«Ոչ թէ պահպանել, այլ ապրիլ մեր մշակոյթը»

AraradDaily HTchilingirian

«ԱՐԱՐԱՏ» : ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 7 ՅՈՒՆԻՍ 2016

«Ոչ թէ պահպանել, այլ ապրիլ մեր մշակոյթը» Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան

Լիբանան տուած իր աշխատանքային այցելութենէն օգտուելով, «Արարատ»ը հարցազրոյց մը ունեցաւ Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս` Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանին հետ: Պէյրութ ծնած Դոկտ. Չիլինկիրեանի քննարկումները, վերլուծումները եւ առաջարկները հիմնուած են իր քաղաքական, ընկերաբանական, տնտեսական եւ աստուածաբանական ուսմունքներուն վրայ եւ կը բխին իր մտաւորական լայն տեսադաշտէն:

Համալսարանական ուսումը Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս եւ Լոնտոն ստա ցած է, իսկ Հասարակաբանական Գիտութիւններու (sociology) դոկտորական կոչումը Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան ու Քաղաքագիտութեան համալսարանէն (London School of Economics & Political Science): Տասը տարի պաշտօնավարած է Գեմպրիճ Համալսարանի մէջ եւ 2012-էն ի վեր Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժնին մէջ Արեւելքի Քրիստոնէութեան եւ Հայագիտական ուսմունքներու դասախօս մասնագէտ է: Ունի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւն ներ եւ յօդուածներ` Հայ եկեղեցւոյ, Միջին Արեւելքի հայ համայնքնե րուն, հարաւային Կովկասի ու Ղարաբաղի հիմնախնդիրներուն եւ վեր ջին տարիներուն Միջին Արեւելքի տագնապներուն մասին (www.hratch.info): Եղած է Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ եւ այժմէա կան հարցեր արծարծող «Հայ Եկեղեցւոյ Լուսամուտ» (Window view of the Armenian Church) ամսագրին համահիմնադիրը եւ գլխաւոր խմբա գիրը:

Ունի մենագրութիւններ եւ աւելի քան հարիւր յօդուածներ: Դասախօսութիւններ տուած է զանազան համալսարաններու եւ գաղութներու մէջ: Ինքնութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ Արեւմտահայ մշակոյթի խնդիրները կարեւոր տեղ կը գրաւեն:

Իր ակադեմական ասպարէզին առընթեր, Դոկտ. Չիլինկիրեան աւելի քան երեք տասնեակ տարիներ` մասնակցած է ու կը շարունակէ խորապէս մասնակցիլ ազգային, մշակութային, եկեղեցական, ուսումնական ու կազմակերպչական կեանքին: Ծաւալուն գործօն ներդրում ունի թէ՛ Անգլիոյ հայկական համայնքային կեանքին մէջ եւ թէ՛ անգլիական ու միջազգային բարեսիրական ծրագիրներու մէջ:

 

Հարց. - Ի՞նչպէս կը տեսնէք Միջին Արեւելքի հայութեան ապագան:


Պատ.- Միջին Արեւելքի ապագան մտահոգիչ է ընդհանրապէս, իսկ քրիստոնեայ համայնքներու ապագան լուրջ խնդիրներ ունի: Մասնաւորապէս Հայութեան եւ ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններուն դիմաց կան երկու հիմնական խնդիր ներ` ապահովութեան եւ արտագաղթի խնդիրները: Ինչպէս կը տեսնենք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ամէնօրեայ կեանքը վտանգի տակ է, հսկայական մտահոգութիւններ կան եւ անապահովութենէն մղուած մարդիկ կ՚արտագաղթեն: Անցնող գոնէ 5 տարուան ընթացքին հազարաւոր մարդիկ գաղթեցին նաեւ տնտեսական պայմաններու բերմամբ: Ապահովութեան հարցը միայն ֆիզիքական իմաստով չէ, այլ երկարժամեայ լուրջ տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային ապահովութեան խնդիրներ կան:

