[Հրաչ Չիլինկիրեանի հակիրճ կենսարութիւնը]
Պէյրութ ծնած Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան համալսարանական ուսումը Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս եւ Լոնտոն ստացած է, իսկ Հասարակաբանական Գիտութիւններու (sociology) դոկտորական կոչումը Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան ու Քաղաքագիտութեան համալսարանէն (London School of Economics & Political Science):
Տասը տարի պաշտօնավարած է Գեմպրիճ Համալսարանի մէջ եւ 2012-էն ի վեր Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժնին մէջ Արեւելքի Քրիստոնէութեան եւ Հայագիտական ուսմունքներու դասախօս մասնագէտ է: Ունի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւն ներ եւ յօդուածներ` Հայ եկեղեցւոյ, Միջին Արեւելքի հայ համայնքներուն, հարաւային Կովկասի ու Ղարաբաղի հիմնախնդիրներուն եւ վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի տագնապներուն մասին (www.hratch.info):
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի քննարկումները, վերլուծումները եւ առաջարկները հիմնուած են իր քաղաքական, ընկերաբանական, տնտեսական եւ աստուածաբանական ուսմունքներուն վրայ եւ կը բխին իր մտաւորական լայն տեսադաշտէն:
Ունի մենագրութիւններ եւ աւելի քան հարիւր յօդուածներ: Դասախօսութիւններ տուած է զանազան համալսարաններու եւ գաղութներու մէջ: Ինքնութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ Արեւմտահայ մշակոյթի խնդիրները կարեւոր տեղ կը գրաւեն:
Իր ակադեմական ասպարէզին առընթեր, Դոկտ. Չիլինկիրեան աւելի քան երեք տասնեակ տարիներ` մասնակցած է ու կը շարունակէ խորապէս մասնակցիլ ազգային, մշակութային, եկեղեցական, ուսումնական ու կազմակերպչական կեանքին: Ծաւալուն գործօն ներդրում ունի թէ՛ Անգլիոյ և սփիւռքի հայկական համայնքայնքներու կեանքին մէջ եւ թէ՛ տեղական ու միջազգային բարեսիրական ծրագիրներու մէջ: