Christian communities in the Middle East (Glendale)

Asbarez

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան Պիտի Խօսի Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Ներկայ Վիճակին Մասին

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Մայիս 8ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ, դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան պիտի խօսի իսլամ ծայրայեղութեան դէմ յանդիման գտնուող Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դիմագրաւած նորագոյն մարտահրաւէրներուն մասին։

«Օքսֆորտ» համալսարանի Արեւելեան ուսմանց բաժանմունքի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան ընկերաբանութեան մէջ մասնագիտացած է Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան համալսարանին մէջ եւ եղած է «Քէյմպրիճ» համալսարանի Եւրասիոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնի վարիչ (2002-2012): Ան դասախօսած է աշխարհի տարածքին եւ հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու ու յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են մասնագիտական թերթերու մէջ:

«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA, 91205, իսկ մուտքը ազատ է:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it. հասցէին կամ (818) 243-4112 թիւին:

HratchTchilingirian AbrilBookstore

2018-06-28
e-mail: info@hrach.info
Copyright © 2024 Hratch Tchilingirian. All rights reserved.