Լուծումներու մեծ մասը կախեալ է տարծաշրջանի եւ այս երկիրներուն մէջ դրսեւորուող քաղաքականութենէն, որ մեր ազգային ծիրէն դուրս է, եւ հետեւաբար մենք կախեալ ենք նաեւ այդ իրականութենէն: Առաջին հերթին ներկայ իրավիճակին մտահոգութիւններն են, բայց եթէ ապագային նայինք, յառաջիկայ քսան կամ երեսուն տարիները դժբախտաբար դարձեալ մտահոգիչ պատկեր մը կը ներկայացնեն: Նոյնիսկ եթէ վաղը խնդիրները լուծուին, տասնեակ տարիներ պիտի տեւեն օրինակ` Հալէպի մէջ վերականգնել ինչ որ քանդուած է եւ հաւանա բար կարելի պիտի չըլլայ լման իմաստով վերականգնել ինչ որ կորսնցուցինք, ոչ թէ միայն կառոյցներու իմաստով այլ մանաւանդ մարդուժի իմաստով: Փլած շէնքերը կարելի է կանգնել, բայց ինչ որ մարդոց մէջէն խլուած է այդ մէկը թերեւս վերադառ նալի չէ: Այսօր մարդասիրական օգնութենէն եւ ապահովական միջոցներու հայթայթումէն անդին պէտք է ղեկավարութիւնը սկսի մտածել եւ ծրագրել, թէ որքանով պիտի կրնայ վերա կանգնել սուրիահայութեան հաւաքական կեանքը, ուրկէ եւ ինչպէս պէտք է սկսիլ, եւայլն: Այսինքն պէտք է հիմակուընէ սկսինք ծրագրել «զերօ օրուան» համար` այն օրը երբ պատերազմը եւ հիմնախնդիրը քաղաքական լուծում պիտի ստանայ: Անշուշտ ասիկա լուրջ ղեկավարութեան հարց է, նոյնիսկ եթէ նիւթական միջոցները ձեռք ձգենք պէտք է մտածենք թէ ինչն է որ պիտի վերականգնենք եւ ինչպէս պէտք է ծրագրենք գալիք հինգ-տաս տարիներու համար, ինչ կրնանք ընել այնտեղ եւ ինչ նոր պայմաններու տակ մենք զմեզ պիտի գտնենք: Այս ղեկավար մտածողութեան գործընթացքին մէջ կարեւորագոյն մասը պէտք է ըլլայ համայնքի անդամներուն մասնակցութիւնը իրենց կեանքին վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր ծրագիրներուն մշակ ման եւ քաղաքականութիւն ճշդելու գործօնին մէջ:

Միջին Արեւելքի մէջ ուրիշ լուրջ խնդիր մը կայ, միջին դասակարգին նօսրացումը` այն խաւին որ առհասարակ հաստատութիւններ կը պահէ իր նիւթական ներդրումով, դպրոցներու օգնելով, եկեղեցիներ պահելով եւն, եւ դժբախտաբար այդ խաւն է որ ընդհանրապէս կը գաղթէ եւ գաղթած է: Ներկայիս ունինք շատ փոքր թիւով լայն նիւթական միջոցներ ունեցող խաւ մը եւ անոնց դիմաց ունինք խոնարհ խաւ մը որ հազիւ իր ապրուստը կ՚ապահովէ: Միջին խաւի անհետացումին մէջ է որ կը տեսնեմ Միջին Արեւելքի մեր համայնքներու ապագային բացասական հեռանկարը: Այսօր մեզի հարկաւոր է Միջին Արեւելքի մէջ եւ յատկապէս մեր ազգային կառոյցներուն մէջ, ստեղծել համախոհ մարմին մը հետեւելու համար մեր ազգային այլազան հարցերուն եւ պատկերացնելու այդ չակերտեալ վերականգնումը մեր ազգային հաստատութիւններուն մէջ: Հաւանաբար եւ անկասկած պէտք պիտի ըլլայ որ նաեւ կրճատումներ կատարենք մեր կարգ մը հաստատութիւններուն մէջ, կարողականութեան անբաւարարութեան պատճառաւ զանազանելով զգացականը գործնականէն:

 

Հարց.- Ձեր կարծիքով ի՞նչ են հայութեան առաջնային հարցերը այսօր:


