«Նոր Յառաջ» 27.03.2012
Շուրջ երկու տարի տեւած պատրաստական աշխատանքներէ ետք, Կիրակի՝ Ապրիլ 1ին, կը գումարուի Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ծուխի հիմնադիր անդրանիկ ընդհանուր ժողովը՝ բարձր հովանաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ նախագահութեամբ՝ Անգլիոյ առաջնորդ Վահան Եպիսկ. Յովհաննէսեանի:
Ապրիլ 1ին, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք պատարագէն ետք՝ ծուխի անդամները Կիւլպէնկեան սրահին մէջ պիտի գումարեն իրենց անդրանիկ ժողովը, որուն պիտի յաջորդէ ճաշ մը:
Թեմական խորհուրդի նախագահ՝ Հրաչ Չիլինկիրեան յայտարարած է, որ պատմական երեւոյթ է ժողովը։ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ 90ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ ժողովուրդը պիտի քուէարկութեամբ մասնակցի եկեղեցւոյ մատակարարման եւ կարեւոր որոշումներ կայացնելու գործընթացին: