: Ան յայտնեց, թէ այսօր երբ թերթի մը մէջ կը կարդաք կալուածի մը վերադարձին մասին, անոնք 1936 թուականէն առաջ պետականացուած կալուածներէն են, մինչ 1936-էն ետք գնուած կալուածները կը մնան իւրացուած պետութեան կողմէ:

Դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ Պատրիարքական ընտրութիւններուն. «Պետութիւնը մէկ կողմէ կը յայտարարէ, թէ ինք միջամուխ չէ եկեղեցական ներքին հարցերուն, մինչ անդին արտօնութիւն չի տար, որ եկեղեցին ունենայ իր սահմանադրութիւնը, հետեւաբար իւրաքանչիւր ընտրութեան նախօրեակին ինք կը սահմանէ ընտրութեան կանոնագիրը», յայտնեց ան եւ անդրադարձաւ, թէ պատրիարքն ու պատրիարքութիւնը պետական օրինական ճանաչում չունին, եւ անոնց իրաւասութիւնները չափազանց սահմանափակ են:

Աւարտելով իր դասախօսութիւնը դոկտ. Հրաչ շեշտեց, թէ Թուրքիոյ մեր համայնքը հինէն ի վեր շարունակական ճնշումներու կ՚ենթարկուի, բայց Որքա՛ն ալ կառավարութիւնը փորձէ մաշեցնել համայնքի ուժն ու կենսունակութիւնը, որքան ալ փորձէ ջլատել մեր գործունէութիւնը, համայնքիս կառոյցներն ու անդամները անընդհատ պիտի պայքարին այդ ճնշումներուն դէմ եւ ոչ միայն տէր պիտի կանգնին մեր սեփականութիւններուն՝ հողերուն ու տարածքներուն, եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն, այլեւ պիտի փորձեն ձեռք ձգել նո՛ր իրաւունքներ, ըսաւ ան:

Յովիկ Կէտիկեան

2019-07-10
e-mail: info@hrach.info
Copyright © 2024 Hratch Tchilingirian. All rights reserved.