Պատ.- Ազգային հարցերուն նկատմամբ, Հայաստանի անկա խա ցումէն ետք մենք ազգային տեսիլք մը չունեցանք: Այսօր մենք իբրեւ հայութիւն, կամ իբրեւ ազգ, ի՞նչ բանի կը ձգտինք: Ունինք տարբեր խաւի մարդիկ, տարբեր կազմակերպու թիւններ, կուսակցութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր գաղափարները, բայց յաճախ անոնք ներքին յստակ դիրքորոշումներ չունին: Ի՞նչ կ’ուզենք իբրեւ ազգ եւ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր նպատակակէտը: Սա պէտք է ըլլայ մեր ազգային կարգախօսի առանցքը: Այս հարցը որոշադրիչ հարց է, որուն շուրջ պէտք է համախմբել հայութեան տարբեր մակարդակի մարդիկ եւ ոչ թէ միայն մեր կառոյցներուն մէջ գործող մարդիկ, որոնք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար այս կամ այն հաստատութեան նեղ շահեր կը հետապնդեն: Այսօր սակայն այդ մէկը չունինք ոչ Հայաստանի ոչ ալ Սփիւռքի մէջ: Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքին, Հայաստանի անկախացումով մենք ունեցանք վերականգնուած պետականութիւն, անկախ Հայաստան բայց կարծէք Սփիւռքը տակաւին պատրաստ չէր այդ իրականութեան: Մեր կուսակցու թիւնները իրենց քարոզչութեան մէջ միշտ խօսած են ազատ անկախ Հայաստանի մասին, պետականութեան մասին, բայց հիմա որ իրականութիւն դարձած է, մենք ազգովին արդեօք պատրաստ էինք անոր կերտման ու զօրացման բոլոր անհրաժեշտ պայմանները հայթայթել: Հարց պէտք է տանք նաեւ թէ այդ անկախութիւնը ինչ անդրադարձ ունեցաւ մեր Սփիւռքեան կեանքին վրայ, այս հարցը մինչեւ օրս չենք կրցած քննարկել ու լուծել: Այսօր ի տարբերութիւն անցեալին, պէտք է նայինք որ ինչ փոխուեցաւ սփիւռքեան կեանքին մէջ եւ ինչ պէտք է ըլլայ մեր քաղաքականութիւնը տուեալ երկրին կամ տարածաշրջանին մէջ, ուր կ՚ապրինք: Այստեղ կուզեմ մատնանշել ուրիշ կէտ մը, Հայաստանի անկախացումէն ետք Սփիւռքը իր բոլոր նիւթական կարելիութիւնները դրաւ ի նպաստ Հայաստանին, որովհետեւ ինչպէս գիտենք Հայաստանը իբրեւ երկիր շատ աւելի լայն կարիքներ ունի, եւ Սփիւռքը այսօր իր նիւթական բոլոր միջոցները ի գործ դրած է Հայաստանի եւ Արցախի օժանդակութեան, բայց այս բոլորը եղան ի գին Սփիւռքի կա ռոյցներու տկարացման (դպրոց, մշակոյթ, եւն.): Հայաստանի անկախացումը տնտեսապէս ազդեց Սփիւռքին վրայ: Յստակ է որ Սփիւռքը նման իրականութեան մը համար ոչ պատրաս տուած էր, ոչ ալ կրցաւ իր համայնքային ու կազմակերպչական կեանքը վերատեսութեան ենթարկել նոր իրականութիւններու լոյսին տակ:

Երկրորդ հարցը փոփոխուող յարաբերութիւններն են, օրինակ Սփիւռքի կազմակերպութիւններ շատ զգոյշ եւ վերապահ են Հայաստանի մէջ կատարուող խնդիրներու նկատմամբ, որովհետեւ նոյն խնդիրները նաեւ առկայ են Սփիւռքի մէջ: Եթէ Հայաստանի մէջ փտածութիւն կայ, նոյնը Սփիւռքի մէջ կայ: Մենք այսօր պէտք է ժողովրդավարութիւնը եւ թափանցիկութիւնը ներառենք մեր կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն մէջ, որպէսզի կարենանք ներգրաւել մեր մասնագիտացած եւ արհեստավարժ նոր սերունդը, այլապէս դժուարութիւն պիտի ունենանք հեղինակաւոր երիտասարդներ ունենալ մեր կուսակցական շարքերուն եւ հայկական կազմակերպութիւններուն մէջ:

 

Հարց.- Մեր ընդհանուր համակարգին մէջ ինչպիսի բարեփոխումներու եւ բարեկարգումներու կարիքը ունինք:

Պատ.- Ընդհանուր առմամբ բարեփոխումները եւ բարեկարգումները անհրաժեշտ են, բայց որպէսզի կարենանք մենք զմեզ բարեկարգել նախ պէտք է գիտնանք եւ ճշդենք թէ ո՞ւր ենք, ի՞նչ պահանջքներ ունինք եւ ո՞ւր կ’ուզենք երթալ: Առաջին հերթին իւրաքանչիւր կառոյց կամ կազմակերպութիւն, որ կը ձգտի բարեփոխումներ կամ բարեկարգումներ իրագործել նախ պէտք է ինքնաճանաչման, ինքնագնահատման գործընթացք մը ստեղծէ, ճշդելու եւ աւելի յստակացնելու համար թէ ինչն է որ պէտք է փոխուի ու բարելաւուի: Ամենակարեւոր առաջին քայլը կը սկսի երբ ղեկավարութիւնը կ’անդրադառնայ եւ կ’ընդունի որ իրենց ղեկավարած կազմակերպութիւնը բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը ունի:

Սփիւռքի գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւնները այս հարցին հետ անմիջականօրէն կապուած են: Հիմնական հարցը, որ իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն կամ կուսակցութիւն պէտք է հարցնէ եւ ճշդէ սա է.- 21-րդ դարուն իր առաքելութիւնը ի՞նչ է, կառոյցներու առաքելութիւն պէտք է վերայստակացնել. 100 տարի առաջ ստեղծուած կանոնները չենք կրնար նոյն ձեւով, նոյն մտածողութեամբ շարունակել: Ուրեմն պէտք է հանրութեան համար ճշդել եւ յստակացնել առաքելութիւնը, որմէ ետք կը ճշդուի գործընթացը, որ պիտի կենսագործէ այդ առաքելութիւնը:

 

Հարց.- Ի՞նչ միջոցներով հասնիլ նպատակին:

Առաջին հերթին պէտք է գծես ուղղութիւնդ եւ առաքելութիւնդ ու որոշես ճիշդ հասցէին հասնելու քու մեկնարկդ, այսինքն ճշդես այն ճանապարհը, որ քու նպատակիդ իրագործման պիտի առաջնորդէ, կարենաս հասնիլ այնտեղ ուր քու ունեցած հեռանկարդ իրականութեան կը հասնի: Անշուշտ Սփիւռքի մէջ ունինք եւ ունեցած ենք մեր առաքելութիւնը, սակայն կը մնայ մեզի յստակացնել մեր ուղղութիւնը: Նման գործընթացի մը յաջողութեան համար կարեւոր է մարդուժը: Այստեղ պէտք է ներգրաւենք արհեստավարժ նոր սերունդը, որոնք մասնա գիտական զանազան մարզերու մէջ ունին լայն հնարաւորու թիւններ եւ փորձառութիւններ: Իրենց գիտելիքնե րը եւ փորձառութիւնը օգտագործելով եւ ստեղծելով նիւթական պայմաններ վստահաբար նման գործընթացք մը կարելի կը դարձնէ:

 

Հարց. -Մեր լեզուն, արեւմտահայերէնը պահպանելու համար մեզի այսօր հարկաւոր է գտնել լուծումներ, ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:

Պատ.- Իրօք` արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հարցը այսօր լուրջ խնդիր է յատկապէս Սփիւռքի հայախօս գաղութներուն համար, ինչպէս Լիբանան, Սուրիա, եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելք: Նման հարցեր կան անշուշտ Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, բայց Միջին Արեւելքը իւրայատուկ տեղ ունի եւ իբր այդ մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները առանց քային տեղ ունին: Օրինակ` սուրիահայութեան կրած վնասներն ու անոնց հետեւանքները լուրջ նշանակութիւն ունին արեւմտահայերէնի ապագային վրայ: Արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հարցերուն շուրջ վերջերս Օքսֆորտի մէջ գիտաժողով մը կազմակերպած էինք, ուր քննարկուեցան 21¬րդ դարու պարտադրուած ու կամայ թէ ակամայ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրականութիւնները, որոնք ազդեցութիւն ունին արեւմտահայերէնի ապագային վրայ:

21-րդ դարուն մեր ուշադրութեան կեդրոնը պէտք է դարձընենք աւելի լայն իմաստով արեւմտահայ մշակոյթի կենսունակութեան հարցը եւ ոչ թէ միայն ուսուցիչներու պատրաստութիւնը, դասագիրքերու հարցը եւ կամ դպրոցներու իրավիճակը: Ասոնք անշուշտ անհրաժեշտ են, բայց պէտք է մշակոյթի լայն շրջագիծին մէջ դիտուին:

Մշակոյթ հասկացողութիւնը բաւական բարդ է: Մշակոյթը ոգիի, մտածողութեան, արուեստներու, ապրելակերպի եւ շատ մը ուրիշ հասարակական, պատմական եւ այժմէական գործօններու դրսեւորումն է, որուն մէջ լեզուն ունի կարեւոր տեղ: Այսօր հիմնական մարտահրաւէրը պէտք է ըլլայ ինչպէս արեւմտահայ մշակոյթը ապրիլ եւ զարգացնել: Առաջին հերթին մեր մտաւորական ու ղեկավար տարրին կարգախօսը ոչ թէ «պահպանման» մասին պէտք է ըլլայ, այլ մեր մշակոյթը ԱՊՐԵԼՈՒ մասին: Լեզուն կամ մշակոյթը պէտք է ապրուին մեր հաւաքական եւ անհատական կեանքին մէջ: Կը խօսինք «հայապահպանման» մասին, բայց հասարակաց հասկացողութիւն մը չունինք թէ ինչն է որ պիտի պահպանենք: Արուեստի եւ մշակոյթի գիտութիւններու տեսանկիւնէն դիտուած «պահպանում» կը նշանակէ թանգարանային գոյութիւն: Մշակութային արժէքներ իրենց «պահուած» ցուցարարներէն դուրս պէտք է հանուին եւ դառնան առօրեայ կեանքի մէջ «շնչող» արժէքներ: Այսինքն պէտք է մեր մշակոյթը ապրինք եւ զարգացնենք եւ ոչ թէ մեր մշակոյթին մասին խօսինք ու «պահպանենք»: Ուրեմն պէտք է յստակացնենք, թէ մեր մշակոյթը ապրելու համար եկող տասը տարիներու ընթացքին ի՞նչ պէտք է ընենք: Ամենակարեւոր խնդիրներէն մէկը մշակոյթ արտադրող եւ ստեղծող մարդոց դերն է, լեզուի պարագային` արեւմտահայերէնով մտածող եւ ստեղծագործող մտաւորականներու պատրաստութիւնը գալիք տասնամեակներուն համար:


Ձեր վերջին խօսքը «Արարատ»-ի ընթերցողներուն:


Պատ.- «Արարատ» օրաթերթը, ինչպէս որեւէ Սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող օրաթերթ գործնական միջոցն է լեզուն կենսունակ պահելու եւ այն կամուրջն է, որ կը միացնէ մեր մտաւորական աշխարհը եւ ընթերցողը, որոնք կը կամրջուին թերթին միջոցաւ: «Արարատ»-ը շուրջ 80 տարիներէ ի վեր այս առաքելութեան մէջ է: Իմ փափաքս եւ առաջարկս է որ «Արարատ»-ի ընթերցողները շարունակեն կարդալ օրաթերթը, եւ իրենց կարգին քաջալերեն իրենց ընտանիքները եւ մանաւանդ նոր սերունդը, որպէսզի օրաթերթը դառնայ իրենց առօրեային մէկ մասնիկը իբր ապրող արտայայտութիւն մեր լեզուին եւ մեր մշակոյթին:

 

Հարցազրոյցը վարեց` Ա.Ե.

 

2016-07-02
e-mail: info@hrach.info
Copyright © 2024 Hratch Tchilingirian. All rights reserved.